Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աստուած համաճարակին դիմաց խոհեմութեան շնորհքը պարգեւէ իր ժողովուրդին»։ Քահանայապետին աղօթքը։

Աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի իր ժողովուրդին, մեզի բոլորիս.պարգեւէ խոհեմութեան շնորհքը ու դրութիւններուն հնազանդելու շնորհքը որպէսզի համաճարակը դարձեալ չի վսրսկսի։

Երեքշաբթի  28 ապրիլ 2020-ին Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայյի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած պատարագին սկիզբը Աստուծմէ հայցեց որ իր ժողովուրդին շնորհէ խոհեմութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս ժամանակներուն ուր կը սկսին նոր դրութիւնները՝  դուրս գալու մեկուսացման շրջանէն, աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի իր ժողովուրդին, մեզի բոլորիս.պարգեւէ խոհեմութեան շնորհքը ու դրութիւններուն հնազանդելու շնորհքը որպէսզի համաճարակը դարձեալ չի վերսկսի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քարոզ

Մեկնաբանելով, օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Գործ Առաքելոցի գիրքէն ուր կը խօսուի Սուրբ Ստեփանոսի քարկոծումին մասին, Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ  զրպարտութեան եւ սուտ վկայութիւններու  վրայ հիմնուած  դատապարտութիւններուն։

Անդրադառնալով Սուրբ Ստեփանոսին, որ  քաջութեամբ կը խօսէր  դպիրներուն հետ, սակայն դպիրները  զայն քաղաքէն դուրս հանելով  քարկոծեցին (Գործ Առաքելոց 7,51-8,1), Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ դպիրները նոյնը ըրին Յիսուսի հետ, փորձելով ժողովուրդը համոզել թէ Յիսուս կը հայոյէ։ ։

Նորին Սրբութիւնը  գազանային երեւոյթ նկատեց, սուտ վկայութիւնները, արդարադատութեան շահագործումը, ստախօսութիւնները, զրպարտութիւնները,  որոնք  ժողովուրդի սիրտը կը գրաւեն ՝արդարութիւն բանեցնելու համար,  նկատել տալով որ այդ բոլորը կատաղի հալածանք է ։

Ֆրանչիսկոսպ Պապ քարոզին մէջ նշեց,  թէ ինչ որ Սուրբ Ստեփանոսի հետ պատահեցաւ նոյնը կը պատահի մեր օրերուն ։ Կան մարտիրոսներ, նահատակներ, որոնք զրպարտութեան զոհ գացին, անդարդարօրէն դատապարտուելով  ինչպէս  է պարագան Ասիա Պիպիին,  որ  տարիներ շարունակ ազատազրկուեցաւ, զրպարտութեան պատճառաւ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։ 

Ան ապա անդրադարձաւ, առանց օրինական դատավարութեան դատաստաններուն։  Սուտ եւ քէշ հանրային կարծիքներով ստեղծուած դատավարութիւններ, որոնց  պատճառաւ անարդարէօն կը դատապարտուին անձերը, մինչ անդին  ճշմարտութիւնը յստակ եւ անբիծ է.  ճշմարտութեան վկայութիւնը այն բանին, որ կը հաւատան ։ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց պահ մը մտածել մեր լեզուին մասին,  որ շատ անգամ  խօսքերով, մեկնաբանութիւններով  կը սկսինք  դատապարտել։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ մեր քրիստոնէական հաստատութիւններուն մէջ եւս  շատ անգամ ականատես կ՝ըլլանք  շատախօսութենէն, բամբասանքներէ ծնած դատապարտութիւններուն։

«Աղօթենք, որպէսզի Տէրը մեզի օգնէ արդար ըլլալու մեր դատողութիւններուն մէջ  եւ չհետեւելու  զրպարտութիւններէն  յառաջացած դատապարտութիւններուն» ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 07:39