Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Thy Kingdom Come» համաշխարհային աղօթքի ձեռնարկի առթիւ։

Չենք կրնար մարդկութենէն խնդրել, որ միացած ըլլան, եթէ մենք կ՝ընթանանք տարբեր ուղիներուն վրայէն։ Ուրեմն աղօթենք մէկ միւսին համար, եւ պատասխանատու զգանք մէկը միւսիս համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 31 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը  յղեց, 2020 թուականի Thy Kingdom Come համաշխարհային աղօթքի ձեռնարկի առիթով։

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը մէջ նշեց, թէ« ես ուրախութեամբ կը միանամ Ժասթին Վելպիի արքեպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ բոլորին ՝կիսելու համար իմ սրտի խօսքը», աւելցնելով «այսօր Պենտեկոստէի օրն է, կը յիշենք այն օրը երբ Սուրբ Հոգին իջաւ իր ամբողջ զօրութեամբ։ Այդ օրէն Աստուծոյ կեանքը զեղուց մեր միջեւ, մեզի բերելով նոր յոյս, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն, որ նախապէս  մեզի անծանօթ էր։

Պենտեկոստէի օրը,  ժողովուրդներ, որ կը խօսէին տարբեր լեզուներ՝ իրարու հանդիպեցան։ Այս ամիսներուն մեզմէ խնդրուեցաւ որ յարգենք հեռաւորութեան անհրաժեշտ պայմանները։ Մեզ կը միացնեն անորոշութիւնն ու վախը։ Կարիքը կայ ամոքելու, մխիթարելու բազում տխուր սիրտեր։  Կը մտաբերեմ, այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ երբ կը խօսէր Սուրբ Հոգիին մասին։ Ան կը գործածէր յատուկ բառ մը, այսինքն Մխիթարիչ բառը։ Շատեր ձեզմէ փորձարկեցին Անոր մխիթարութիւնը, այն ներքին խաղաղութիւնը, որ մեզի սիրուած զգալ կու տայ, այն զօրութիւնը որ մեզի քաջութիւն կը ներշնչէ, նոյնիսկ տառապանքի մէջ։ Սուրբ Հոգին մեզի կը վստահեցնէ որ մինակ չենք,  այլ Աստուած մեր կողքին է։

Սիրելիներ այն ինչ որ ստացանք պէտք է որ զայն շնորհենք. կանչուած ենք տարածելու Սուրբ Հոգիին սփոփանքը, Աստուծոյ մօտիկութիւնը։

Ուրեմն ի՞նչ պէտք ենք ընել ։ Պէտք է ընել այն  ինչ որ կ՝ուզենք, որ ուրիշները մեզի համար ընեն։ Պէտք է ունկնդրել, քաջալերել, հոգ տանիլ անոնց որ մէկը չունին։ Պէտք է յոյս ներշնչենք։ Այսօր յոյժ կարիքը կայ մխիթարութեան։ Պէտք է  մեկնաբաններ դառնանք Սուրբ հոգիին սփոփանքին, յոյս փոխանցելով  եւ Տէրը մեզի պիտի բանայ նոր ուղիներ մեր ուղեւորութեան մէջ։ Ինչքան պիտի ուզէի, որ իբրեւ քրիստոնեաներ, միասնաբար ողորմածութեան վկաները դառնանք , խորապէս ծանրացած մարդկութեան համար։

Խնդրենք Սուրբ Հոգիէն միութեան պարգեւը, որովհետեւ եղբայրութիւն պիտի տարածենք,  լոկ եթէ ապրինք իբրեւ եղբայրներ մեր միջեւ։ Չենք կրնար մարդկութենէն խնդրել, որ միացած ըլլան, եթէ մենք կ՝ընթանանք տարբեր ուղիներուն վրայէն։ Ուրեմն աղօթենք մէկ միւսին համար, եւ պատասխանատու զգանք մէկը միւսիս համար։
Սուրբ Հոգին իմաստութիւն եւ խորհուրդ կու տայ։ Այս օրերուն, Սուրբ Հոգին հայցենք բոլոր անոնց համար որոնք հրատապ որոշումներու դիմաց կը գտնուին, , որպէսզի պաշտպանեն մարդկային կեանքն ու աշխատանքի արժանապատւութիւնը։  Պէտք է ներդրում կատարել առողջապահութեան, աշխատանքի, անհաւասարութեան եւ աղքատութեան վերացման մէջ։ 

Երբեք քան այսօր, մեզի անհրաժեշտ է մարդկութեամբ հարուստ նայուածքի մը։ Չէ կարելի  վերսկսիլ հետապնդելով մեր սեփական շահերուն, առանց մտահոգուելու թէ ով կը մնայ մեր ետին։ Նոյնիսկ եթէ շատեր այդպէս կը գործեն, Տէրը մեզմէ կը խնդրէ որ մեր ուղղութիւնը փոխենք։ Պետրոս, Պենտեկոստէի օրի, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած,  ըսաւ դարձի եկէք, (Գործ առաք 2, 38) այսինքն ուղղութիւնը փոխեցէք։ Կարիքը ունինք վերադառնալու ՝ընթանալու համար դէպի Աստուած  եւ դէպի մերձաւոր, առացն բաժանումի, առանց անշարժանալու մոռցուածներուն ճիչին եւ վիրաւորուած մոլորակի դիմաց։

ՊԷտք ունինք միացած մնալու, դիմադրելու համար տարածուած համաճարակներուն՝ սովի, պատերազմներուն, անտարբերութեան  Ժահրերուն ։ Լոկ միասին ընթանալով հեռուները պիտի հասնինք։» Ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա պատգամը եզրափակեց նշելով «սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք կը տարածէք Աւետարանի կեանքի աւետիսը  եւ յոյսի նշան էք։ Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ Աստուծմէ կը հայցեմ, որ օրհնէ ձեզ եւ դուք ալ աղօթեցէք որպէսզի Աստուած զիս օրհնէ։ Շնորհակալութիւն։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 10:00