Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սքոլասը» կը բանայ իմաստի համալսարանի դռները։ Մարդկութեան ապագան կախեալ է անշահախնդրութենէն, գեղեցկութենէն ու իմաստէն»:

«Այս նոր ճգնաժամին մէջ որ մարդկութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ, ուր մշակոյթը ցոյց տուաւ որ կորսնցուցած է կենսունակութիւնը, կʼուզեմ տօնախմբել այն իրականութիւնը որ Սքոլասը, իբր դաստիարակող հասարակութիւն մը եւ իբր աճող ներիմացում է, որ կը բանայ Իմաստի Համալսարանի դռները»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 6 յունիսին, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց կենսոլորտի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած «Սքոլաս Օքուրենթես» քահանայապետական հիմնարկի առցանց հանդիպումի մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ իրեն  համար մեծ ուրախութիւն է «Սքոլաս Օքուրենթես»ը կոչել   հասարակութիւն՝ բարեկամներու, եղբայրներու,քոյրերու հասարակութիւն։

Ան ապա անդրադարձաւ «Սքոլաս Օքուրենթես»ի հիմնադրութեան, որ ծնունդ առած է ճգնաժամի մը մէջ,յիշելով երկու ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ,որոնք ճգնաժամի պահերը խելագարութեամբ եւ ներիմացութեամբ ապրեցան ըսաւ Նորին ու աւեցուց «մինչ տագնապը  իր յետին բռնութեան վայրեր կը թողուր, ուսուցիչներու դաստիարակութիւնը ,երիտասարդները միացուց ծնանելով անոնց մէջ իմաստ եւ գեղեցկութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ՝խօսքը կեդրոնացուց ճգնաժամի իմաստին վրայ նշելով որ« ճգնաժամը ի սկզբանէ կը նշանակէ կոտրուածք,հատում, վտանգ սակայն նաեւ հնարաւորութիւն։
Ան օրինակ բերաւ բոյսի արմատները, որոնք կարիքը ունին լայն ծաղկամանի մը։ Բոյսի արմատները աճելու ժամանակ  ծաղկամանը կրնայ կործանուիլ։ Նմանապէս կեանքը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը «աւելի մեծ է քան սեփական կեանքէն, հետեւաբար կեանքը կրնայ հատուիլ։Սա է կեանքը, որ կ՝աճի եւ կը հատուի։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով
«առանց ճգնաժամի, մարդկութեան կեանքը խեղճ եւ հիւանդ կը դառնայ։ Սակայն ճգնաժամը առանց բարի ուղեկցութեան, վտանգաւոր կը դառնայ՝ կեանքի ուղղութիւնը կորսնցնելու պատճառաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Ճգնաժամին պահուն, վախով կը համակուինք, իբրեւ անհատներ կը ներփակուինք, կորսնցնելով կեանքի իմաստն ու գեղեցկութիւնը։ Այս կը պատահի՝ ճգնաժամը առանցին դիմագրաւելու ժամանակ։

Սքոլաս հիմնարկը, ծնունդ առաւ ճգնաժամի մէջ, սակայն ան բռունցքներդ երբեք չբարձրացուց պայքարելու համար մշակոյթի մը դէմ եւ ոչ իսկ բազուկները վար առաւ անձնատուր ըլլալու համար։ Ան ճգնաժամէն դուրս եկաւ լալով, երիտասարդներու սիրտի ձայնին անսալով եւ նոր իրականութիւն մշակելով։ Ըսաւ Սրբազան Քահայանայապետը հաստաելով «սա կը նշանակէ դաստիարակել։ Դաստիարակել կը նշանակէ անսալ, եւ ոչ թէ կրթել, որովհետեւ առանց անսալու չէ կարելի կրթել։ Դաստիարակել կը նշանակէ մշակոյթ ստեղծել, դաստիարակութիւնը մեզի կը սորվեցնէ տօնախմբել։ Այսպէս աճեցաւ Սքոլասը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, թէ ինք Սքոլասի մէջ ականատես եղաւ ճափոնցի, Քոլոմպիացի աշակերտներուն,որոնք կը պարէին իրենց ուսուցիչներուն հետ։ Ականատես եղաւ միասին խաղացող Պաղեստինցի, Իսրայէլացի երիտասարդներուն, Հայիթի երիտասարդներու, որոնք կը խոկային Տուպայի երիտասարդներու հետ, Մոզամպիքի մանուկներու, որոնք կը գծէին Փորթուկալից մանուկներուն հետ։ Վերջապէս ականատես եղաւ է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ  հանդիպումի մշակոյթ ստեղծող ձիթենի ծարի մը։

«Այս նոր ճգնաժամին մէջ որ մարդկութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ, ուր մշակոյթը ցոյց տուաւ որ կորսնցուցած է կենսունակութիւնը, կʼուզեմ տօնախմբել այն իրականութիւնը որ Սքոլասը, իբր դաստիարակող հասարակութիւն մը, իբր աճող ներիմացում է որ, կը բանայ Իմաստի Համալսարանի դռները։ Որովհետեւ դաստիարակել կը նշանակէ հետազօտել իրերու իմաստը. կը նշանակէ սորվեցնել եւ հետազօտել իրերու իմաստը. կը նշանակէ միացնել մանուկներու եւ երիտասարդներու երազանքը՝ չափահասներու եւ ծերերու փորձառութեան հետ։ Այս հանդիպումը պէտք է միշտ կատարուի, այլապէս մարդկայնութիւն չկայ, որովհետեւ չկան արմատներ, չկայ պատմութիւն, չկայ խոստում, չկայ աճում եւ չկայ մարգարէութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով Սքոլասի ընտանիքը յառաջ ընթանալու ցանելով եւ հնձելով,  ժպիտով, վտանգի մէջ, սակայն միշտ միասին մէկը միւսին ձեռքը բռնած, որպէսզի յաղթահարուին բոլոր ճգնաժամերը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 16:46