Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պենետկոստէի տօնի նախօրեակին «Charis» ի կազմակերպած աղօթքի հսկումի մասնակցողներուն։

Եթէ չ՛աշխատինք վերջ դնելու աշխարհի մէջ աղքատութեան համաճարակին, իւրաքանչիւրիս երկրի մէջ աղքատութեան համաճարակին, քաղաքներուն մէջ ուր կ՛ապրի մեզմէ իւրաքանչիւրս, այս ժամանակը ապարդիւն եղած պիտի ըլլայ։

Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին,  շաբաթ 30 մայիսի երեկոյեան 10-ին (Հռոմի Ժամանակացոյցով), CHARIS կաթողիկէ Խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութիւնը, կազմակերպած է աղօթքի հսկում մը։ CHARIS կաթողիկէ Խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութիւնը՝ իւրօրինակ ծառայութիւն է. հաստատուած Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի կողմէ, կաթողիկէ խարիզմադիկ տարբեր իրողութիւններու միջև միասնութիւնն ու հաղորդակցութիւնը խթանելու համար։

Աղօթքի հսկումին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց հսկումին մասնակցողներուն որուն սկիզբը ակնարկելով Գործք Առաքելոցի գիրքին մէջ հոգեգալուստի դրուագը նկարագրող հատուածին, նշեց՝ թէ այսօր եւս, «շնորհիւ արուեստագիտութեան զարգացումին, Պենտեկոստէի նախօրեակի հսկումին առիթով, աշխարհի տարբեր վայրերու հաւատացեալներս միացած ենք»

Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին: Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին: Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:

«Սուրբ Հոգին կ՛իջնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ» ըսաւ Քահանայապետը, ան կու գայ նորոգելու, դարձի բերելու եւ բժշկելու մեզմէ ամէն մէկը։

Կու գայ բուժելու վախերը, եւ որքան վախեր ունինք այսօր, անապահովութիւնները,կ ու գայ բժշկելու մեր վէրքերը, կու գայ մեզ դարձնելու աշակերտներ, միսիոնար աշակերտներ, վկաներ, լի քաջութեամբ եւ առաքելական անկեղծութեամբ, որոնք անհրաժեշտ  են Յիսուսին Աւետարանի քարոզութեան համար։

Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ՝ որ Հայրը ուղարկէ Սուրբ Հոգին, որ եկաւ աշակերտներուն վրայ զանոնք դարձնելով Յիսուսին վկաները։

Այսօր աշխարհը տառապանքի մէջ է, վիրաւոր է, կ՛ապրինք վիրաւոր աշխարհի մէջ, տառապող աշխարհի մը մէջ, մասնաւորապէս աղքատները  որոնք անտեսուած են…հիմա որ մեր ամբողջ մարդկային ապահովութիւնները անյայտացած են աշխարհը կարիքը ունի Յիսուսին։ Կարիքը ունի Աւետարանի վկայութեան. Յիսուսին Աւետարանին։ Եւ այդ վկայութիւնը մենք կարող ենք տալ միայն Սուրբ Հոգիին ուժով։

Մենք դաս մը քաղեցինք՝ գիտակից դարձանք թէ մէկ ու միակ մարդկայնութիւն  ենք ու թէ ոչ ոք առանձին կը փրկուի, ոչ ոք, ինչպէս կ՛ըսէ  Սուրբ Պօղոսը. «բոլորս միացած Քրիստոսին՝ կը դառնանք մէկ մարմին, որ միացած է  Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ»։

Համաճարակէն ետք պարտականութիւնն ունինք մեր առջեւ կառուցելու նոր իրականութիւն մը։ Տէրն է որ կ՛իրականացնէ աղդ մէկը ու մենք կարող ենք համագործակցիլ։

Երբ դուրս գանք այս համաճարակէն, չենք կրնար շարունակել ընել այն ինչ որ կ՛ընէինք եւ ինչպէս որ կ՛ընէինք։ Ոչ։ Ամէն ինչ պիտի փոխուի։ Բոլոր այս տառապանքը ոչ մէկ բանի ծառայած կ՛ըլլայ՝ եթէ բոլորս միասին չկառուցենք աւելի արդար ընկերութիւն մը, աւելի հաւասար, աւելի քրիստոնեայ, ոչ թէ անունով, այլ գործնականապէս, իրականութիւն մը՝ որ մեզ տանի դէպի քրիստոնէական վարք։

Եթէ չ՛աշխատինք վերջ դնելու աշխարհի մէջ աղքատութեան համաճարակին, իւրաքանչիւրիս երկրի մէջ աղքատութեան համաճարակին, քաղաքներուն մէջ ուր կ՛ապրի մեզմէ իւրաքանչիւրս,  այս ժամանակը ապարդիւն եղած պիտի ըլլայ։

Մարդկութեան ապրած մեծ փորձանքներէն, որոնց շարքին է համաճարակը, կարելի է դուրս գալ կամ աւելի  լաւ կամ աւելի վատ։  Նոյն ձեւով կարելի չէ դուրս գալ։

Ես ձեզի հարց կու տամ. Ի՞նչպէս կ՛ուզէք դուրս գալ դուք։ Աւելի լաւ, թէ աւելի վատ։ Ասոր համար է որ այսօր բացուելու ենք Սուրբ Հոգիին, որպէսզի Ինքը ըլլայ ան՝ որ կը փոխէ մեր սրտերը ու մեզ կ՛օգնէ դուրս գալու աւելի լաւ։

Եթէ չապրինք Յիսուսին խօսքերուն համաձայն՝ «Անօթի էի կերակուր տուիք ինծի, բանտարկեալ էի այցելեցինք ինծի, օտարական էի ընդունեցիք զիս», չենք կրնար աւելի լաւ դառնալ։

Այս մէկը բոլորիս պարտականութիւնն է ու  նաեւ ձեր Charis ի պարտականութիւնն է։ Հաւատարիմ մնացէք Սուրբ Հոգիի կոչին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին խօսքերը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը հռչակելու պահուն «Աստուծոյ Սուրբ Հոգի…ընկալէ մեր աղերսը, նորոգէ մեր դարաշրջանը՝ քու հրաշալիքներովդ, նման նոր պենտեկոստէի մը, եւ Սուրբ Եկեղեցիին պարգեւ շնորհքը՝ տարածելու աստուածային Փրկչին թագաւորութիւնը, արդարութեան, ճշմարտութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն։

Այս հսկումին առթիւ բոլորիդ  կը մաղթեմ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը ու անոր ուժը՝ որպէսզի դուրս գանք համաճարակի այս ցաւի, տխրութեան ու փորձանքի պահէն, դուրս գանք աւելի լաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 22:30