Որոնել

1589962464036.jpg

«Արդարներուն աղօթքը», Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Արդարներու աղօթքին շնորհիւ է որ Աստուած աշխարհին ցոյց կու տայ իր ողորմութիւնն ու բարութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 մայիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շարունակելով խօսիլ աղօթքի մասին Սրբազան Պապը օրուան մտածականը կեդրոնացուց «արդարներու աղօթքին վրայ», որուն շնորհիւ է որ Աստուած աշխարհին ցոյց կու տայ իր ողորմութիւնն ու բարութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը,այսօրուայ խորհրդածութիւնը կը նուիրենք արդարներու աղօթքին։

Ծննդոց գիրքի առաջին էջերուն մէջ նկատեցինք թէ Աստուծոյ ծրագիրը մարդկութեան համար բարի էր. Սակայն մեր առօրեայի իրադարձութիւններուն մէջ կը փորձարկենք չարին ներկայութիւնը։  Ծննդոց գիրքին առաջին էջերը կը նկարագրեն չարին ընդլայնումը մարդկային իրադարձութիւններուն մէջ։ Սկսեալ Ադամ եւ Եւայէն, որոնք կը տարակուսին Աստուծոյ բարութեան վրայ եւ կ՛իյնան չարին թակարդներուն մէջ։

Չարը աւելի կործանիչ կը դառնայ մարդկային երկրորդ սերունդին հետ՝ Կայէնն  ու Աբէլը։ Կայէնը որ կը նախանձէր եղբօրմէ կը սպանէ զայն։ Եւ այսպէսով չարը կը տարածուի վայրի կրակի նման, որ ամէն բան կ՛այրէ եւ կը կործանէ։

 «Տէրը տեսաւ, որ մարդոց  ամբարշտութիւնը մեծ էր երկրի վրայ, և որ անոնց սրտի  մտքերը ամէն ժամանակ հակուած են միայն դէպի չարը» նշուած է Ծննդոց  գիրքին մէջ (6, 5)։

Ջրհեղեղի խոշոր որմանկարները (գլ. 6-7) և Բաբելոնի աշտարակը (գլ. 11) ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է նոր սկիզբ, ինչպես նոր ստեղծագործութիւն, որը իր կատարումը կ՛ունենայ Քրիստոսով:

Այսուհանդերձ Աստուածաշունչի նոյն էջերուն մէջ կը շարադրուի նոր պատմութիւն մը, որ նուազ ակնյայտ է, բայց կը ներկայացնէ յոյսին փրկանքը՝ այն մարդոց միջոցաւ, որոնք դէմ էին չարին եւ աղօթեցին Աստուծոյ, կարողանալով  տարբեր ձեւով գրել մարդկութեան ճակատագրի պատմութիւնը։

Աբէլը զոր օրինակ Աստուծոյ որպէս զոհ մատուցանեց առաջին պտուղները, ապա Նոյը՝ որ արդար մարդ էր եւ կը քալեր Աստուծոյ հետ, պատճառ դարձաւ որ  Աստուած փոխէ մարդկային ցեղը ոչնչացնելու իր դիտաւորութիւնը։

Այս պատմութիւնները կարդալով տպաւորութիւնը ունինք որ աղօթքը մարդուն ապաստանարանն է՝ աշխարհի մէջ ծաւալող չարի ջրհեղեղի դիմաց։ Աստուածաշնչի աղօթքի մարդիկը խաղաղութեան գործիչներ են։ Աղօթքը արդարեւ երբ ըլլայ իսկական, մեզ կ՛ազատէ բռնութեան բնազդէն ու կը դառնայ հայեացք՝ ուղղուած Աստուծոյ, որպէսզի Ան վերադառնայ եւ հոգ տանի մարդու սրտին։

Այդ պատմութիւնները կը հաստատեն թէ ինչպէս աղօթքը ապրուած է արդար մարդոց մեծամասնութեան կողմէ ու թէ Աստուծոյ զօրութիւնը կ՛անցնի այն մարդոց ու կիներու ընդմէջէն, որոնք յաճախ չեն հասկցուած  ու մեկուսացուած են իրենց ժամանակակիցներու կողմէ։

Թէեւ անոնց աղօթքին շնորհիւ է որ Աստուած Աշխարհին ցոյց կու տայ իր ողորմութիւնն ու բարութիւնը։ Անոնք անաղմուկ ցանց մըն են, որոնք շատ քիչ անգամ կը բացայայտուին  լուրերու առաջին էջերուն վրայ, բայց եւ այնպէս կը մնան շատ կարեւոր՝ աշխարհին վստահութիւն ներշնչելու աշխատանքին մէջ։

Աստուծոյ ուղեւորութիւնը պատմութեան մէջ կ՛անցնի անոնցմէ որոնք չի համակերպեցան աւելի զօրեղի  օրէնքին այլ Աստուծմէ խնդրեցին որ հրաշքներ գործէ, ու յատկապէս մեր քարէ սիրտը փոխէ մարմնական սրտին եւ ատելութեան անապատը դարձնէ կեանքի եւ խաղաղութեան ովասիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 09:45