Որոնել

1585729443723.jpg

«Երանի անոնց որ մաքուր են սրտով». Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«ԶԱստուած տեսնելու համար պէտքը չկայ ակնոցներ փոխելու, պէտք է պարզապէս մեր սրտերը պարպենք նենգութիւններէն ու խաբէութիւններէն որոնք մեզ դէպի մեղք կը տանին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ մէկ ապրիլ 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քորնա ժահրի բերումով ստեղծուած արտակարգ դրութեան պատճառաւ, նախորդ չորեքշաբթի օրերուն պէս, Առաքելական Պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց, ուղիղ եթերով սփռուած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով Երանութիւններու մասին խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ վեցերորդ Երանութեան մասին. «Երանի անոնց որ մաքուր են սրտով»։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, այսօր միասին կ՛ընթերցենք վեցերորդ երանութիւնը, որ կը խոստանայ զԱստուած տեսնել եւ որուն պայմանը սրտի մաքրութիւնն է ։

Սուրբ գիրքը կը բացայայտէ անձնական յարաբերութեան մը ծարաւը՝ Աստուծոյ հետ, իսկական եւ մտերմիկ յարաբերութեան ծարաւը, որուն ձգտելու համար հարկաւոր է տեղ բանալ Աստուծոյ, մեր սրտերը ազատել ներքին դաւաճանութիւններէն, որոնք մեզ կը մղեմ մեղքին։

«ԶԱստուած տեսնելու համար պէտքը չկայ ակնոցներ փոխելու, պէտք է պարզապէսս մեր սրտերը պարպենք նենգութիւններէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով՝ որ «ամենավսեմ պայքարը մեր ներքին խաբէութիւններուն  դէմ մղուած պայքարն է», խաբէութիւնները, որոնք մեզ կը մղեն մեղքին։

Հարկաւոր է առ այդ հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ սրտի մաքրութիւն։ Եւ այդ ընելու համար պէտք է յիշել որ Սուրբ Գիրքին մէջ սիրտը՝ ոչ միայն զգացում է, այլ մարդու էութեան ամենամտերիմ վայրը, ներքին տարածքը ուր մարդը ինքզինք կը գտնէ։

Մաքուր սիրտ կը նշանակէ ապրիլ Տիրոջ ներկայութեամբ, սրտին մէջ պահպանելով այն ինչ որ արժէքաւոր է անոր հետ յարաբերութեան մէջ։ Մաքրուած սիրտը արդիւնքն է գործընթացի մը, որ կ՛ենթադրէ  ազատագրում եւ մերժում։ Բիւրեղացում մը որ կ՜ենթադրէ ճանչնալ սրտին այն մասը որ չարի ազդեցութեան տակ կը գտնուի, թոյլ տալով առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն։

«Աստուած տեսնելու համար պէտք է բիւրեղացնենք մեր սրտերը  նախանձի, զայրոյթի, կեղծիքի, ատելութեան, եսասիրութեան, կասկածամտութեան մեղքերէն...աղօթքի, սիրոյ եւ ողորմութեան միջոցաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, աւելցնելով, որ «Երանութեան տեսութիւնը՝ ունի ապագայի հեռանկար, վախճանաբանական հեռանկար՝ որ Երկնքի Արքայութեան մէջ երջանկութիւնն է, երկինք՝ դէպի ուր կ՛ընթանանք բոլորս»։

Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց, թէ «Աստուած տեսնել կը նշանակէ նաեւ հասկնալ Նախախնամութեան բոլոր ծրագիրները, ընդունիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ Խորհուրդներուն մէջ, որտեղ Ան կը յայտնուի, ինչպէս նաեւ մեր եղբայրներուն ու յատկապէս աղքատներուն ու տառապողներուն մէջ»։

Ֆրանչիկսոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով որ սոյն երանութիւնը պտուղն է նախորդ երանութիւններուն. «Եթէ մենք ունկնդրեցինք մեր մէջ գտնուող ծարաւն ու անօթութիւնը, եթէ գիտակից ենք թէ պէտք է ապրինք ողորմութիւնը, այն ատեն սկիզբ կ՛առնէ ազատագրումի ուղեւորութիւն մը՝ որ կը ներգրաւէ համայն կեանքը, ու մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի երկինք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2020, 09:50