Որոնել

1589710951472.JPG

Քահանայապետը յիշեց ՅՊԲ-ի Ծննդեան 100 ամեակը, Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան պատրաստուող պատանիները եւ«Գովեալ ըլլաս»ի նուիրուած շաբաթը։

«Կը խնդրեմ յառաջ ընթանանք յարգելով օրէնքները եւ կանոնները՝ պահպանելու համար իւրաքանչիւրի եւ համայն ժողովուրդի առողջութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 մայիս 2020-ին, առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալներուն ըսաւ. «Վաղը կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Վատովիցէի մէջ (Լեհաստան) ծննդեան 100 ամեակը։ Վաղը առաւօտուն, ժամը 7ին, պատարագ պիտի մատուցեմ որ պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով, այն խորանին վրայ ուր կը հանգչին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մահկանացու աճիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով՝ որ «Ան շարունակէ Երկինքէն բարեխօսել Աստուծոյ Ժողովրդին ու աշխարհի խաղաղութեան համար»։ 

Քահանայապետը յիշեցուց ապա՝ թէ կարգ մը երկիրներուն մէջ, ինչպէս Իտալիա, վաղուընէ կարելի պիտի ըլլայ վերսկսիլ  հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ պատարագները։ «Կը խնդրեմ յառաջ ընթանանք յարգելով օրէնքները եւ կանոնները պահպանելու համար իւրաքանչիւրի եւ համայն ժողովուրդի առողջութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը։ 

Ան ապա ակնարկեց թէ «Մայիս ամսուայ առթիւ շատ մը ժողովրդապետութիւններու մէջ աւանդութիւն է պատանիներուն շնորհել առաջին հաղորդութիւնը, սակայն համաճարակի բերումով սոյն հաւատքի պահը յետաձգուած է» եւ ասկէ մեկնելով խօսքը ուղղեց պատանիներուն ըսելով. «Սիրելիներ, ձեզ կը հրաւիրեմ այս սպասումի ժամանակը ապրիլ որպէս հնարաւորութիւն՝ աւելի լաւ պատրաստուելու այդ օրուան. աղօթելով, կարդալով քրիստոնէականի գիրքը՝ խորացնելու համար Յիսուսին ճանաչումը, աճելով բարութեան մէջ եւ ուրիշներուն ծառայութեան մէջ։ Բարի երթ»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց ապա թէ՝  «այսօր կը սկսի «Գովեալ ըլլաս»ի նուիրուած շաբաթը, որ վերջ պիտի գտնէ  յաջորդ կիրակի, որուն ընթացքին կը նշուի Շրջաբերականի հրատարակութեան հինգերորդ տարեդարձը։ «Այս համաճարակի ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին աւելի գիտակից դարձանք մեր հասարակաց տան խնամք տանելու կարեւորութեան, կը մաղթեմ ՝որ մեր բոլորի միասնական մտորումներն ու յանձնառութիւնը՝ սատարէ ստեղծելու եւ ամրապնդելու Արարչութեան խնամքին վերապահուած կառուցողական վերաբերմունք» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ  Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին  մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։  Ան ապա ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան, որտեղէն սովոր է արտասանել Մարեմեան Աղօթքը, եւ այնտեղէն  աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2020, 12:29