Որոնել

1587289050867.JPG

«Ողորմութիւնը ոչ մէկը ետեւ կը թողու». Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Աստուածային ողորմութեան տօնին առթիւ։

Բոլորին հետ։ Չի մտածենք միայն մեր շահերուն, մասնակի շահերուն։ Այս փորձանքը ընկալենք որպէս հնարաւորութիւն պատրաստելու համար բոլորին ապագան։ Որովհետեւ առանց միասնական տեսակէտի մը ոչ մէկուն համար ապագայ պիտի ըլլայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 19 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սուրբ պատարագը մատոյց Հռոմի «S. Spirito in Sassia» անուամբ Աստուածային Ողորմութեան սրբավայր հանդիսացած Եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Զոհին, զոր համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղիով առնուած որոշումներու բերումով տեղի ունեցաւ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, կարելի եղաւ հետեւիլ առցանց սփռումներու միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ.

Անցեալ Կիրակի տօնեցինք Վարդապետին Յարութեան տօնը, այսօր ականատես ենք աշակերտին յարութեան։ Մէկ շաբաթ անցաւ, մէկ շաբաթ՝ զոր աշակերտները տեսած ըլլալով հանդերձ Յարուցեալը, անցուցին վախի մէջ, մնալով «փակուած» (Յովհ. 20, 26), առանց նոյնիսկ դուրս գալու, համոզելու համար միակ բացական՝ Թովմասը։

Եւ ի՞նչ կ՛ընէ  Յիսուս սոյն վրդովումի անհաւատութեան դիմաց։ Կը վերադառնայ, եւ աշակերտներուն մէջ կանգնելով կը կրկնէ նոյն ողջոյնի խօսքը. «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովէ. 20, 16.26)։ Սկիզբէն կը վերսկսի։ Աշակերտին յարութիւնը այնտեղէն կը սկսի, այդ հաւատարիմ եւ համբերատար ողորմութենէն, այն բացայայտումէն՝ թէ Աստուած երբեք չի յոգնիր մեզի ձեռք երկարելէ, մեր անկումներէն մեզ դարձեալ վերականգնելու համար։

Ան կ՛ուզէ որ մենք զինք տեսնենք այսպէս. Ոչ որպէս գործատէր՝ որուն հետ հաշիւները մաքրել, այլ որպէս մեր Հայրը՝ որ մեզ միշտ կը վերականգնեցնէ։

Կեանքին մէջ յառաջ կ՛ընթանանք խարխափումով, մանուկի մը նման, որ նոր սկսած է քալել, եւ կ՛իյնայ։ Մի քանի քայլ ու դարձեալ կ՛իյնայ, կ՛իյնայ ու դարձեալ կ՛իյնայ, մինչ հայրը ամէն անգամ զայն նորէն ոտքի կը դնէ։ Անոր մեզի երկարած ձեռքը ողորմութիւնն է, Աստուած գիտէ որ առանց ողորմութեան մենք գետին կը մնանք, թէ քալելու համար պէտք ունինք ոտքի կանգնելու։

Տէրը չուզեր որ մենք մտածենք մեր անկումներու մասին, այլ կ՛ուզէ որ նայինք Իրեն, Անոր որ անկումներուն մէջ կը տեսնէ զաւակներ զոր պէտք է վերականգնեցնել եւ խեղճութեան մէջ զաւակներ՝ զոր պէտք է սիրել ողորմութեամբ։

Այսօր այս եկեղեցւոյ մէջ որ քսան տարիներ առաջ՝ Հռոմի մէջ դարձաւ ողորմութեան սրբավայրը, այն կիրակի օրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ուզեց նուիրել աստուածային ողորմութեան, վստահութեամբ ընկալենք սոյն պատգամը։

Յիսուս Սրբուհի Ֆաուսթինային  ըսաւ. «Ես նոյնինքն սէրն ու ողորմութիւնն եմ։ Չկայ խեղճութիւն մը որ կարող է չափուիլ իմ ողորմութեանս հետ (Օրագիր 14 սեպտեմբեր 1937)։ Անգամ մըն ալ սրբուհին Յիսուսին գոհացումով յայտնեց՝ թէ ինք իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր Անոր։ Սակայն Յիսուսին պատասխանը եղաւ. «Ինծի չի նուիրեցիր ինչ որ իսկապէս քուկդ է։ Աղջիկս ինծի տուր քու խեղճութիւնդ» (10 հոկտեմբեր 1937)։

Տէրը կը սպասէ որ մենք Անոր տանինք մեր խեղճութիւնները, որպէսզի մեզի ցոյց տայ ու վերագտնել տայ իր ողորմութիւնը։

Վերադառնանք աշակերտներուն. Անոնք լքած էին Տէրը չարչարանքներու պահուն ու յանցաւոր կը զգային իրենք զիրենք։ Յիսուս սակայն անոնց հանդիպելով երկար յորդորներ չի տար։ Անոնց ցոյց կու տայ իր վէրքերը։ Թովմասը կարելիութիւնը ունի  անոնց դպչելու ու վերագտնելու սէրը։ Կը հասկնայ թէ որքան Յիսուս տառապեցաւ իրեն  համար։ Այդ վէրքերուն մէջ ան կը դպչի Աստուծոյ քնքուշ մօտիկութեան։ Թովմաս ուշ հասած էր այնտեղ սակայն երբ կ՛ողջագուրէ ողորմութիւնը, կը գերազանցէ միւսները, ան չի հաւատար միայն յարութեան այլ Աստուծոյ անհուն ու անսահման սիրոյ եւ ամենապարզ ու գեղեցիկ խոստովանութիւնը կու տայ. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։ Ահա այս է աշակերտին յարութիւնը։ Կ՛իրականանայ երբ անոր դիւրաբեկ եւ վիրաւոր մարդկութիւնը շփումի մէջ կը մտնէ Յիսուսին հետ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ալ մեր այս օրուան ապրած դժուարութիւններուն մէջ, Թովմասի նման մեր վախերով ու տարակոյսներով, մենք մեզ վերագտանք դիւրաբեկ։ Պէտք ունինք Տիրոջ, որ մեր դիւրաբեկութիւններէն անդին՝ մեր մէջ կը տեսնէ անսանձելի գեղեցկութիւն մը։ Անոր հետ կը վերագտնենք մեր դիւրաբեկութիւնը, մեր գեղեցիկ բիւրեղներ ըլլալու յատկութիւնը, դիւրաբեկ ու թանկարժէք միեւնոյն ատեն։ Ու նաեւ թափանցիկ՝ նման բիւրեղներուն, որուն ընդմէջէն կը շողայ Յիսուսին լոյսը, ողորմութեան լոյսը, ապա մեր միջոցաւ կը ցոլայ աշխարհին։

