Որոնել

Առաքելական պալատի մատենադարանէն ընդհանուր ունկնդրութիւն։ Առաքելական պալատի մատենադարանէն ընդհանուր ունկնդրութիւն։  

«Աղօթքը յոյսին դռները կը բանայ». Չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Մարդուն մեծութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ հետ անոր փոխյարաբերութիւն մէջ։ Բնութեամբ ոչնչութիւն ենք՝ սակայն կոչումով մենք զաւակներն ենք Մեծն Արքային։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործըԼուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ Ով Տէր, մեր Տէրը,Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

Սաղմոսերգուէն քաղուած սոյն հատուածը (Սաղմոս 8) առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորած եւ ուղիղ եթերով սփռուած ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց «աղօթքի» մասին խորհրդածութիւններու շարքը, շեշտը դնելով Արարչագործութեան Խորհուրդին վրայ։

«Կեանքը, այն պարզ իրականութիւնը՝ թէ մենք գոյութիւն ունինք, մարդուն սիրտը կը բանայ աղօթքին» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ Սուրբ Գիրգին առաջին էջը նման է գոհաբանական մեծ օրհներգի։

Աստուած իր Խօսքով կեանքը կը ստեղծէ, կը բաժնէ լոյսը խաւարէն, կը ստեղծէ գիշերն ու ցերեկը, իրարայաջորդ եղանակները, բոյսերը, անասունները  եւ ի վերջոյ մարդը։ Եւ այս բոլորը Աստուծոյ մէջ կը հրահրեն գոհունակութեան եւ ուրախութեան զգացում «Այնուհետև Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր (Ծննդոց 1- 31)։

Գեղեցկութիւնն ու Արարչագործութեան խորհուրդը մարդուն մէջ կը ստեղծեն աղօթքի առաջին շարժումը։ Սաղմոսերգուն հարց կու տայ թէ ի տես երկինքին, լուսինին, աստղերուն, ի՞նչ է մարդը որ յիշես զինք  ու  մարդու  որդին, որուն խնամք տանիս։ Գրեթէ ոչինչ է (Սաղմոս 89,48) ... էակ մը որ կը ծնի, էակ մը որ կը մեռնի, դիւրաբեկ արարած։ Թէեւ համայն տիեզերքի մէջ մարդ էակը միակ արարածն է որ իրազեկ է Աստուծոյ ստեղծած  գեղեցկութեան լիութեան։

Մարդուն աղօթքը խորապէս կապրուած է զարմանքի զգացուին։ Մարդուն մեծութիւնը ոչնչութիւն է եթէ զայն բաղդատենք տիեզերքի մեծութեան հետ։ Անոր մեծ ձեռքբերումները քիչ նշանակութիւն ունին. Բայց մարդը ոչնչութիւն չէ։

Սաղմոսերգուն կ՛ըսէ. «Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա. Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր»։

Մարդուն մեծութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ հետ անոր փոխյարաբերութիւն մէջ։ Բնութեամբ ոչնչութիւն ենք՝ սակայն կոչումով մենք զաւակներն ենք Մեծն Արքային։

Մեզմէ շատեր ապրեցան այդ փորձառութիւնը։ Եւ նոյնիսկ երբ վտանգը կայ որ կեանքի ապրումները իրենց բոլոր դառնութիւններով յաճախ խեղդեն մեր մէջ գտնուող աղօթքի պարգեւը, բաւարար է տեսնել ու խոկալ աստերով լի երկինք մը, արեւ մուտը կամ ծաղիկ մը վերազարթնեցնելու համար գոհաբանութեան բոցը։

Աղօթքը յոյսին առաջին ուժն է։ Երբ դուն աղօթես յոյսը կ՛աճի, յառաջ կ՛ընթանայ։ Ես կ՛ըսեմ թէ աղօթքը կը բանայ յոյսին դռները։ Որովհետեւ աղօթքի մարդիկը կը պահպանեն հիմնական ճշմարտութիւնները, անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք ապա ուրիշներուն կը կրկնեն՝ թէ «այս կեանքը, հակառակ բոլոր դժուարակրութիւններուն ու խոչընդոտներուն լի է զարմանալի շնորհքներով։ Եւ ասոր համար ան պէտք է միշտ պահպանուի եւ պաշտպանուի։

Մարդիկն ու կիները որոնք կ՛աղօթեն գիտեն թէ յոյսը աւելի զօրաւոր է յուսալքումէն։ Կը հաւատան որ սէրը աւելի հզօր է մահուընէ ու թէ վստահաբար ան օր մը պիտի յաղթէ նոյնիսկ եթէ մեզի անծանօթ ժամանակներով եւ ձեւերով։    

Աղօթքի մարդիկն ու կիները իրենց մէջ կը կրեն լոյսին արտացոլումը, որովհետեւ նոյնիսկ ամենէ խաւար օրերուն արեւը չի դադրիր զանոնք լուսաւորելէ։

Բոլորս երջանկութեան կրողներ ենք։ Այս կեանքը Աստուծմէ պարգեւ է մեզի համար,  եւ շատ կարճատեւ է զայն տխրութեամբ մսխելու համար։ Փառաբանենք զԱստուած այն ուրախութեամբ  որ պարապէս գոյուիւն ունին։ Մենք զաւակներն ենք Մեծ Արքայի  մը որ կարող են համայն արարչութեան մէջ տեսնելու Անոր կնիքը։  

«Այդ արարչութիւնը որ այսօր մենք կը պահպանենք եւ զոր Աստուած իրագործեց սիրոյ համար։ Թող որ Տէրը մեզի միշտ աւելի խոր կերպով հասկցնէ այս մէկը ու մեզ մղէ ըսելու «շնորհակալ եմ», եւ այդ շնորհակալութիւնը գեղեցիկ աղօթք է» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 09:55