Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթելու բոլոր կիներուն համար ու մնալու միացած աղօթքի մէջ։

«Այս Զատկական շաբթուայ ընթացքին, մօտիկութեամբ եւ գորովով կ՛ուզեմ յիշել բոլոր երկիրները, որոնք ծանրապէս թիրախ են Քորոնավիրուսին, որոնցմէ մի քանիները ունին մեծ թիւերով վարակուածներ ու մահացածներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 13 ապրիլ 2020-ին, Առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հաղորդամիջոցներու միջոցաւ  աղօթքին մասնակցող եւ  հետեւող հաւատացեալները եւ ակնարկելով օրուան աւետարանին, որուն մէջ կիները Յիսուսին աշակերտներուն կը փոխանցեն Քրիստոսի յարութեան Աւետիսը, յարեց՝ թէ այսօր կ՛ուզէ  յիշել կիները, ու անոնց, այս առողջապահական տագնապի ժամանակաշրջանին  գործունէութիւնը, որոք հոգ կը տանին ուրիշներուն. կին բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ, կին ոստիկաններ, բանտապահներ, անհրաժեշտ պիտոյքներու խանութներու մէջ աշխատաւոր կիներ….եւ բազմաթիւ այլ մայրեր, մեծ մայրիկներ եւ քոյրեր, որոնք փակուած են տուներուն մէջ, իրենց ընտանիքին հետ, մանուկներու, տարեցներու եւ անկարներու հետ։ «Յաճախ անոնք  բռնութիւններու զոհ ըլլալու վտանգը կ՛ապրին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու հրաւիրեց աղօթելու կիներուն համար, «որպէսզի Տէրը անոնց պարգեւէ ուժ եւ հասարակութիւնները անոնց  թիկունք կանգնին»։

«Թող Տէրը մեզի պարգեւէ կիներու քաջութիւնը՝ միշտ յառաջ ընթանալու քաջութիւնը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց. «այս Զատկական շաբթուայ ընթացքին,  մօտիկութեամբ եւ գորովով կ՛ուզեմ յիշել բոլոր երկիրները, որոնք ծանրապէս թիրախ են Քորոնավիրուսին, որոնցմէ մի քանիները ունին մեծ թիւերով վարակուածներ ու մահացածներ» յարեց Ան, յատուկ կերպով ակնարկելով  Իտալիային, Միացեալ Նահանգներուն, Սպանիային եւ Ֆրանսային ու նշելով որ «ցանկը շատ երկար է»։

«Կ՛աղօթեմ անոնց համար։ Մի մոռնաք որ  Քահանայապետը կ՛աղօթէ ձեզի համար եւ ձեզի մօտիկ է», շեշտեց Սրբազան Պապը եւ խօսքը աւարտեց ըսելով «Ի սրտէ կը նորոգեմ Զատկական բարեմաղթութիւններս։ Միացած մնանք աղօթքի մէջ եւ որպէս եղբայրներ զիրար օգնելու յանձնառումին մէջ»։

Ան ապա  ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան՝ որտեղէն սովոր է արտասանել Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2020, 12:09