Որոնել

Աստուծոյ ժողովուրդը իր հովիւին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հետ։

Պսակաձեւ ժահրի տարածման ու կանխարգիլման հետեւանքով, եկեղեցիներու դռները հաւատացեալներու առջեւ փակ մնալով հանդերձ, ֆրանչիսկոս Պապ 70 օր անընդհատ շարունակեց յոյսի , մխիթարանքի եւ Քրիստոսի յարութեան պատգամը փոխանցել ի սփիւռս աշխարհ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցառումներուն ծիրէն ներս, ինքնամեկուսացման դժուար ամիսներուն, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  շարունակեց մօտիկ գտնուիլ հաւատացեալներուն, ամէն օրեւ իւրաքանչիւր ծիսական արարողութիւններուն, փոխանցելով իր հայրական յոյսի եւ քաջաքերանքի պատգամը։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ ամէն օր վաղ առաւօտուն, Սրբազան Հայրը Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ուղիղ եթերով սփռուած Սուրբ պատարագ մատոյց փոխանցելով օրուան խորհուրդի պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը համաճարակի դժուար օրերուն շարունակեց նաեւ ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ունկնդրութիւնները, աւանդական կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնները։

Ի երախտագիտութիւն Սրբազան Պապին հաւատացեալներու ցուցաբերած այդ  մօտիկութեան եւ ընկերակցութեան ժեսթերուն, Նորին Սրբութիւնը աշխարհի չորս ծագերէն հաւատացեալներէն ստացած է երախտագիտութեան եւ շնորհակալական բազմաթիւ պատգամներ։

«Շնորհակալ ենք մեզի ցուցաբերած մօտիկութեան եւ զօրակցութեանդ համար։ Շնորհաակալ ենք իւրաքանչիւր բնակարանի մէջ Յիսուս Քրիստոսը փոխանցելուդ համար։ Շնորհակալ ենք հոգեւորական հաղորդութեան համար։ Շնորհակալ եմ, որովհետեւ անհաւատ էի սակայն՝ այժմ Յիսուսի խաչին դիմաց չոգած կը ողբամ։ Շնորհակալ ենք, որ մեզի մինակ չի թողեցիր։»

Սրբազան Հայրը այսպիսի եւ այլ բազմաթիւ անձնական եւ հասարակութիւններու կողմէ պատգամներ ստացաւ աշխարհի չորս ցամաքամասերէն։

9 մարտ 2020ին, սկիզբ առած համաճարակի տագնապի առաջին օրէն իսկ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց պսակաձեւ ժահրով վարակուած հիւանդներուն, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կամաւորներուն համար։ Ան աղօթեց ծերանոցներու մէջ գտնուող մենակ տարեցներուն համար, աղօթեց աշխարհի կառավարիչներուն, աշխատաւորներուն, ընատանիքներուն, բանտարկեալներուն համար։

Պսակաձեւ ժահրի տարածման ու կանխարգիլման հետեւանքով, եկեղեցիներու դռները հաւատացեալներու առջեւ փակ մնալով հանդերձ, ֆրանչիսկոս Պապ 70 օր անընդհատ շարունակեց յոյսի , մխիթարանքի եւ  Քրիստոսի Յարութեան պատգամը փոախանցել ի սփիւռս աշխարհ եւ այս կարելի եղաւ շնորհիւ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու եւ նորարական սարքերուն։

Միլիոններով մարդիկ ամէն օր ամփոփուած իրենց բնակարաններուն մէջ, Ռատիոյէն, համացանցէն եւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ հետեւացան ու միացան Սրբազան Պապին աղօթքներուն ու Զատկուայ տօնին նախագահած արարողութիւններուն։

18 մայիս 2020ին, վերջ գտնելով ուղիղ եթերով սփռուած ֆրանչիսկոս Պապին Տոմւոս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած պատարագները Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կարենայ եկեղեցի վերադառնալ մասնակցելու համար Սուրբ Պատարագի եւ  Սուրբ խորհուրդներուն արարողութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 12:24