Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիսուս մեզի կը թելադրէ սորվիլ եւ տեսնել իրականութիւնը որ մեզ կը շրջապատէ՝ Իր, Յարուցեալի ներկայութեան լոյսին տակ։»

«Սուրբ Կոյս Մարիամը ընկերակցի մեր ճանապարհին՝ իր մայրական պաշտպանութեամբ. սորվինք անկէ քաղցրութիւնը եւ քաջութիւնը՝ աշխարհի մէջ ըլլալու վկաներ Յարուցեալ Տիրոջ։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 24 մայիս, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական պալատի մատենադարանէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը աղօթեց կիրակնօրեայ Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը ապա այս առթիւ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը կապուած օրուան աւետարանին։

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդածութեան մէջ Սրբազան հայրը ըսաւ.

«Այսօր Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կը կատարուի Տիրոջ Համբարձման տօնը։ Աւետարանի հատուածը (հմմտ Մտթ ԻԸ. 16-20) մեզի ցոյց կու տայ Առաքեալները որոնք կը հաւաքուին Գալիլիայի մէջ, «այն լերան վրայ, ուր Յիսուս անոնց նշած էր»։ Հոն տեղի կʼունենայ յարուցեալ Տիրոջ վերջին հանդիպումը։ «Լեռ»ը ունի խորհրդանշանական ուժեղ եւ կոչողական իմաստ։ Լերան մը վրայ Յիսուս հռչակած էր Երանութիւնները (հմմտ Մտթ Ե. 1-12). լեռներու վրայ կը քաշուէր աղօթելու համար (հմմտ Մտթ ԺԴ. 23). հոն կը հաւաքէր բազմութիւնները եւ կը բժշկէր հիւանդները (հմմտ Մտթ ԺԵ. 29)։ Սակայն այս անգամ, լերան վրայ, Ան չի գործեր եւ չի սորվեցներ իբր Վարդապետ, այլ կը հրահանգէ աշակերտներուն որ գործեն եւ աւետարանեն. կը վստահի անոնց Իր գործը շարունակելու յանձնառութիւնը։

Հոն իշխանութիւն կու տայ առաքելութիւն ընելու բոլոր ազգերուն։ Ան կʼըսէ. «Գացէք ուրեմն եւ աշակերտեցէք բոլոր ժողովուրդները, մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, սորվեցուցէք անոնց պահել այն ինչ որ պատուիրեցի ձեզ»։ Առաքեալներուն վստահուած առաքելութեան բովանդակութիւնն է՝ աւետարանել, մկրտել, սորվեցնել, քալել Վարդապետի գծած ճանապարհէն, այսինքն՝ Աւետարանի ճամբէն։ Փրկութեան այս պատգամը նախ կը հայի վկայ ըլլալու պարտականութեան, որուն նաեւ մենք, այսօրուան աշակերտներս կոչուած ենք, կոչուած՝ պահպանեու մեր հաւատքը։ Այսպիսի հարկադրող պարտականութեան մը դիմաց, եւ մտածելով մեր տկարութիւններու մասին, մենք մեզ անարժան կը զգանք, ինչպէս ապահովաբար զգացին նաեւ Առաքեալները։ Սակայն պէտք չէ վհատիլ, յիշելով Յիսուսի խօսքերը որ ուղղեց Առաքեալներուն նախ քան երկինք համբառնալը. «Ես ձեր հետն եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»։

Այս խոստումը կʼապահովցնէ Յիսուսի մխիթարական յարատեւ ներկայութիւնը մեր մէջ։ Սակայն ի՞նչ ձեւով կʼիրականանայ այս ներկայութիւնը։ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ, որ կʼառաջնորդէ Եկեղեցին՝ ընթանալու պատմութեան մէջ իբր իւրաքանչիւր մարդու ուղեկիցը։ Այն Հոգին, որ ուղարկուած է Քրիստոսի եւ Հօր կողմէ, կը ներգործէ մեղքերու թողութիւն բոլոր անոնց, որոնք զղջացած՝ վստահութեամբ կը տրամադրուին Անոր պարգեւին։ Մինչեւ ժամանակներու վերջը մեր հետ մնալու խոսումով, Յիսուս սկիզբ կը դնէ աշխարհի մէջ իր ներկայութեան ոճին՝ իբր Յարուցեալ. ներկայութիւն մը, որ կը յայտնուի Աստուածաշունչին մէջ, Սուրբ Խորհուրդներուն մէջ, Սուրբ Հոգիի յարատեւ ներգործութեան մէջ։ Համբարձման տօնը մեզի կʼըսէ թէ Յիսուս երկինք համբարձաւ, փառաւոր կերպով նստաւ Հօր աջ կողմը, եւ տակաւին եւ միշտ մեր հետն է։ Այստեղէն կը բխի մեր ոյժը, մեր յարատեւութիւնը եւ մեր ուրախութիւնը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը ընկերակցի մեր ճանապարհին՝ իր մայրական պաշտպանութեամբ. սորվինք անկէ քաղցրութիւնը եւ քաջութիւնը՝ աշխարհի մէջ ըլլալու վկաներ Յարուցեալ Տիրոջ։»


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2020, 12:09