Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին շտապ օգնութեան կառքի նուէրը հռոմի աղքատներուն համար։ Ֆրանչիսկոս Պապին շտապ օգնութեան կառքի նուէրը հռոմի աղքատներուն համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շտապ օգնութեան կառք մը նուիրեց Հռոմի աղքատներուն համար։

Շտապ օգնութեան կառքը կը կրէ Վատիկանեան թիւ եւ բացառապէս պիտի օգտագործուի հռոմի անտէր , աղքատ մարդոց համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, մայիս 31ին, Պենտեկոստէի Սուրբ Պատարագէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շտապ օգնութեան կառքի մը օրհնութիւնը կատարեց, Հռոմի աղքատներուն համար։ Այս մասին հաղորդեց Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն  մը , որուն մէջ  կը նշուի, թէ շտապ օգնութեան կառքը ֆրանչիսկոս Պապիպ նուէրն է ՝ աղքատներուն, յատուկէն անտուն եւ ճանապարհներուն վրայ ապրող ու Վատիկան քաղաքի շրջակայքը ապաստանարան փնտռող աղքատ մարդոց համար։

Ունկնդրէ լուրը

Շտապ օգնութեան կառքը կրէ SCV Վատիկանեան թիւ եւ մաս կը կազմէ Վատիկան քաղաքէն ներս օգտագործուած շտապ օգնութեան կառքերուն, որ բացառապէս պիտի օգտագործուի աղքատներու օգնութեան հասնելու, անոնց դեղորայք ու կերակուր փոխադրելով։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին  շտապ օգնութեան կառքի նուէրը պիտի տրամադրուի նաեւ «Ողորմածութեան Մայր», Սուրբ Պետրոսի տաճարի մօտակայքը գտնուող Վատիկանեան բուժարանին, որ առողջապահական ծառայութիւն կը մատուցանէ աղքատներուն, անտէրներուն ու առողջապահական ծառայութիւններէն զրկուածներուն։

Նշենք թէ «Ողորմութեան Մայր» բուժարանը ,համաճարակի ճգնաժամի եւ ինքնամեկուսացման օրերուն, շարունակեց իր առողջապահական ծառայութիւնները ի սպաս աղքատներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2020, 09:39