Որոնել

1587544350202.JPG

«Մայր Երկրի միջազգային 50-րդ օր» Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Մենք թերացանք երկիրը՝ մեր տուն - պարտէզը ու նաեւ մեր եղբայրները պաշտպանելուն մէջ։ Մենք մեղք գործեցինք մեր մայր երկրի դէմ, մեր մերձաւորին դէմ եւ ի վերջոյ մեր Արարիչին դէմ, այն բարի Հայրը՝ որ կը հոգայ իւրաքանչիւրին եւ կը փափաքի որ ապրինք միասին հաղորդութեան եւ բարօրութեան մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

22 ապրիլի 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական Պալատի մատենադարանէն, որ վերջերս, մարդկութիւնը խուճապի մատնած համաճարակի պատճառաւ,  դարձած է չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն վայրը, հաղորդամիջոցներու սփռումներու միջոցաւ ուղիղ եթերով ներկայացուց ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը՝ զոր նուիրեց Մայր Երկրի միջազգային 50-րդ օրուան։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, այսօր կը տօնախմբենք մայր երկրի միջազգային 50 օրը։ Ասիկա առիթ է վերանորոգելու մեր յանձնառումը ի սէր մեր հասարակաց տան ու հոգ տանելու անոր ու մեր ընտանիքի ամենատկար անդամներուն։

Միայն միասին ու աւելի դիւրաբեկ մարդոց բեռը մեր վրայ առնելով է որ կարող ենք յաղթահարել համաշխարհային մարտահրաւէրները, ինչպէս մեզի ցոյց կու տայ ողբերգական համաճարակը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակի վերնագիրին. «հասարակաց տան խնամքը» եւ հրաւիրելով՝ «միասին խորհրդածել մեզի յանձնուած պատասխանատուութեան վրայ»։

«Կազմուած ենք երկրային նիւթէ ու երկրի պտուղները թիկունք են մեր կեանքին։ Սակայն ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Ծննդոց գիրգը, մենք պարզապէս երկրային չենք. Մեր մէջ կը կրենք կենդանի շունչը՝ որ կու գայ Աստուծմէ (Ծննդոց 2, 4-7)։Ուստի միասնական տան մէջ կ՛ապրինք որպէս  միակ մարդկային ընտանիք եւ Աստուծոյ միւս արարածներու հետ կենսաբազմազանութեան մէջ» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով՝ թէ «որպէս Աստուծոյ պատկերներ, կանչուած ենք յարգանք եւ խնամք տանելու բոլոր արարածներուն, ու սիրով եւ կարեկցութեամբ սնուցելու մեր եղբայրներն ու քոյրերը, յատկապէս ամենէ տկարները, նման այն սիրոյն որ մեզի վերապահած է Աստուած եւ որ յայտնուեցաւ իր Զաւկին ՝ Յիսուսին մէջ»։

«Անձնասիրութեան պատճառաւ մենք անտեսեցինք մեր երկրի պահապաններու ու մատակարարներու պատասխանատուութիւնը։ Բաւ է անկեղծութեամբ նայիլ իրականութեան, տեսնելու համար մեր հասարակաց տան մէջ գոյութիւն ունեցող վատթարացումը։ Մենք ապականեցինք ու կողոպտեցինք զայն, վտանգի ենթարկելով նաեւ մեր կեանքը։ Ասոր համար ալ՝ կեանքի կոչուեցան միջազգային զանազան շարժումներ,  արթնացնելու համար խիղճերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանք արտայայտելով այդ շարժումներուն իրագործած ձեռնարկներուն համար, որոնց ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատեց նոր սերունդի ներգրաւումը «որպէսզի մեզի սորվեցնեն այն ինչ որ բացայայտ է՝ այսինքն, մեզի համար ապագայ չկայ եթէ կործանենք բնութիւնը որ մեզի թիկունք կը կանգնի»։

