Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Սուրբ Հոգին մեր առջեւ կը բանայ կենդանի յոյսով լի հիանալի ճակատագիր». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Ի պատրաստութիւն Հոգեգալստեան տօնին, Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ հայցելու Սուրբ Հոգւոյն գալուստը, ինչպէս պատահած էր Յիսուսին աշակերտներուն Պենտեկոստէի տօնին օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Հոգին մեզի թռիչք կու տայ, մեր առջեւ կը բանայ հիանալի այն ճակատագիրը, որուն համար մենք ծնած ենք, մեզ կը սնուցէ  կենդանի յոյսով: Եկէք խնդրենք Անոր գալուստը մեր մէջ,  եւ Ան մեզի մօտիկ պիտի ըլլայ»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ուրբաթ 29 մայիս 2020-ին հրապարակած թուիթը, որուն մէջ Ան, ի պատրաստութիւն Հոգեգալստեան տօնին,  որ պիտի յիշատակուի յառաջիկայ կիրակի 31 մայիսին, կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ հայցելու Սուրբ Հոգւոյն գալուստը, ինչպէս պատահած էր Յիսուսին աշակերտներուն Պենտեկոստէի տօնին օրը։

Անցեալ չորեքշաբթիի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ եւս Սրբազան Պապը ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեանլերուն ուղղած  ողջոյնի խօսքին մէջ խրախուսած էր  զանոնք՝ Պենտեկոստէի տօնի նախապատրաստութեան մթնոլորտին մէջ հլու ըլլալու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւններուն, «որպէսզի, ըսած էր  Ան, ձեր կեանքը ըլլայ միշտ ջերմութեամբ լի եւ լուսաւորուած այն սիրով, զոր Աստուծոյ Հոգին կը զեղու սրտերուն մէջ»։

Հոգեգալուստի տօնի նախօրեակին՝ Շաբաթ 30 մայիսի երեկոյեան 10-ին (Հռոմի Ժամանակացոյցով) CHARIS կաթողիկէ Խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութիւնը, կազմակերպած է աղօթքի հսկում՝ որուն համացանցային կապի միջոցաւ պիտի մասնակցին 100է աւելի երկիրներէ հազարաւոր հաւատացեալներ, աղօթելու միասին, Փառաբանելու համար Տէրը ու Անորմէ հայցելու նոր Պենտեկոստէ մը, Սուրբ Հոգիին նոր զեղում մը՝ եկեղեցւոյ եւ աշխարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2020, 13:30