Որոնել

1587289349144.JPG

«Քրիստոնեաներուն պատասխանը կեանքի փոթորիկներու եւ պատմութեան հոլովոյթին, չի կարող ըլլալ եթէ ոչ ողորմութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Թող որ Քրիստոնէական ողորմութիւնը ներշնչում հանդիսանայ Պետութիւններու ու անոնց իշխանութիւններու միջեւ արդար բաժնեկցութեան, զօրակցական հոգիով դիմագրաւելու համար ներկայ տագնապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 ապրիլ 2020ին, Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին առթիւ, Աստուածային ողորմութեան սրբավայր հանդիսացող, Վատիկանէն ոչ շատ հեռու,  «Santo Spirito in Sassia» եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը  նոյն վայրէն արտասանեց «Ուրախ լեր թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ այդ Եկեղեցիին մէջ կը գլխաւորէ Կիրակնօրեայ աւանդական աղօթքը որ ընդհանրապէս Քահանայապետերը կը կատարեն իրենց գրասենեակի պատուհանէն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն առաջ, Սուրբ Զատկուայ այս երկրորդ կիրակիին առթիւ նշանակալից եղաւ Սուրբ Պատարագը մատուցել «Santo Spirito in Sassia» եկեղեցւոյ մէջ, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն կարգեց որպէս Աստուածային Ողորմութեան սրբավայր։

Քրիստոնեաներուն պատասխանը կեանքի փոթորիկներու եւ պատմութեան հոլովոյթին, չի կարող ըլլալ եթէ ոչ ողորմութիւնը. Մեր միջեւ եւ բոլորի նկատմամբ կարեկից սէրը, յատկապէս տառապողին, լքուածին ու աւելի դժուարութեամբ յառաջ ընթացածին նկատմամբ։

Ոչ թէ խղճալ, ոչ թէ օժանդակութիւն, այլ կարեկցութիւն, որ կը բխի սրտէն։ Եւ Աստուածային ողորմութիւնը կու գայ Յարուցեալ Քրիստոսի Սրտէն։ Կը յորդի անոր կողի մշտապէս բաց վէրքէն, բաց մեզի համար, որ յարատեւօրէն պէտք ունինք ներումի եւ քաջալերանքի։

Թող որ Քրիստոնէական ողորմութիւնը ներշնչում հանդիսանայ Պետութիւններու ու անոնց իշխանութիւններու միջեւ արդար բաժնեկցութեան, զօրակցական հոգիով դիմագրաւելու համար ներկայ տագնապը։

Իմ բարեմաղթութիւններս կը փոխանցեմ Արեւելիքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք այսօր  կը տօնեն Սուրբ Զատիկը։ Միասնաբար հռչակենք. «Տէրը իրապէս Յարեաւ» (Ղուկաս 24, 34)։

«Այս անձկութեան ժամանակահատուածի ընթացքին որպէս մեծագոյն պարգեւ յատկապէս զգանք յոյսը՝ զոր կը ծնի Քրիստոսին հետ յարութենէն»։  Կը գնահատեմ Արեւելեան Կաթողիկէ հասարակութիւնները որոնք համամիութենական պատճառներու համար, Սուրբ Զատիկը կը տօնեն օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։ Այս եղբայրութիւնը ըլլայ քաջալերանք այնտեղ  ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են։  

Զատկական ուրախութեամբ աղօթք բարձրացնենք առ Սուրբ Կոյսը՝ Ողորմութեան Մայրը։

““Ողջ լեր Թագուհի, մայր ողորմութեան, կեանք, քաղցրութիւն եւ յոյս մեր, ողջ լեր։ Առ քեզ գոչեմք աքսորեալ որդիքս Եւայի. առ քեզ հառաչեմք հեծելով եւ ողբալով յայսմ արտասուաց վայրի։ Արդ ո՛վ բարեխօս մեր, դարձո՛ առ մեզ զաչս ողորմութեան քոյ. եւ զՅիսուս զօրհնեալ պտուղն որովայնի քոյ, յետ այսր աքսորանաց ցոյց մեզ, ո՛վ գթած, ո՛վ բարեգութ, ո՛վ քաղցր կոյս Մարիամ։””

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2020, 11:52