Որոնել

Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օր Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օր 

«Մեր Մայր Երկրին վէրքերը՝ վէրքեր են, որոնք կ՛արիւնին մեր մէջ» Քահանայապետին նամակը Քոլոմպիայի նախագահին։

Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը և մոլորակի կենսաբազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը հարցեր են, որոնք կ՛ազդեն մեր բոլորիս վրայ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունիս 5-ին կը յիշատակուի «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը, հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1972 թուականի դեկտեմբեր 16-ին։ 5 Յունիսի թուականը ընտրուած է ի յիշատակ Սթոքհոլմի յանձնաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին,  որուն մտահոգութիւնն է մարդու շրջակայ միջավայրի հայող խնդիրները։ Գլխաւոր Յանձնաժողովը իր որոշման մէջ կոչ ուղղած է բոլոր պետութիւններուն ու ՄԱԿ-ի  կազմակերպութիւններուն, իւրաքանչիւր տարի այդ օրուայ ընթացքին ձեռնարկելու ծրագիրներ որոնք կը միտին հաստատել յանձնառումը՝ ի նպաստ շրջակայ միջավայրի պահպանման և անոր բարելաւման։

Համաշխարհային այս օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Քոլոմպիայի նախագահին, ուր այս տարի նախատեսուած էր Համաշխարհային այդ օրուայ նշումի յատուկ ձեռնարկ մը, որ սակայն Քովիտ19 համաճարակի բերումով տեղի պիտի ունենայ առցանց, ինչպէս կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ, դիտել տալով որ «Այս դժուարին իրավիճակը մեզի կը յիշեցնէ՝ թէ «ոչ բարենպաստ երեւոյթներուն դիմաց, կը բացուին միշտ նոր ճանապարհներ, որպէսզի միաւորուինք ՝ որպէս մարդկային մեծ ընտանիք»:

«Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը և մոլորակի կենսաբազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը հարցեր են, որոնք կ՛ազդեն մեր բոլորիս վրայ» կը գրէ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ կարելի չէ «այնպէս ձևացնել, թէ առողջ ենք հիւանդ աշխարհի մը մէջ»: 

«Մեր Մայր Երկրին վէրքերը՝ վէրքեր են, որոնք նոյնպէս արիւն են կը թափեն  մեր մէջ» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը  ակնարկելով թէ  «բնապահպանական համակարգի  նկատմամբ հոգատարութիւնը կը պահանջէ հայեացք՝ դէպի ապագայ.... որ կը վերաբերի համայն կեանքին ու կը փնտռէ անոր  պահպանումը `ի շահ բոլորին»:

Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ հուսկ մտահոգուիլ մոլորակի ներկայ իրավիճակի ծանրութեան ի տես, չի լռել  բնապահպանական համակարգի ոչնչացումի ու չարաշահումի երեւոյթներուն դիմաց։

«Ժամանակը չէ շարունակելու մեր հայեացքը սեւեռել այլուր անտարբեր մնալով՝  յառաջընթացի անունով մեր մոլորակի  թալանումին և ոտնահարումին դիմաց» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով՝ որ   «հնարաւորութիւնն ունինք հակադարձելու եւ փոխելու ընթացքը, յանձնառու ըլլալով աւելի լաւ եւ առողջ աշխարհի մը համար որպէսզի զայն  փոխանցենք ապագայ սերունդներուն»: 

«Ամէն ինչ մեզմէ կախուած է, եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք այդ մէկը» կը նշէ ։ 

Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ մի քանի օրեր առաջ յիշատակուած «Գովեալ Ըլլաս» իր շրջաբերականի հինգերորդ տարեդարձին ու այդ տարեդարձին առթիւ հռչակուած  «Գովեալ Ըլլասի» տարւոյն, հրաւիրելով բոլորը մասնակից դառնալ այդ յատուկ  տարուան ու «Գովելա Ըլլասի» լոյսին տակ աւելիով նուիրուիլ  մեր հասարակաց տան և մեր ամենախոցելի և անտեսուած եղբայրներուն եւ քոյրերուն խնամքին և պաշտպանութեանը: 

Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՛աւարտէ քաջալերելով վերոնշեալ ձեռնարկին բոլոր մասնակցողները՝ յարատեւելու իրենց գործին մէջ, ի նպաստ աւելի լաւ աշխարհի մը եւ աւելի մարդասէր հասարակութեան մը կայացումին, «ուրտեղ բոլորս տեղ ունինք և ոչ  մէկը բացառուած է» կը գրէ  Ան, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ապա հայցելով Յիսուսին օրհնութիւնները ու Աստուածամօր  հովանին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 15:00