Որոնել

14 Մայիսին աղօթքի, ծոմապահութեան եւ բարեգործութեան միջկրօնային օր։

14 մայիսին թող բոլոր կրօններու հաւատացեալները միանան հոգեպէս՝ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ բարեգործութեան օրով մը, աղաչելու համար Աստուծոյ, որ օգնէ մարդկութիւնը՝ յաղթահարելու համար քորոնավիարուսի այս համաճարակը։

Վատիկան Նիուզ

Անյայտ վիրուսով գերյոգնած և վրդովուած ՝ աշխարհն ինքզինք կը վերագտնէ երեխայ և կը դիմէ Հօր  օգնութեան: Խմբային աղօթք, մէկ աղաղակով, որ է  աղաչանք և նաև յոյս: Աշխարհի բոլոր հաւատացեալները, կարծես ձեռք ձեռքի  բռնած, մէկը միւսին մօտիկ, պիտի դառնան միակ ու մեծ աղօթք: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ 14 մայիսին։ 

Աղօթքը մեր լաւագոյն զէնքն է։ Կ՛աղօթենք որպէսզի մենք մեզ զգանք Եկեղեցի։ Կ՛աղօթենք սիրելու համար մեր մօտ գտնուողը։ Չենք կարող յուսալքումի մատնուիլ։ Ասոնք հինգ ցամաքամասերու ձայներուն արտայայտած մտքերէն մի քանիներն են որոնք պիտի միանան 14 մայիսի միասնական աղօթքին։ 

14 մայիսին աղօթենք միասին հայցելու համար համաճարակին աւարտը ու մարդկութեան ապագային մէջ արմատացնել եղբայրութեան եւ միասնական համակեցութեան արժէքները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 15:51