Որոնել

 S. Spirito in Sassia Եկեղեցին S. Spirito in Sassia Եկեղեցին 

Կիրակի 19 ապրիլին Քահանայապետը «S. Spirito in Sassia» եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ Աստուածային ողորմութեան տօնին սուրբ պատարագը

19 ապրիլի Քահանայապետական սուրբ պատարագը եւ մարեմեան աղօթքը պիտի սփռուին ուղիղ եթերով Վատիկան Մետիա կայանի միջոցաւ եւ Վատիկան Նիուզի կայքի միջոցաւ, իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն , սպաներէն, փորթուկալներէն եւ արաբերէն մեկնաբանութիւններով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աստուածային ողորմութեան տօնը այս տարի կը բոլորէ  20 ամեակը եւ Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այդ օրուայ սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ «S. Spirito in Sassia» եկեղցւող մէջ, որ Աստուածային Ողորմութեան նուիրուած սրբավայր է եւ կը գտնուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Սուրբ զոհին աւարտին, զոր Քահանայապետը պիտի մատուցէ առանձնական կերպով, նոյն վայրէն կը կտարուի  «Ողջ լեր թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի 19 ապրիլ 2020 առաւօտեան 11-ին, Քահանայապետ մը վերադարձ կը կատարէ S. Spirito in Sassia եկեղեցի, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն ետք, որ Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին օրը՝ 30 ապրիլ 2000ին հաստատած էր Աստուածային Ողորմութեան պաշտամունքի կիրակին, զոր նոյնինքն Յիսուս խնդրած էր  Քոյր Ֆաուսթինայէն ինչպէս յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ անցեալ չորեքշաբթի օր հրապարակային անունկնդրութեան ընթացքին. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)»։

Վերոնշեալ եկեղեցւոյ մէջ, որ կառուցած է Լեւոն Դ Քահանայապետի կողմէ 9-րդ դարու կէսին ապա վերակառուցուած 1538ին, Պօղոս Գ քահանայապետի օրով, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս՝ 23 ապրիլ 1995ին մատոյց սուրբ պատարագ, որուն աւարտին օրհնեց Եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած «Ողորմած Յիսուսին» սրբապատկերը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հաստատեց այս տօնը
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հաստատեց այս տօնը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Աստուածային Ողորմութեան նկատմամբ, որ խթանուած է Քոյր Ֆասութինայի  կողմէ Քրքովիայի մէջ։

19 ապրիլի Քահանայապետական սուրբ պատարագը եւ մարեմեան աղօթքը պիտի սփռուին ուղիղ եթերով Վատիկան Մետիա կայանի միջոցաւ եւ Վատիկան Նիուզի կայքի միջոցաւ,  իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն , սպաներէն, փորթուկալներէն եւ արաբերէն մեկնաբանութիւններով։

Վատիկան Մետիան՝ բոլոր անոնց որոնք դիմումնագիր կը ներկայացնեն,  տրամադրելի պիտի դարձնէ արարողութեան պատկերասփռումները, հնարաւորութիւն ընծայելու համար  հաւատացեալներուն մասնակցելու այդ աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 08:42