Որոնել

1586686950749.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնի սուրբ պատարագն ու «Urbi et Orbi» պատգամը։

«Ան որ յաղթեց մահուան՝ մեզի բանալով յաւիտենական փրկութեան ճանապարհը, փարատէ մեր խեղճ մարդկութեան խաւարը ու մեզ առաջնորդէ իր փառաւոր օրուան՝ որ մայրամուտ չի ճանչնար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնին օրը, որ այս տարի կը նշուի բացառիկ կերպով, քորոնավիրուսի համաճարակին ստեղծած տագնապին ի տես, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ ընդհանրապէս Զատկուայ սուրբ պատարագը կը մատուցէր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, այս տարի համաճարակի կանխարգիլման ու սահմանափակումի որդեգրուած որոշումներու բերումով, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարէն գլխաւորեց Յիսուսի սուրբ Յարութեան տօնի Սուրբ Պատարագը։

Նախորդ օրերուն նման այսօրուայ ծիսակատարութիւնն ալ կայացաւ Սուրբ Պետրոսի կիսադաստակ եկեղեցւոյ մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան միայն Քահանայապետի անմիջական օգնականները ու Սուրբ Զոհին սպասաւորները, թէեւ Վատիկան Մետեայի եւ Վատիկան Նիուզի տրամադրած հաղորդասփռումներու միջոցաւ, միլիոնաւոր հաւատացեալներուն կարելիութիւն տրուեցաւ հետեւիլ հոգեպարար այս հանդիսաւոր արարողութեան։

Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարի կեդրոնական խորանէն մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը համայն աշխարհին ուղղեց իր «Ուպրի էթ Օրպի» առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը որ ներկայացուց ոչ թէ աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի կենդրոնական պատշգամէն այլ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն։

 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

«Անտարբերութիւն, եսասիրութիւն, բաժանում, մոռացութիւն, բառեր են որ իրապէս չենք ուզեր լսել այս ժամանակներուն։ Կ՛ուզենք զանոնք արգիլել բոլոր ժամանակներուն մէջ» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ուրպի էթ Օրպի պատգամի կոչերէն մին։

Պատգամ մը զոր Նորին Սրբութիւնը սկսաւ բոլորին մաղթելով «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ու յայտնելով՝ որ «այսօր համայն աշխարհին մէջ կը հնչէ Եկեղեցւոյ աւետիսը. «Յիսուս Քրիստոս Յարեաւ։ Իսկապէս Յարեաւ»»։

«Այս Բարի Լուրը նոր հուրի նման՝ լուսաւորուեցաւ գիշերուան մէջ, գիշերը աշխարհի մը, որ արդէն դարաշրջանային մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած էր, եւ այժմ ճնշուած է համաճարակէն, որ դժուար կացութեան մէջ կը դնէ մեր մարդկային ընտանիքը» դիտել տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը՝ «Քրիստոս՝ իմ յոյսս, յարութիւն առաւ» Եկեղեցւոյ հնչեցուցած սոյն խօսքը նմանեցնելով տարբեր «վարակի» մը, որ կը փոխանցուի սիրտէ սիրտ որպէս «Յոյսի վարակ»։

«Կախարդական բանաձեւ մը չէ ասիկա, որ խնդիրները կը վերացնէ։ Ո՛չ, Քրիստոսի Յարութիւնը սիրոյ յաղթանակն է՝ չարի արմատներուն վրայ, յաղթանակ մը, որ չի շրջանցեր տառապանքն ու մահը, այլ անոնց մէջէն կ՛անցնի, ճանապարհ բանալով անդունդին մէջ, չարը փոխակերպելով բարիի, բարին որ Աստուծոյ զօրութեան բացառիկ յատկանիշն է» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով Յարուցեալին ու Խաչեալին ուղղել մեր հայեացքը, «որպէսզի բուժէ տանջուող մարդկութեան վէրքերը»։

Ան ապա շարունակեց.

«Մտածումս այսօր կ՛երթայ յատկապէս  անոնց՝ որոնք ուղղակիօրէն քորոնավիրուսի թիրախ դարձան. հիւանդներուն, անոնց՝ որոնք մահացան ու ընտանիքներուն, որոնք կ՛ողբան իրենց սիրելներուն մահը, եւ որոնց շատ անգամ չի կարողացան նոյնիսկ վերջին հրաժեշտը տալ։

Կեանքին Տէրը իր թագաւորութեան մէջ թող ընկալէ ննջեցեալները ու մխիթարութիւն եւ յոյս շնորհէ անոնց՝ որոնք տակաւին փորձանքի մէջ կը գտնուին ու յատկապէս տարեցներուն եւ առանձնութեան մէջ ապրողներուն։

