Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ փախստականներու պաշտպանութեան եւ հասարակաց տան խնամքին։

Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց բոլորին միանալու իր աղօթքին՝ «վերանորոգուած եւ արդիւնաւէտ յանձնառումի մը համար, ի նպաստ ամէն մէկ մարդ անհատի իսկական պաշտպանութեան, յատկապէս անոնց որոնք ստիպուած եղան փախչիլ ծանր վտանգի մը իրավիճակէն»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 21 Յունիս 2020-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երէկ ՄԱԿ-ը յիշատակեց Փախստականներու Համաշխարհային օրը։ Քորոնաժահրի յառաջացուած ճգնաժամը ի յայտ դրաւ փախստականներուն պատշաճ պաշտպանութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, երաշխաւորելու համար անոնց արժանապատւութիւնն ու անվտանգութիւնը»։

Յանձնառում Փախստականներու պաշտպանութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւէր ուղղեց բոլորին միանալու իր աղօթքին՝ «վերանորոգուած եւ արդիւնաւէտ յանձնառումի մը համար, ի նպաստ ամէն մէկ մարդ անհատի իսկական պաշտպանութեան, յատկապէս անոնց որոնք ստիպուած եղան փախչիլ ծանր վտանգի մը իրավիճակէն», յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Պատասխանատու ըլլանք հասարակաց տան խնամքի ուղղութեամբ։

Ան ապա ակնարկեց համաճարակին ի յայտ դրած այլ մէկ երեւոյթին՝ մարդ-շրջապատ յարաբերութեան նշելով՝ որ «Փակումը նուազեցուց ապականութիւնը եւ վերագտնել տուաւ բազմաթիւ վայրերու գեղեցկութիւնը, ազատ խճողումէն եւ աղմուկէն։ Այժմ՝ գործունէութիւններու վերսկսումով, բոլորս պէտք է աւելի պատասխանատու ըլլանք հասարակաց տան խնամքի ուղղութեամբ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատելով աշխարհի մէջ կազմակերպուած բոլոր միջոցառումները, որոնք կ՛օգնեն քաղաքացիներուն իրազեկ դառնալու «մեր հասարակական հիմնական բարիքին»։

Հայրերու տօնը

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ որոշ երկիրներու մէջ այսօր յիշատակուող հայրերու տօնը, իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը վստահեցնելով բոլոր հայրերուն եւ դիտել տալով որ «Հօր արհեստը դիւրին չէ»։ «Ասոր համար աղօթելու ենք անոնց համար», ըսաւ Սրբազան Պապը, յիշելով նաեւ «բոլոր այն հայրերը որոնք կը շարունակեն մեզ պաշտպանել երկինքէն»։

Սուրբ Լուճի Կոնծակա՝ ծառայասէր նուիրեալ սուրբ

Ֆրանչիսկոս Պապը  ողջունեց հուսկ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, յիշելով Սուրբ Լուիճի Կոնծական, «երիտասարդ մը՝ որ լի էր Աստուծոյ եւ մերձաւորի նկատմամբ սիրով, որ մեռաւ վաղահաս տարիքին, հոս Հռոմի մէջ, որովհետեւ խնամք կը տանէր բորոտներուն։

«Անոր բարեխօսութեան կը յանձնեմ աշխարի բոլոր երիտասարդները» յարեց Սրբազան Պապը ու Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ  ինչպէս միշտ խնդրելով չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2020, 12:22