Որոնել

Պաշտպանենք մանուկները Պաշտպանենք մանուկները 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը մանուկներու պաշտպանութեան ի խնդիր։

«Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են։ Մանուկներու պաշտպանութիւնը մեր բոլորիս պատասխանատութիւնն է»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 10 յունիսին, Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով յառաջիկայ 12 յունիսին, մանուկներուն աշխատանքի շահագործումի դէմ միջազգային օրուան, կոչ յղեց պաշտպանելու մանուկներու ապագան, ընդգծելով, որ մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Յառաջիկայ ուրբաթ, 12 յունիսին, անչափահասներուն աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրն է, երեւոյթ մը որ  մանուկները կը զրկէ իրենց մանկութենէն եւ կը խաթարէ համապարփակ զարգացումը» ։

Քահանայապետը ապա աւելցուց՝ թէ«Առողջապահական ճգնաժամային այժմեան իրավիճակին մէջ տարբեր երկիրներու մէջ բազմաթիւ մանուկներ ու պատանիներ, ստիպուած են իրենց  տարիքին անպատշաճ աշխատանքներ կատարել,  օգնելու համար իրենց ընտանիքները, որոնք կը գտնուին յետին աղքատութեան մէջ։  Բազմաթիւ պարագաներու մէջ,  անոնք ստրկութեան եւ բանտարկութեան  ձեւեր են, որոնք կը պատճառեն ֆիզիքական ու հոգեբանական տառապանքեր։ Բոլորս պատասխանատու ենք անոր համար» հաստատեց Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով ի պաշպանութին մանուկներուն։ 

“Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են, բոլորիս կ՝իյնայ սատարել անոնց աճումին, երջանկութեան եւ առողջապահութեան։”

«Կոչ կ՝ուղղեմ հաստատութիւններուն, որպէսզի ի գործ դնեն ամէն ջանք՝ պաշտպանելու համար անչափահասները, լիացնելով տնտեսական եւ ընկերային բացերը, որոնք հիմքն են աղաւաղուած շարժաբանութեան մը,  որուն մէջ անոնք  դժբախտաբար ներգրաւուած են» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ, ապա եզրափակեց կոչը ընդգծելով. «Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են, բոլորիս կ՝իյնայ սատարել անոնց աճումին, երջանկութեան եւ առողջապահութեան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2020, 10:19