Տէրը իր մխիթարութիւնը եւ հարկաւոր օգնութիւնը թող չի պակսեցնէ անոնց՝ որոնք որոշ դիւրաբեկ պայմաններու մէջ կը գտնուին, ինչպէս են անոնք՝ որոնք կ՛աշխատին խնամակալութեան տուներուն մէջ, կամ կ՛ապրին զօրանոցներու ու բանտերու մէջ։

Շատերուն համար առանձնութեան Զատիկ մըն է ասիկա, որ ապրուած է համաճարակին պատճառած սուգի ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն մէջ,  ֆիզիկական տառապանքէն՝ մինչեւ տնտեսական հարցերը։

Այս ախտը մեզ չի զրկեց միայն գուրգուրանքներէն, այլ նաեւ այն կարելիութենէն անձնապէս  դիմելու Խորհուրդներէն բխող մխիթարութեան, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան եւ Խոստովանանքի խորհուրդներէն։

Յիսուս՝ մեր Զատիկը, ուժ եւ յոյս պարգեւէ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, որոնք ամենուրէք կը մատուցեն խնամքի եւ սիրոյ վկայութիւնը, մերձաւորին նկատմամբ, մինչեւ ուժերու սպառում եւ շատ անգամ ալ  սեփական առողջութիւնը զոհելով։

Մեր սիրալիր մտածումը ու մեր երախտագիտութիւնը կ՛երթայ անոնց, ու բոլոր անոնց՝ որոնք մշտական կերպով կ՛աշխատին. ապահովելու համար քաղաքացիական համակեցութեան հարկաւոր ու հիմնական ծառայութիւնները. ապահովական ուժերը, զինուորները՝ որոնք շատ մը երկիրներու մէջ սատարեցին թեթեւցնելու համար բնակչութեան դժուարութիւններն ու տառապանքը։

Այս շաբաթներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդոց կեանքը յանկարծակիի փոխուեցաւ։ Շատերուն համար տուն մնալը դարձաւ առիթ խորհրդածելու, կասեցնելու կեանքի խելայեղ ընթացքը,  ու մնալու իրենց սիրելիներուն հետ, վայելելով անոնց ընկերութիւնը։ Շատերուն համար սակայն այս ժամանակը՝ ապագայի  մտահոգութեան ժամանակ է, ապագան որ կը ներկայանայ անորոշ, աշխատանքը կորսնցնելու վտանգով ու այլ հետեւանքներուն համար՝ զոր ներկայ տագնապը իր հետ կը բերէ։

Կը քաջալերեմ բոլոր անոնք՝ որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունին, գործնականօրէն աշխատելու քաղաքացիներու հասարակական բարիքին համար, մատուցելով հարկաւոր միջոցներ ու գործիքներ, որպէսզի  հնարաւորութիւն տրուի բոլորին՝ ապրելու արժանավայել կեանք մը, եւ այն ժամանակ երբ պայմանները ներեն՝ խթանելու առօրեայի գործունէութիւններու վերսկսումը։

Ասիկա անտարբերութեան ժամանակը չէ, որովհետեւ համայն աշխարհն է որ կը տառապի, ու պէտք է  յայտնուի միացած, դիմագրաւելու համար համաճարակը։

Յարուցեալ Յիսուսը յոյս պարգեւէ բոլոր աղքատներուն, անոնց՝ որոնք կ՛ապրին արուարձաններուն մէջ, գաղթականներուն ու տնանկներուն։

Մեր  քաղաքներուն ու աշխարհի տարբեր վայրերու արուարձաններուն մէջ բնակող՝ աւելի խոցելի եղբայրներ ու քոյրերը միայնակ չի լքուին։ Թոյլ չտանք որ անոնց պակսին հիմնական կենսամիջոցները, զոր այժմ աւելի դժուար է ձեռք բերել, ի տես բազմաթիւ գործունէութիւններու փակ ըլլալուն համար,  անոնց չի պակսին նաեւ դեղերը ու մասնաւորապէս  բժշկական պատշաճ խնամակալութիւն ստանալու կարելիութիւնը։

Հաշուի առնելով կացութիւնը, թող մեղմացուին նաեւ միջազգային պատժամիջոցները, որոնք  հասցէատէր երկիրներուն համար արգելք են, պատշաճ աջակցութիւն մատուցելու իրենց քաղաքացիներուն, եւ թող բոլոր Պետութիւններուն ու յատկապէս ամենաաղքատներուն երաշխաւորուին բոլոր պայմանները, որպէսզի անոնք կարողանան  դիմագրաւել  այս պահուն պահանջները, նուազեցնելով, ու կարելիին չափ նաեւ վերացնելով պարտքը՝ զոր կը կշռէ անոնցմէ ամենաաղքատներու հաշուեկշիռին վրայ։  

Եսասիրութեան ժամանակը չէ ասիկա, որովհետեւ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը մեզ բոլորս կը միասնացնէ եւ տարբերութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։

