Որոնել

Քու պաշտպանութեանդ հովանիին ներքեւ կ'ապաւինինք, ով Սուրբ Աստուածամայր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց իր այս յօրինած աղօթքը աղօթել Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուայ ընթացքին, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը՝ համաճարակի աւարտին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Տառապանքներով  ու անձկութիւններով բեռնաւորուած համայն աշխարհը  տագնապող այսօրուայ  աղիտալի մեր վիճակէն, քեզի կը դիմենք, ով Մայր Աստուծոյ ու Մայր մեր, եւ  քու պաշտպանութեանդ կ'ապաւինինք:

Ով Սուրբ Կոյս Մարիամ, մեզի դարձո'ւր  բարեգութ  հայեացքդ «Քորոնա» ժահրի այս համաճարակին ատեն, ու մխիթարէ'  անյոյս  հիւանդները եւ  բոլոր անոնք, որոնք կու լան  մեռած ու յաճախ սրտախոց կերպով թաղուած  իրենց հարազատները:

Նեցուկ եղի'ր անոնց, որոնք մտատանջուած են վիճակովը իրենց հիւանդներուն, որոնց  չեն կրնար այցելել՝ վարակուելու վախէն:

Վստահութիւն  ներշնչէ'  բոլոր  անոնց, որոնք  անձկութեան մէջ են անորոշ ապագային,  ինչպէս նաեւ, տուժած տնտեսութեան եւ աշխատանքին հետեւանքներուն պատճառով:

Ով Մայր Աստուծոյ ու Մայր մեր, աղաչէ' մեզի համար Աստուծոյ՝ ողորմութեան  Հօր, որպէսզի այս ծանր փորձանքը  վերջ  գտնէ եւ յոյսի ու խաղաղութեան հորիզոնը վերաբացուի։

Ինչպէս Կանայի հարսանիքին ատեն, հիմակ ալ, միջնորդ  եղի'ր  քու Աստուածային Որդիիդ մօտ, Անկէ խնդրելով, որ ուժ տայ հիւանդներուն ու զոհերու  ընտանիքներուն եւ տրամադրէ անոնց սիրտը վստահութեամբ համակուելու։

Պաշտպանէ'  բժիշկները, հիւանդապահները, բուժաշխատողներն ու կամաւորները,  որոնք  սոյն տագնապի շրջանին, առաջին գիծի վրայ են եւ իրենց կեանքը կը վտանգեն ուրիշներուն կեանքը փրկելու համար։ Ընկերացի'ր անոնց հերոսական ջանքերուն ու պարգեւէ' անոնց ուժ, բարեսրտութիւն եւ առողջութիւն։

Մօտ եղի'ր, տիւ եւ գիշեր, հիւանդները խնամողներուն, ինչպէս նաեւ հովուական հոգածութեամբ եւ աւետարանական յանձնառումով ամէն ոքի օգնել ջանացող ու նեցուկ կանգնող քահանաներուն։

Ով Սուրբ Կոյս, լուսաւորէ' գիտնական այրերուն ու կիներուն մտքերը, որպէսզի ճշգրիտ լուծումներ որոնեն՝ յաղթահարելու համար այս ժահրը։

Օգնէ' Ազգերու ղեկավարներուն,  որպէսզի գործեն  իմաստութեամբ, հոգածութեամբ եւ վեհանձնութեամբ՝  սատարելով անոնց, որոնց  ապրուստին անհրաժեշտը կը պակսի, եւ ծրագրելով ընկերային ու տնտեսական լուծումներ, ամենայն հեռատեսութեամբ ու զօրակցութեան հոգիով։

Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ, խիղճերը շարժէ', որպէսզի սպարազինութիւնը բազմացնելու եւ կատարելագործելու յատկացուած մեծածախս գումարները գործածուին ի նպաստ պատշաճ ուսումնասիրութիւններուն  զարգացման՝ որպէսզի ապագային, նման աղէտներուն առաջքն առնուի:

Ով սիրեցեալ Մայր, յառաջ բե'ր աշխարհի մէջ մեծ ընտանիքի մը պատկանելիութեան զգացումը, բոլոր մարդիկը զօդող կապին գիտակցութեամբ, որպէսզի եղբայրական ու համերաշխ հոգիով օգնութեան հասնինք աղքատութենէ եւ խեղճութեան վիճակէ տառապողներուն: Քաջալեր եղի'ր մեզի, ամուր մնալու հաւատքին մէջ, յարատեւող՝ ծառայասիրութեան մէջ եւ հաստատակամ՝ աղօթքին մէջ:

Ով Մխիթարիչ վշտացելոց, գրկէ' տառապող բոլոր զաւակներդ, եւ Աստուծմէ ընդունէ', որ Իր ամենազօր բազուկով միջամտէ ու մեզ փրկէ այս ահռելի համաճարակէն, որպէսզի կեանքը կարենայ անխռովաբար վերստին առնել  իր բնականոն ընթացքը։

Մենք մեզ կը յանձնենք քեզի, որ կը փայլիս մեր ճամբուն վրայ իբրեւ նշան փրկութեան եւ յոյսի, ով գթած, ով սուրբ, ով քաղցր Կոյս Մարիամ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2020, 13:47