Որոնել

Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ առաքելապետերու տօնին առթիւ Պալիումի տուչութեան արարողութիւնը։ Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ առաքելապետերու տօնին առթիւ Պալիումի տուչութեան արարողութիւնը։ 

Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ առաքելապետերու տօնին առթիւ Պալիումի տուչութեան արարողութիւնը։

Պալիումի տուչութեան արարողութիւնը հինաւուրց աւանդութիւն է, որ իր վերջնական ձեւը գտած է 70-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետին օրով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 29 Յունիսին Լատին եկեղեցին կը տօնէ Ս. Պետրոս  եւ Ս Պօղոս առաքելապետերու տօնը, որուն առթիւ աւանդութիւն է՝ որ Նորին Սրբութիւնը այդ օրուայ սուրբ պատարագին ընթացքին նորօծ եպիսկոպոսներուն յանձնէ Պալիումը կամ Եմիփերոնը, որ խորհրդանիշ է եկեղեցական հաղորդութեան ու միութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Պալիումի տուչութեան արարողութիւնը հինաւուրց աւանդութիւն է, որ իր վերջնական ձեւը գտած է 70-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետին օրով, երբ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը, նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը՝ եպիսկոպոսներուն ու Սուրբ Աթոռին միջեւ։

Պալիումի յանձնման արարողութիւնը կը կատարուի պատարագին սկիզբը։ Թեկնածուները կը մօտենան սուրբ Խորանին ու Խաչեցեալին առջեւ ծնրադիր,կ՛արտասանեն երդման բանաձեւը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը կ՛օրհնէ պալիումները ապա կ՛արտասանէ պալիումի յանձնումի բանաձեւը, զայն յանձնելով Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներուն։

Համաճարակի բերումով այս տարի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, կղերական դասին եւ  90 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, մինչ  Պալիումը խորհրդանշական կերպով յանձնուեցաւ  միայն Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէին, որ անցեալ 25 Յունուարին նշանակուեցաւ  Կարդինալական Դասի Աւագերէց։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մատնանշելով Պալիումներու օրհնութեան ու յանձնումին, հաստատեց թէ  «Պալիումը կը յիշեցնէ միութիւնը ոչխարներու եւ Հովիւի միջեւ, նման Յիսուսին որ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ գառնուկը անորմէ բնաւ չի բաժնուելու համար»։

Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ այսօր յատուկ կերպով կը միանանք  Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքութեան,դիտել տալով որ՝ Պետրոսն ու Անդրէասը իրարու եղբայրներ էին, ու մենք՝ ըսաւ Ան, երբ կարելի է, հիմնադիր սուրբերու տօներուն առթիւ, իրարու փոխադարձ այցելութիւններ կը կատարենք,  միասին քալելու համար դէպի այն նպատակը զոր Տէրը  ցոյց կու տայ մեզի՝ լիակատար միութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2020, 09:43