Որոնել

1586639550221.jpg

Աւագ շաբաթ օրուայ հսկումի արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։

Ինչքան մարդիկ տխուր օրերու մէջ կ՝ապրին եւ կը գործեն աւետարանի կիներու նման, յոյսի ծիլեր մշակելով, խնամքի, սիրոյ եւ աղօթքի ժեսթերով։ Գերեզմանին դիմաց կեանքի խօսքեր կը լսեն, ապա Յիսուսի կը հանդիպին, յոյսի հեղինակին, որ կը հաստատէ ըսելով «մի վախնաք»։ Այսօր այդ խօսքը Աստուծոյ խօսքերն են ,որ մեզի կը կրկնէ՝ այս գիշերուան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան   

Շաբաթ,  11 ապրիլին, երեկոյեան, Սուրբ Պետրոստի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Աւագ շաբաթ օրուայ հսկումի սուրբ Պատարագին, առանց հաւատացեալներու. ներկայութեան։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ

« Շաբաթ գիշեր, Մարիամ եւ միւս Մարիամը փութացին գերեզմանը տեսնելու։(Մատթ 28,1)։ Կիները իրենց աչքերուն մէջ ունէին տառապանքի ողբերգութիւնը։ Անոնք տեսած էին մահը,  եւ մահը կը կրէին իրենց սրտերուն մէջ։ Անոնց ցաւին կ՝ընկերանար վախը, արդեօք իրենք եւս Վարդապետին նման վերջ պիտի գտնէին։  Վախ՝ ապագային նկատամբ՝  ամէն բան վերակառուցելու համար։ Անոնց համար խաւար պահ մըն է, ինչպէս նաեւ մեզի համար։ Սակայն այդ կացութեան մէջ կիները թոյլ չտուին, որ անշարժութեան մատնուին։ Շաբաթ օրը, իրենց տուներուն մէջ սկսան անուշահոտ պատրաստել Յիսուսի մարմինին համար։ Տիրամայրը շաբաթ, օր կ՝աղօթէ եւ կը յուսայ։ Այդ կիները առանց գիտնալու, խաւարի մէջ կը պատրաստէին, լուսաբաց շաբաթուան առաջի օրուան համար, այն օրը, որ պատմութիւնը պիտի փոխուէր։

Ինչքան  մարդիկ տխուր օրերուն մէջ կ՝ապրին եւ կը գործեն այդ կիներու նման, յոյսի ծիլեր մշակելով,  խնամքի, սիրոյ եւ աղօթքի ժեսթերով։ Գերեզմանին դիմաց կեանքի խօսքեր կը լսեն, ապա Յիսուսին կը հանդիպին, յոյսի հեղինակին, որ կը հաստատէ ըսելով«մի վախնաք»։ Այսօր այդ  խօսքը Աստուծոյ խօսքերն են որ մեզի կը կրկնէ՝ այս գիշերուան մէջ։

Այս գիշեր, կը նուաճենք հիմնական իրաւունք մը, որ երբեք պիտի չի խլուի, յոյսի իրաւունքը։ Նոր յոյսն է, որ Աստուծմէ կու գայ։ Երինքէն իջած պարգեւ մը։ Ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ։ Յիսուսի յոյսը տարբեր է։ Սիրտին մէջ կը դնէ այն  վստահութիւնը, որ Աստուած ամէն բան լաւ գիտէ կատարել, որովհետեւ նոյնիսկ գերեզմանին մէջ կեանքի յարութիւն կու տայ ։  Գերեզմանը վայրն է,  ուր ով որ հոն մուտք գործէ դուրս չելլեր։ Բայց՝ Յիսուս դուրս եկաւ մեզի համար, յարութիւն առաւ մեզի համար՝ կեանք բերելու համար  եւ սկիզբ տալու նոր պատմութիւն մը՝ որուն վրայ  մեծ քար մը կար։ Հետեւաբար պէտք չէ, որ յուսալքուինք, եւ պէտք է որ Յոյսի վրայ քարը զետեղենք։  Կրնանք եւ պէտք է յուսալ, որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ է ։ Մեզի մինակ չի թողուց։ Ան  եկաւ մեր բոլոր կացութիւններուն մէջ, մեր ցաւերուն, անձկութիւններուն եւ մահուան մէջ