Քորոնավիրուսէն հարուածուած  աշխարհի տարբեր շրջաններէն յատուկ մտածում մը կ՛ուղղեմ Եւրոպային։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, այս սիրելի ցամաքամասը կարողացաւ դարձեալ վերականգնիլ, շնորհիւ զօրակցութեան գործնական հոգիի մը, որ անոր թոյլ տուաւ յաղթահարել անցեալի հակառակութիւնները։

Առաւելապէս հրատապ է, յատկապէս այսօրուայ դրութեան մէջ, որ այդպիսի մրցակցութիւններ չի վերսկսին, այլ բոլորը զիրար ճանչնան որպէս մաս միակ ընտանիքի մը ու իրար օգնեն փոխադարձաբար։

Այյսօր՝ Եւրոպական Միութիւնը  իր առջեւ ունի դարաշրջանային մարտահրաւէր մը  որմէ  կախեալ չէ  միայն իր՝ այլ համայն աշխարհի ապագան։

Առիթ չի կորսնցնենք զօրակցութեան առաւել ապացոյց մը տալու, դիմելով նաեւ նորարական լուծումներու։

Այլընտրանքը միայն յատուկ շահերու եսասիրութիւննէ եւ անցեալի վերադարձի փորձը, վտանգի տակ դնելով խաղաղ համակեցութիւնը եւ ապագայ սերունդներուն զարգացումը։

Բաժանումներու ժամանակը չէ ասիկա։ Քրիստոս մեր խաղաղութիւնը, լուսաւորէ անոնք՝ որոնք հակամարտութիւններու մէջ պատասխանատուութեան տէր են, որպէսզի քաջութիւնը ունենան ընկալելու եւ ի  գործ դնելու, համայն աշխարհի անկիւններուն  մէջ,  համաշխարհային եւ անմիջական զինադադարի կոչը։

Ժամանակը չէ ասիկա՝ շարունակելու զէնքեր արտադրել եւ վաճառել, մեծ քանակութեամբ դրամագլուխներ ծախսելով,  որոնք պէտք են  գործածուիլ՝ խնամելու համար մարդիկը ու փրկելու կեանքեր։

Թող այս ժամանակը այլապէս ըլլայ ժամանակ՝ ուր վերջապէս վերջ դրուի Սուրիան արիւնող երկար պատերազմին, Եմենի մէջ հակամարտութեան ու  Իրաքի մէջ բախումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ։

Այս թող ըլլայ ժամանակը ուր Իսրայէլացիներ եւ Պաղեստինցիներ վերսկսին երկխօսութիւնը, մնայուն ու կայուն լուծումներ գտնելու համար, որոնք թոյլ տան որ երկու ժողովուրդները  խաղաղութեամբ ապրին։

Թող դադրին տառապանքները այն ժողովուրդներուն՝ որոնք կ՛ապրին Ուկրանիոյ Արեւելեան շրջանին մէջ։ Վերջ դրուի ահաբեկչական յարձակումներուն, որոնք կը կիրակուին անմեղներու նկատմամբ, Ափրիկէի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Ասիկա մոռացութեան ժամանակը չէ։ Մեր ապրած տագնապը մեզի թող մոռցնել չտայ բազմաթիւ այլ տարբեր տագնապներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն բազմաթիւ մարդոց ցաւեր։

Կեանքին Տէրը մօտիկ ըլլայ Ասիայի եւ Ափրիկէի  ժողովուրդներուն, որոնք կը գտնուին մարդկայնական ծանր տագնապի մէջ, ինչպէս է պարագան Քապօ Տելկատօ տարածաշրջանին որ կը գտնուի Մոզամբիկի հիւսիսը։ Ջերմացնէ պատերազմի, երաշտի ու սովի պատճառաւ տեղահան ու գաղթական բազմաթիւ մարդոց սրտերը։

Պաշտպանութիւն պարգեւէ բազմաթիւ գաղթականներուն ու փախստականներուն, որոնցմէ շատերը մանուկներ են ու կ՛ապրին անտանելի պայմաններուն մէջ, յատկապէս Լիպիայի մէջ ու Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ։ 

Թոյլ տայ որ Վենեզուելլլայի մէջ յանգին անմիջական ու շօշափելի լուծումներու, որոնք  կարելի դարձնեն միջազգային օգնութիւններու երաշխաւորումը  բնակչութեան, որ կը տառապի  քաղաքական, ընկերա-տնտեսական ու առողջապահական  ծանր իրավիճակին պատճառաւ։

Սրբազան Պապը պատգամը աւարտեց մաղթանք յայտնելով՝ որ «Ան որ յաղթեց մահուան՝ մեզի բանալով յաւիտենական փրկութեան ճանապարհը, փարատէ մեր  խեղճ մարդկութեան խաւարը ու մեզ առաջնորդէ իր փառաւոր օրուան՝ որ մայրամուտ չի ճանչնար»։

Այս մտածումներով ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ՝ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2020, 12:27