Որոնել

1588501653418.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել կոչումներուն համար եւ աջակցութիւն յայտնեց համաճարակի դէմ պայքարի միջազգային համագործակցութեան։

14 մայիսին բոլոր կրօններու հաւատացեալները պիտի միանան աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրով մը, աղերսելով առ Աստուած՝ որպէսզի օգնէ մարդկութիւնը, յաղթահարելու համար քորոնավիարուսի այս համաճարակը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրը

Կիրակի 3 մայիսին առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած եւ ուղիղ եթերով սփռուած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով եթերի միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալներուն, յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Կոչումներու համար աղօթքի միջազգային օրը, հաստատելով որ Քրիստոնէական էութիւնը միշտ եղած է Աստուծոյ կոչումին պատասխան։ Ան ապա յիշելով Յիսուսին խօսքերը՝ թէ «պէտք է աղօթել այգիին տիրոջ որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար», հրաւիրեց հաւատացեալները Տիրոջմէ հայցելու այդ բարի մշակներու պարգեւը՝  «Անոր սիրոյն նկատմամբ տրամադիր ձեռքերով եւ սրտերով մշակներ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ապա ուզեց դարձեալ մօտիկութիւն արտայայտել Քովիտ19 ժահրի հիւանդներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը զբաղին անոնց խնամատարութեամբ, եւ նաեւ անոնց որոնք կը տառապին այս համաճարակին պատճառաւ։

Միջազգային համագործակցութիւն արմատախիլ ընելու ժահրը

«Միևնոյն ժամանակ, կը ցանկանամ աջակցել և խրախուսել միջազգային համագործակցութիւնը, որը տեղի կ՛ունենայ տարբեր նախաձեռնութիւններով, պատշաճ եւ արդիւնաւէտ կերպով համապատասխանելու մեր ապրած այս ծանր տագնապին» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը կարեւոր նկատելով՝ գիտական հմտութիւնները, թափանցիկ եւ անշահախնդիր կերպով համախմբել միատեղ,՝ պատուաստանիւթերն ու բուժումը գտնելու համար, ինչպես նաև աշխարհի իւրաքանչիւր վարակուած անձին երաշխաւորելու  անհրաժեշտ բուժ օգնութիւնը։

«Մեթըր» ընկերակցութիւնը ի նպաստ բռնութեան, չարաշահումի ու անտարբերութեան զոհ մանուկներուն։

Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց «Մեթըր» ընկերակցութեան որ ձեռնարկած է՝ բռնութեան, չարաշահումի ու անտարբերութեան զոհ մանուկներուն ազգային օրը։ «Կը քաջալերեմ պատասխանատուներն ու գործիչները շարունակելու իրենց կանխարգիլման ու իրազեկման գործունէութիւնը՝ զանազան կրթական գործակալութիւններու կողքին» ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ մանուկներուն՝ որոնք իրեն ուղարկած են մարգարիտներով հարիւրրաւոր գծագրութիւններ։

Մայիս ամիսը Տիրամօր ամիս։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա թէ կը գտնուինք մայիս ամսուայ մէջ՝ ամիսը՝ որ նուիրուած է Աստուածամօր, որուն առթիւ ուխտաւորները սովոր են այցելել Տիրամօր նուիրուած ուխտավայրերը։ «Առողջապահական այս իրավիճակին ի տես, այդ մէկը ընենք հոգեւորապէս՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի սրտին մէջ զետեղելով մեր մտահոգութիւնները, մեր սպասումներն ու մեր ապագայի ծրագիրները» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

14 Մայիսին միջկրօնական միասնական աղօթքի ու ծոմապահութեան օր։

Ան ապա հաստատելով՝ թէ աղօթքը ունի տիեզերական արժէք, հաղորդեց թէ ինք եւս ընդունած է Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովին առաջարկը, որպէսզի յառաջիկայ 14 մայիսին բոլոր կրօններու հաւատացեալները միանան հոգեպէս՝ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրով մը, աղաչելով առ Աստուած որպէսզի օգնէ մարդկութիւնը՝ յաղթահարելու համար քորոնավիարուսի այս համաճարակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն  խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար, ան ապա ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան, որտեղէն սովոր է ամէն կիրակի արտասանել Մարեմեան աղօթքը ու նախորդ կիրակիներու նման սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2020, 12:12