Որոնել

Փողոցներու թերթեր Փողոցներու թերթեր 

«Շնորհակալ եմ ձեր յոյսի պատմութիւններուն համար» Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը «փողոցներու թերթերուն»։

Աշխարհի տարածքին 35 տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին ««փողոցներու թերթեր» որոնք ընդհանրապէս փողոցներու մէջ կը բաժնուին կամաւորներու միջոցաւ եւ որոնք Քորոնավիրուսի համաճարակին պատճառաւ կ՛ապրին ճգնաժամային տագնապ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեր այս աշխարհին մէջ, որ կը գտնովի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց ու ճնշուած է համաճարակէն, միլիոնաւոր մարդոց կեանքը փոխուած է ու ենթարկուած խիստ դժուարութեան» յիշել կու տայ Քահանայապետը, նկատել տալով՝  թէ «ամենամեծ վախը անոնց համար է, որոնք կ՛ապրին փողոցներու մէջ։ Վտանգը կայ որ առ աւելիով դիւրաբեկ անձերը, անտեսանելիները եւ անտունները վճարեն այս տագնապի ամենասուղ գինը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը նամակի մը մէջ, զոր կ՛ուղղէ «փողոցներու թերթերու» աշխարհին ու յատկապէս այդ թերթերը ծախողներուն, որոնք ընդհանրապէս անգործ, ծանրապէս մեկուսացուած եւ անտուն մարդիկ են։

«Աշխարհի մէջ հազարաւոր  անձեր կ՛ապրին եւ գործ մը ունին շնորհիւ այդ «արտակարգ» թերթերու վաճառումին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը, ներկայացնելով անոնց իրականութիւնը.  Համայն աշխարհին մէջ 100-ի մօտ թերթեր, որոնք լոյս կը տեսնեն 35 տարբեր երկիրներու մէջ,  25 տարբեր լեզուներով, եւ եկամուտ կը հայթայթեն 20.500 տնանկներու։

Քորոնավիրուսը դժուարութեան կը մատնէ այս իրականութիւնները եւ ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապը մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ  անոնց։

«Համաճարակը դժուար դարձուց ձեր աշխատանքը սակայն վստահ եմ որ փողոցի թերթերու մեծ ցանցը պիտի դառնայ աւելի հզօր քան երբեք», կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ որ  «այս օրերուն աղքատներուն նայիլը կարող է օգնել՝ մեզի բոլորիս, գիտակից դառնալու ու հասկնալու թէ ի՞նչ կը պատահի իսկապէս ու թէ ո՞րն է մեր իսկական իրավիճակը»։

Սրբազան Պապը նամակը կ՛աւարտէ բոլորին ուղղելով յոյսի, քաջալերանքի եւ եղբայրական բարեկամութեան պատգամ մը ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար եւ անոնց պատմած «յոյսի բազմաթիւ պատմութիւններուն համար»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2020, 12:00