Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի հրեաներու հասարակութեան Րաբունապետ Տիար Ռիքարտօ Տէի Սէնյի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի հրեաներու հասարակութեան Րաբունապետ Տիար Ռիքարտօ Տէի Սէնյի 

Փեսախի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Հռոմի հրեաներու Րաբունապետի միջեւ բարեմաղթութիւններուն փոխանակում։

Հրեաներու Փեսախի եւ Քրիստոնեաներու սուրբ զատկուան տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Հռոմի հրեաներու հասարակութեան Րաբունապետի միջե բարեմաղթութւինները։

Վազգէն Աբարդեաn - Վատիկան

Հրեաներու Փեսախի տօնին առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամ մը յղեց Հռոմի Հրեաներու հասարակութեան Րաբունապետին, որուն մէջ գրած է «վերանորոգելով մեր բարեկամական կապերն ու մեր  ընկերութեան կարիքաւորներուն նկատմամբ  մեր յանձնառութիւնը՝յատկապէս ներկայ ճգնաժամային օրերուն, իմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս կը փոխանցեմ Հռոմի հրեաներուն հասարակութեան ՝Փեսախի տօնին առիթով։ Ամենակալը, որ իր սիրելի ժողովուրդը ստրկութենէն ազատեցեւ զայն առաջնորդեց Խոստացուած երկիր, թող այսօր եւս  իր առատաձեռն օրհնութիւններով առաջնորդ կանգնի։»  գրած է ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամին մէջ ան ապա պատգամին աւարտին վստահեցնելով թէ ինք միշտ կը յիշէ Հրեա հասարակութիւնը խնդրած է, որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Ունկնրդէ լուրը

Հռոմի հրեաներու հասարակութեան Րաբունապետը իր կարգին, ֆրանչիսկսոս Պապին փոխանցած շնորհաւորական պատգամին մէջ , ընդգծած է,« որ այս տարի յատուկ զատիկ մըն է ուր բնականոն գոյութենականութիւնը վրդովուած ու այլայլուած է համաճարակէն՝ խռովութիւն, վախեր, ընկերային եւ տնտեսական քայքայում պատճառելով։

Րաբունապետը ապա ապահովուած է որ « բոլորս յանձնառու պիտի մնանք օգնելու, մխիթարելու եւ խղճի քննութիւն կատարելու եւ մեր արարիչէն օգնութիւն հայցելու, ան նկատել տուած,  որ այս պահերուն,  «Մենք շօշափելի կերպով կը չափենք մեր հաւատքի ընդհանուր արժէքները և հաւաքական բարիքի համար միասին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը»:

Րաբունապետը շնորհաւորական պատգամը աւարտած է մաղթելով, որ  հակառակ ամէն բաներուն, խաղաղ զատիկ մը ըլլայ,  իր հետ բերելով վերանորոգումի եւ աւելի լաւ աշխարհի մը աւետիսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2020, 10:29