Որոնել

Այց առաջին քրիստոնեայ Երկիր (Հայաստան 24 – 26 Յունիս 2016) - Չորրորդ տարեդարձ

«Եկած եմ որպէս ուխտաւոր այս օրհնեալ երկիրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յարգանք կը մատուցեմ Հայ ժողովուրդին որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսէն, իր պատմութեան ամենէ ողբերգական պահերուն իսկ, Խաչին ու Քրիստոսի Յարութեան մէջ գտաւ վերականգնելու ուժը եւ արժանապատւութեամբ շարունակելու իր երթը»։ Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հայաստանի մէջ՝ չորս տարիներ առաջ, 24 Յունիս 2016-ին, երբ հազիւ Երեւան ժամանած եւ այցելելէ ետք էջմիածինը փոխադրուած էր նախագահական պալատ ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն հետ ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Սրբազան Պապը այցելած էր նաեւ Գիւմրի ու քաղաքի Հայ հայ կաթողիկէ համայնքը,  Գիւմրիի հրապարակին վրայ մատուցելով սուրբ պատարագը որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ըսած էր.

«Եկած եմ որպէս ուխտաւոր այս օրհնեալ երկիրը։ Հանդիպելով ձեզի հետ, որ ժամանած էք տարբեր շրջաններէ եւ մօտակայ Վրաստանէն, կը նկատեմ որ Աստուած ձեզ մինակ չէ թողած։ Ան այցելած է ձեր ժողովրդին (հմմտ. Ղկ (1,68): Այս հողի վրայ, ձեր սուրբերէն եւ վարդապետներէն ոմանք ստեղծեցին այբուբենը ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդը քարոզեց Աւետարանի պատգամը,  միասնական վկայութեամբ, նոյնիսկ արեան եւ ծանր փորձութիւններու գնով, այն համոզումով՝ որ «Աստուծոյ սէրը կեանքէն աւելի կ՛ արժէ» (հմմտ. Սղ 63,4): Այսպէսով Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովրդի շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը: Ան յոյսն է նաեւ ձեր ապագային»:

Գիւմրիի սուրբ պատարագը
Գիւմրիի սուրբ պատարագը

Գիւմրիէն վերադարձին Քահանայապետը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ իր մասնակցութիւնը բերաւ համամիութենական յատուկ աղօթքի արարողութեան, որուն ընթացքին արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ՝ խօսելով ապագայի հեռանկարի մը մասին՝  ուր «երբեք պէտք չէ յոգնիլ ստեղծելու խաղաղութեան պայմաններ, բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն խնամատարութիւն և պէտք է անխոնջ պայքար մղել ու արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը», խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի. Ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով՝ հնարաւորութիւնը ունիք դառնալու խաղաղարարներ, ոչ թէ սթաթուս-քվոյի նոտարներ, այլ հանդիպման և հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան և այնպէս ընէ որ «հայ և թուրք ժողովուրդներու հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, և խաղաղութիւնը տիրէ Ղարաբաղի մէջ» (Պատգամ հայերուն, 12 ապրիլ  2015թ.):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 08:11