Աստուածային ողորմութեան այս տօնին օրը. Ամենագեղեցիկ աւետիսը մեզի կու գայ այն աշակերտէն որ ուշացաւ։  Միայն ան կը պակսէր՝ Թովմասը։ Տէրը սակայն սպասեց զայն։ Ողորմութիւնը ոչ մէկը ետեւ կը թողու։

Իսկ այժմ երբ կը մտածենք համաճարակէն դանդաղ ու յոգնեցուցիչ վերականգումի մը մասին, ի յայտ կու գայ սպառնալիք մը՝ Մոռնալ անոնք որոնք ետեւ մնացին։

Վտանգը այն է՝ թէ մեզ հարուածէ աւելի ծանր ժահր մը, անտարբեր եսասիրութեան ժահրը։ Ան կը փոխանցուի այն գաղափարէն՝ թէ կեանքը աւելի կը լաւանայ եթէ ինծի համար լաւ է, ու թէ ամէն բան դէպի լաւ կ՛ընթանայ եթէ ինծի համար լաւ ըլլայ։ Այստեղէն կը մեկնինք ու կը հասնինք մարդոց միջեւ ընտրութիւններ կկատարելու ու անտեսելու աղքատները, զարգացումի խորանին վրայ զոհելով անոնք որոնք ետ մնացած են։

Այս համաճարակը սակայն մեզի կը յիշեցնէ որ տառապողներու  միջեւ չկան տարբերութիւններ եւ սահմանագիծեր։ Բոլորս ալ դիւրաբեկ զաւակներ ենք. Բոլորս հաւասար, բոլորս թանկագին։

Թող որ այս օրերու պատուհասը մեզ ցնցէ ներքնապէս. Ժամն է վերացնելու անհաւասարութիւնները, փոխհատուցանելու անարդարութիւնը որ արմատապէս կը խաթարէ ողջ մարդկութեան առողջութիւնը։ Սորվինք՝ գործք առաքելոցի մէջ նկարագրուած քրիստոնեայ առաջին հասարակութենէն։ Ան ընդունած էր ողորմութիւնը ու կ՛ապրէր ողորմութեան մէջ։ «Հաւատացեալներն ամէնքը միասին էին, եւ ինչ որ ունէին, հասարակաց էր. 45 նրանք վաճառում էին իրենց կալուածքներն ու ինչքերը եւ բաժանում էին բոլորին՝ ում ինչ որ պէտք լինէր: (Գոր առաքելոց 2, 44-45»)։ Գաղափարախօսութիւն չէ սա. Քրիստոնէութիւն է։

Այդ հասարակութեան մէջ, Յիսուսի Յարութենէն ետք միայն մէկ հոգի ետ մնացած էր ու միւսները սպասեցին։ Այսօրուայ դրութեան մէջ կարծես հակառակն է. Մարդկութեան փոքր մաս մը յառաջ գացած է, մինչ մեծամասնութիւնը ետ մնացած։ Եւ իւրաքանչիւր անձ կարող է ըսել. «Խրթին հրացեր են, ինծի չիյնար խնամք տանիլ կարիքաւորներուն, պէտք է որ ուրիշները մտածեն այդ հարցին»։

Սրբուհի Ֆաուսթինան, Յիսուսին հետ հանդիպելէ ետք գրեց. «տանջուող հոգիի մը մէջ պէտք է տեսնենք Խաչուած Յիսուսը եւ ոչ թէ մակաբոյծ մը, կամ բեր մը…..»։ (Օրագիր 6 սեպտեմբեր 1937)։ Ան օր մը Յիսուսին յայտնեց թէ ողորմած ըլլալով շատ անգամ կը կարծուի թէ միամիտ ենք։ Եւ Յիսուս անոր պատասխանեց. «կարեւոր չէ աղջիկս, հոգ մի տանիր, դուն բոլորին հետ  միշտ ողորմած եղիր (24 դեկտեմբեր 1937)»։

Բոլորին հետ։ Չի մտածենք միայն մեր շահերուն, մասնակի շահերուն։ Այս փորձանքը ընկալենք որպէս հնարաւորութիւն պատրաստելու համար բոլորին ապագան։ Որովհետեւ առանց միասնական տեսակէտի մը ոչ մէկուն համար ապագայ պիտի ըլլայ։

Այսօր Յիսուսին անզէն ու զինաթափ ընող սէրը յարուցեց աշակերտին սիրտը։ Մենք եւս Թովմասի նման. ընկալենք ողորմութիւնը, աշխարհին փրկութիւնը։ Եւ ողորմութիւնը գործադրենք անոր նկատմամբ որ աւելի տկար է։ Միայն այսպէս է որ պիտի կարողանանք կառուցել նոր աշխարհ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2020, 11:30