Որոնել

20200517_Centro-Aletti_Cappella-delle-Missionarie-dellImmacolata-Monza-Italia_2008_lo-Spir.jpg

«Առաքելութիւնը Սուրբ Հոգիին ձրի պարգեւն է եւ ոչ թէ ռազմավարութիւններու արդիւնք». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնէական առաքելութիւնը առանցքը կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններուն»  յղած այս տարուայ պատգամին, որուն մէջ ան կը մատնանշէ Հռոմի մէջ ծրագրուած եւ համաճարակի բերումով  յետաձգուած անոնց տարեկան հաւաքին, որուն նախատեսուած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը բացատրէ թէ առաքելութիւնը «Աշխարհահայեացքային համակարգերու և ռազմատենչ կամ արուետա-մասնագիտական ​​իրաւասութիւններու տրամաբանութեան» պտուղը չէ, այլ կը ծնի այն յորդառատ ուրախութենէն, զոր Տէրը մեզի կը պարգեւէ եւ պտուղն է Սուրբ Հոգւոյն։ Պտուղ որ մենք միայնակ կարող չենք ձեռք բերել։

Առաքելութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է։ Եւ առաքեալ ըլլալը կը նշանակէ՝ այդ անարժանաբար ընդունած պարգեւը՝ այդ Ուրիշին լոյսը ցոլացնել, ինչպէս կ՛ընէ լուսինը արեւին հետ։ «Վկաները արդարեւ անոնք են, որոնք ամէն մէկ մարդկային իրավիճակին մէջ,  կը բացայայտեն այն ինչ որ ուրիշը գործած է։ Եւ ահա այս իմաստով ու միայն այս իմաստով է՝ որ մենք կարող ենք ըլլալ Քրիստոսին ու Անոր Հոգւոյն վկաները»։

Պատգամը իր ծագումը կը գտնէ  “Evangelii gaudium – Աւետարանի Ուրախութիւնը» շրջաբերականի էջերուն մէջ որ ուղեցոյցը կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան։

Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ որ Եկեղեցւոյ առաքելութեան սերնդաբանական ամենամտերիմ յատկութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին գործունէութիւնը ըլլան է, եւ ոչ թէ հետեւանքը մեր անձնական դիտաւորութիւններուն եւ խորհրդածութիւններուն։

Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնը ընկալելը շնորհք մըն է եւ միակ ուժը՝ որպէսզի կարողանանք հռչակել Աւետարանը։ Փրկութիւնը արդարեւ մեր առաքելական նախաձեռնութիւններուն հետեւանքը չէ, ան կարելի է միայն՝ Բանին հայեացքին հետ հանդիպումի ու անոր կոչին հետեւանքով։

Որոշիչ յատկութիւններ

Պատգամին մէջ  Սրբազան Պապը կը խօսի  առաքելութեան որոշիչ յատկութիւններու մասին, որոնցմէ առաջինը գրաւչութիւնն է։ «Եկեղեցին աշխարհին մէջ կ՛աճի իր գրաւչութեամբ եւ ոչ թէ մարդորսորդութեամբ» կը գրէ Ան, մատնանշելով այլ յատկութիւններուն ինչպէս ձրիութիւնը, երախտապարտութիւնը, ապա կայ խոնարհութիւնը, «որովհետեւ եթէ ուրախութիւնը եւ փրկութիւնը կը համարուին մեր արժանիքներու շնորհիւ ձեռք բերուած նպատակներ, Աւետարանը չի կրնար հռչակուիլ եթէ ոչ՝ միայն հեզութեամբ, առանց սնապարծութեան»։

Հուսկ կայ դիւրացնելու եւ չի բարդացնելու յատկութիւնը։ Մինչ երկու այլ յատկութիւններու շարքին կայ նաեւ մօտիկութիւնը, որովհետեւ առաքելութիւնը սահմանուած է մարդոց, այնտեղ ուր որ անոնք կը գտնուին, իրենց միջավայրին մէջ։

Ապագայի հեռանկար

Խորհելով ապագայի մասին Քահանայապետը կը յիշեցնէ որ Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւնները  ծնունդ առին ինքնաբուխ կերպով, մկրտեալներու հաւատքէն բխած եռանդէն ու ժամանակներու ընթացքին դարձան ցանց մը՝ որ տարածուած է բոլոր ցամաքամասերու մէջ։ Բազմազանութիւն մը որ պէտք է պահպանել «գաղափարախօսական սահմանումներէն։

Քահանայապետը կը զգուշացնէ հուսկ որոշ թակարդներէ, որոնց շարքին կը նշէ ինքնագովազդը, եսակեդրոն կեցուածքը, հրամանատարական անհանգստութիւնը, որոշ դասակարգի պատկանելիութեան միտումը. Ապա ժողովուրդէն մեկուսանալը, «անոր նայելով որպէս անշարժ  զանգուած,  որ միշտ պէտք ունի վերակենդանանալու եւ շարժումի մէջ դրուելու, կարծես թէ հաւատքի հաւաստիութիւնը հետեւանքն ըլլար հրապուրիչ ճառի մը, կամ  մարզական մեթոտներու»։

Քահանայապետը առ այդ խորհուրդներ կու տայ, Քահանայապետական Առաքելական Գործունէութիւններէն խնդրելով պահպանել եւ վերագտնել Աստուծոյ Ժողովուրդի սրտին մէջ իրենց տեղադրումի դրդապատճառները, մխրճուելով մարդոց իսկական  գործնական կեանքին մէջ, հիւսուելով թեմին, ժողովրդապետութիւններուն, հասարակութիւններուն, եկեղեցական ցանցին հետ։

Ապա կը խնդէ հաւատարիմ ու կապուած մնալ աղօթքին, նոր ուղիներ որոնելով առաքելութեան համար, առանց սակայն բարդացնելու այն ինչ որ դիւրին է եւ «նայելով  դէպի դուրս եւ ոչ թէ հայելիին»։

Նորին Սրբութիւնը ի վերջոյ կը խնդրէ որ անոնք չդառնան մարդասիրական կազմակերպութիւններ, նուիրատուութիւնները դարձնելով իրենց առաջնահերթ գործունէութիւնը, ապա նկատի առնելու նաեւ հասարակութիւններու առաջնակարգ կարիքները՝ առանց մոռնալու աղքատները։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը կ՛աւարտէ Սուրբ Իքնատիոսի խօսքերով Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններէն խնդրելով որ լաւապէս կատարեն իրենց աշխատանքը՝ «այնպէս թէ ինչպէս ամէն ինչ կախում ունենար անոնցմէ, սակայն իրականութեան մէջ գիտնալով թէ ամէն բան կախեալ է Աստուծմէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2020, 12:00