«Մենք թերացանք երկիրը՝ մեր տուն - պարտէզը ու նաեւ մեր եղբայրները պաշտպանելուն մէջ։ Մենք մեղք գործեցինք մեր մայր երկրի դէմ, մեր մերձաւորին դէմ եւ ի վերջոյ մեր Արարիչին դէմ, այն բարի Հայրը՝ որ կը հոգայ իւրաքանչիւրին եւ կը փափաքի որ ապրինք միասին հաղորդութեան եւ բարօրութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հարց տալով.«Ի՞նչպէս կարող ենք վերականգնել երկիրն ու մնացած մարդկութեան հետ ներդաշնակ յարաբերութիւնը» ապա  նկատել տուաւ՝ որ «պէտք է նոր ձեւի հայեացքով նայիլ մեր հասարակաց տան» որովհետեւ «Ան չարաշահուելիք կենսամիջոցներու պահեստանոց մը չէ»։

«Եւ ի տես մեր վարուելակերպին Երկիրը ի՞նչպէս կը պատասխանէ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Սպանական ասացուածք մը։ «Աստուած կը ներէ միշտ։ Մարդիկս կը ներենք անգամներ այո, անգամներ ոչ, սակայն երկիրը չի ներեր երբեք։  Մենք ապականեցինք մայր հողը. Ասոր պատասխանը շատ գէշ պիտի ըլլայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը

«Մեզի հաւատացեալներուս համար բնական աշխարհը՝ ստեղծագործութեան Աւետարանն է, որ Աստուծոյ ստեղծագործ զօրութիւնը կ՛արտայայտէ մարդկային կեանքը ձեւաւորելուն մէջ ու աշխարհն ու անոր պարունակութիւնները ստեղծելու մէջ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ստեղծագործութեան պատմութեան ու անոր աւարտին «Եւ Աստուած տեսաւ իր բոլոր ստեղծածները եւ այդ ամէնը շատ  բարի էր»։

«Այսօր յիշատակելով Մայր Երկրի համաշխարհային օրը, կանչուած ենք վերագտնելու երկրին նկատմամբ սուրբ յարգանքի զգացումը, որովհետեւ անիկա միայն մեր տունը չէ, այլ նաեւ Աստուծոյ տունը։ Ասորմէ արդարեւ կը բխի գիտակցութիւնը գտնուելու սուրբ հողի մը վրայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով բնիկ ժողովուրդներէն սորվիլ թէ «չենք կրնար խնամք տանիլ մայր երկրին եթէ զայն չի սիրենք եւ չի յարգենք»։

Քահանայապետը ապա նշեց թէ կարիքը կայ «բնապահպանական դարձի մը, որ պէտք է արտայայտուի շօշափելի եւ գործնական արարքնեով»։

«Որպէս իրարմէ կախեալ մէկ ընտանիք, պէտք ունինք բաժնեկցուած ծրագիրի մը, հեռու պահելու համար մեր հասարակաց տան դէմ սպառնալիքները» ըսաւ Ան խրախուսելով բոլոր անոնք որոնք իշխանութեան տէր են, լաւապէս պատրաստելու երկու կարեւոր միջազգային գիտաժողովները. կենսաբազմազանութեան նուիրուած COP15 Զինատանի Քունմինկ քաղաքին մէջ եւ Միացեալ Թագաւորութեան Կլազքով քաղաքի կլիմայական փոփոխութիւններու COP26։

Սրբազան Հայրը քաջալերեց տեղական ու ազգային գետնի վրայ կազմակերպելու միասնական միջամտութիւնները ու կեանք տալու՝ «ներքեւէն սկսող ժողովրդական շարժումի մը», որովհետեւ իւրաքանչիւրիս փոքր սատարը այդ ուղղութեամբ կարեւոր ու հիմնական է եւ կարող է «բարիք տարածել ընկերութեան մէջ» նաեւ «անտեսանելի կերպով»։

«Այս Զատկական նորոգումի  ժամանակաշրջանին՝ յանձնառու ըլլանք սիրելու ու գնահատելու մեր  հասարակաց տան՝  Երկրին հիանալի պարգեւը, ու հոգ տանելու մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներուն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով՝ «որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, միասնաբար  աղերսենք մեր Երկնաւոր Հօր. «Սուրբ Հոգիդ ղրկէ եւ երկրին երեսը նորոգէ» (Սաղմոս 104, 30)»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2020, 09:46