Որոնել

1590315170199.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համաշխարհային օրը։

«Մենք մաս կը կազմենք մեզմէ աւելի մեծ պատմութեան մը ու կարող ենք յոյսով նայիլ ապագային, եթէ իսկապէս հոգ տանինք մէկը միւսին, որպէս եղբայրներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Մայիսին, կիրանօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Սրբազան Պապը յատուկ խօսք մը ուղղելէ ետք Զինաստանի Կաթողիկէներուն, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնեց նաեւ Տիրոջ բոլոր աշակերտներն ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդիկը, «որոնք, ըսաւ Ան, այս դժուար ժամանակաշրջանին, աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը գործեն՝ գորովով եւ յանձնառութեամբ, ի խնդիր խաղաղութեան, ազգերու միջեւ երկխօսութեան, աղքատներու ծառայութեան, արարչագործութեան պահպանումին ու մարդկութեան յաղթանակին՝ մարմնական, սրտի եւ հոգեկան որեւէ հիւանդութեան վրայ։

Սրբազան Պապը ապա յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համաշխարհային օրը, «որուն այս տարուայ նիւթը նուիրուած է պատմուածքին»։

«Թող որ այս ձեռնարկը մեզ քաջալերէ պատմելու եւ կիսելու համար կառուցողական պատմութիւններ, որոնք մեզ օգնեն հասկնալու թէ մենք մաս կը կազմենք մեզմէ աւելի մեծ պատմութեան մը, ու կարող ենք յոյսով նայիլ ապագային, եթէ իսկապէս հոգ տանինք մէկը միւսին, որպէս եղբայրներ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցնելով նաեւ թէ այսօր նախատեսուած էր իր Աչերրա քաղաք այցելութիւնը, «ամրացնելու համար անոր բնակիչներուն հաւատքը ու յանձնառումն  անոնց՝ որոնք կը գործեն հակազդելու համար, այդպէս կոչուած, «հրդեհներու հողամաս»ի ապականութեան ողբերգութեան։ Իմ այս այցելութիւնս յետաձգուած է, այսուհանդերձ Եպիսկոպոսին, քահանաներուն, ընտանիքներուն ու Թեմի համայն հասարակութեան կ՛ուղարկեմ ողջոյնս, օրհնութիւնս եւ քաջալերանքս, ձեզ շուտով հանդիպելու սպասումով» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա  Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Ան ապա նախորդ կիրակիներու նման ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան, որտեղէն  ողջունեց ապա օրհնեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու փոքրիկ խումբ մը, այդ օրհնութիւնը տարածելով համայն աշխարհին։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2020, 12:14