Խաւարը,  մահը չունին վերջին խօսքը։  Օն քաջութիւն։ Աստուծոյ հետ ոչ մէկ բան կորսուած է։ Քաջութիւնը բառ մըն է, որ Աւետարանի մէջ միայն Յիսուսի բերնէն կ՝ելլէ։  մէկ անգամ միայն ուրիշները այդ բառը կ՝արտասանեն, կարիքաւորի մը  ըսելու համար , քաջութիւն  վեր կանգնիր, Յիսուսի քեզի կը կանչէ։  Յարուցեալն է, որ մեզի՝ կարիքաւորներուն  ձեռք կու տայ։ Բաւ է, որ աղօթքով մեր սիրտը բանանք, բաւ է որ բարձրացնենք մեր սիրտի վրայ զետեղուած դուռը՝ Յիսուսի լոյսը մտցնելու համար։

Զատկուան աւետումը կ՝ընդգրկէ նաեւ  երկրորդ մաս մը։ Առաքում։ Գացէք եւ ըսէք  իմ եղբայրներուս որ Գալիլեա երթան եւ հոն պիտի տեսնեն զիս (Մատթ 28,10) Տէրը մեզի ընդառաջ կու գայ։  Գեղեցիկ է գիտնալ ,որ տէրը մեր դիմաց կը քալէ, որ մեր կեանքին ու մահուան այցելեց ՝Գալիլեա մեզմէ առաջ հասնելու համար, այն վայրը ուր Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն համար առօրեայ կեանքը յիշել կու տայ՝ ընտանիքն ու աշխատանքը։ Յիսուս կը փափաքի որ մեր յոյսը հոն տանինք, ամենօրեայ կեանքին մէջ։ Յիսուս կը հրաւիրէ  Գալիլեա երթալ,  այդտեղէն վերսկսելու համար։։Սա կը նշանակէ, որ յոյսը պէտք է ամէն տեղ տանիլ, որովհետեւ բոլորս պէտք ունինք մխիթարուելու. եթէ մենք չկատարենք այս , ով պիտի կատարէ զայն , մենք որ Կեանքի Բանին դպանք։

Ինչքան գեղեցիկ է քրիստոնեաներ ըլլալ, որոնք կը սփոփեն, եւ որոնք ուրիշներու բեռը կը կրեն եւ կը քաջալերեն։ Կեանքի  մասին աւետողները՝ մահուան ժամանակի մէջ։ Պէտք է, որ լռեցնենք մահուան աղաղակը, բաւ է պատերազմները։ Թող կասեցուին զէնքերու վաճառականութիւնը ,որովհետեւ հացի կարիքը ունինք եւ ոչ թէ զէնքերու կարիքը։ Թող դադրին վիժումները որոնք կեանքը կը սպանեն։    

Եւ վերջապէս, կիները «կը փարին Յիսուսի ոտքերուն» (Մտթ ԻԸ. 9), այն ոտքերուն որ մեզի հասնելու համար երկար ճանապարհ կտրած էին, մինչեւ իսկ գերեզման մտած էին եւ անկէ դուրս եկած։ Կը փարին այն ոտքերուն, որոնք ոտնակոխ ըրին մահը եւ բացին յոյսի ճանապարհը։ Մենք, ուխտաւորներ՝ յոյսի փնտռտուքով, այսօր կը փարինք Քեզի, Յարուցեալ Յիսուս։ Մեր կռնակը դարձնենք մահուան, եւ սրտերը բանանք Քեզի՛, որ կեանքն ես։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2020, 22:21