Որոնել

Մարեմեան աղօթք. Երիտասարդներ՝ վկայեցէք յոյսը, վեհանձնութիւնը, զօրակցութիւնը։

Այսօր նախատեսուած էր Խաչին յանձնումը Փանամայի երիտասարդներէն Լիզպոնի երիտասարդներուն որ համաճարակի բերումով յետաձգուած է Յիսուս Թագաւորի Կիրակի օրուայ, յառաջիկայ 22 նոյեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 ապրիլ 2020ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ ուղիղ եթերով մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ուզեց յատուկ խօսք ուղղել հաղորդամիջոցներու սփռումներով իրեն հետեւող հաւատացեալներուն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, նախ քան արարողութիւնը աւարտելը, կ՛ուզեմ ողջունել բոլոր անոնք որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին, ընկերային հաղորդամիջոցներու սփռումներու միջոցաւ։ Մտածումս կ՛ուղղուի յատկապէս աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն որոնք աննախադէպ ձեւով կ՛ապրին Երիտասարդներու Թեմական Համաշխարհային այս օրը։

Այսօր նախատեսուած էր Խաչին յանձնումը Փանամայի երիտասարդներէն Լիզպոնի երիտասարդներուն։ Սոյն առինքնող ժեստը յետաձգուած է Յիսուս Թագաւորի Կիրակի օրուայ, յառաջիկայ 22 նոյեմբերին։

Այդ պահի սպասումով, կը խրախուսեմ ձեզ՝ սիրելի երիտասարդներ, աճեցնելու եւ վկայելու յոյսը, վեհանձնութիւնը, զօրակցութիւնը, որուն բոլորս կարիքը ունինք, այս դժուար ժամանակի ընթացքին։

Վաղը 6 Ապրիլին կը յիշատակուի զարգացումի ու խաղաղութեան ի նպաստ Մարզանքի Համաշխարհային օրը, հաստատուած  Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան  կողմէ։

Այս պահուն բազմաթիւ ձեռնարկներ կասեցուած են, սակայն ի յայտ կու գան մարզանքի լաւագոյն պտուղները. դիմադրութիւնը, խմբային՝ հաւաքական  հոգին, եղբայրութիւնը, ու առաւելաւագոյնը կատարելը…ուրեմն խթանենք մարզանքը՝ ի նպաստ խաղաղութեան եւ զարգացումին։

Սիրելներ, հաւատքով քալենք Սուրբ Շաբթուայ ընթացքին, որուն մէջ Յիսուս կը տառապի կը մեռնի եւ յարութիւն կ՛առնէ։ Անհտաներն ու ընտանիքնեը, որոնք չեն կրնար մասնակցիլ ծիսական արարողութիւններուն, հրաւիրուած են ամփոփուիլ աղօթքի մէջ՝ իրենց տուներու մէջ, արհեստագիտական միջոցներու օգնութեամբ։ 

Հոգեպէս միանանք հիւանդներուն, անոնց ընտանիքներուն ու անոնց որոնք մեծ  նուիրումով խնամք կը տանին անոնց. Աղօթենք ննջեցեալներուն համար Զատկուայ հաւատքի լոյսին մէջ։  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայ է մեր սրտին մէջ, մեր յիշողութեան մէջ. մեր աղօթքին մէջ։

Մարիամէն սորվինք ներքին լռութիւնը, սրտին հայեացքը, ու սիրալիր հաւատքը՝ հետևելու համար Յիսուսին, խաչի ճանապարհին վրայ, որ կը տանի դէպի Յարութեան փառքը։ Ան կը քալէ մեզի հետ ու թիկունք կը կանգնի մեր յոյսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2020, 12:31