Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Քահանայապետը սկիզբ տուաւ «Աղօթքին» նուիրուած խորհրդածութիւններու նոր շարքին։

Հաւատքը՝ դէպի երկինք բարձրացած երկու ձեռքեր են, ձայն մըն է որ կ՛աղաղակէ աղերսելով փրկութեան պարգեւը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 մայիս 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համաճարակի բերումով ստեղծուած իրավիճակին ի տես, այսօր եւս  հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը  ուղիղ եթերով ներկայացուց առաքելական պալատի մատենադարանէն եւ աւարտած ըլլալով «Երանութիւններու» մասին խորհրդածութիւններու շարքը սկիզբ  տուաւ «աղօթքին» նուիրուած մտածականներու նոր շարքի մը։

«Աղօթքը ըսաւ Սրբազան Պապը հաւատքի շունչն է, անոր  ամենահարազատ արտայայտութիւնն է. Ան նման է աղաղակի մը որ դուրս կու գայ հաւատացեալի սրտէն ու կը յանձնուի Աստուծոյ»։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց առ այդ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած՝ Յիսուսին կողմէ Բարտիմէոս անունով կոյրի բժշկութեան դրուագը (Մարկոս 10, 46-52)։

Երբ Երիքովէն կ’ելլէր Տիմէոսի որդին կոյր Բարտիմէոս ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛Դաւթի, ողորմէ՛ինծի»։ Շատեր կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ։ Բայց անիկա ալ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։

Այս արտայայտութիւնը «Որդի Դաւիթի» շատ կարեւոր է,  կը յայտնէ «Մեսիան», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ասիկա հաւատքի դաւանանք է, որ դուրս կու գայ բոլորէն արհամարհուած մարդու մը բերնէն։

Եւ Յիսուս կը լսէ այդ աղաղակը։ Բարտիմէոսին աղօթքը կը դպչի Աստուծոյ սրտին եւ անոր համար կը բացուին փրկութեան դռները։

Յիսուս կանգ առնելով՝կը հրահանգէ որ զայն կանչեն։ Եւ կոյրը հանդերձը ձգելով, կ՛ելլէ կու գայ  Յիսուսին։   Յիսուս անոր կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Կոյրը կը պատասխանէ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ Եւ Յիսուս անոր կ՛ըսէ. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։

Յիսուս այդ խեղճ մարդուն, անպաշտպան ու արհամարհուած մարդուն մէջ կը տեսնէ հաւատքի զօրութիւնը, որ իրեն կը քաշէ Աստուծոյ զօրութիւնն ու ողորմութիւնը։

Հաւատքը՝ դէպի երկինք  բարձրացած  երկու ձեռքեր են, ձայն մըն է որ կ՛աղաղակէ աղերսելով փրկութեան պարգեւը։

Հաւատքը ճիչ է, ոչ-հաւատքը այդ ճիչը  լռեցնելն է։ Հաւատքը բողոք է թշուառ կացութեան մը դէմ։ Ոչ-հաւատքը հպատակիլ է կացութեան մը՝ որուն վարժուեցանք. Հաւատքը յոյս է փրկութեան,  ոչ-հաւատքը վարժուիլ է չարին, որ մեր վրայ կը ճնշէ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սկիզբ տանք մեր այս խորհրդածութիւններու շարքին. Բարտիմէոսի աղաղակով։ Ան եղած է հետեւողական մարդ մը։ Անոր շուրջ կային անձեր, որոնք կը սաստէին որ լուռ մնար, որովհետեւ պատասխան պիտի չի գտնէ, եւ թէ անոր աղաղակները միայն խանգարում կը պատճառէին, սակայն ան չի լռեց եւ վերջ ի վերջոյ ձեռք բերաւ իր ուզածը.

Մարդու սրտին մէջ կայ ձայն մը, որ դուրս կու գայ ինքնաբուխ եւ կ՛աղաղակէ. «Յիսուս Ողորմէ ինծի» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով՝ որ «Քրիստոնեաները աղօթքի ճիչը կը բաժնեկցին բոլոր մարդոց եւ կիներուն հետ» ու ակնարկելով  Սուրբ Պօղոս խօսքին  «բոլոր ստեղծուածները հեծեծում են եւ երկունքի ցաւի մէջ են մինչեւ այժմ» (Հռոմ 8, 22)։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով որ Մարդս  «Աստուծոյ մուրացկան» է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2020, 09:51