Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Այսպէս կ՝ապրիմ համաճարակի արտակարգ վիճակը»։

Մտահոգ եմ քաղաքական որոշ անձնաւորութիւններու կեղծաւորութեան համար, որոնք կ՚ըսեն թէ կ՚ուզեն դիմագրաւել տագնապը, որոնք կը խօսին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող սովի մասին, եւ մինչ կը խօսին զէնքեր կ՚արտադրեն։ Ժամն է դարձի գալու այս կեղծաւորութենէն եւ գործելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ,  հարցարոյց մը ունեցած է Անգլիացի լրագրող՝ Աուսթեն Իվերէյի հետ, որուն ընթացքին խօսած է թէ ինք ինչպէս կ՝ապրի համաճարակի ճգնաժամային արտակարգ վիճակը

Սրբազան Պապը պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցերուն նկատած է, թէ Սուրբ Աթոռի զանազան մարմինները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը միշտ ուշադիր ըլլալով որ բազմաթիւ մարդիկ չհամախմբուին։  Ներկայի համաճարակի պատճառած մեկուսացման մէջ Ան իր պարտականութիւնը կը նկատէ շատ աղօթել։ Իր մեծագոյն մտահոգութիւնը կը նկատէ՝ ինչպէ՛ս ընկերանալ իր ժողովուրդին այս պայմաններուն մէջ։

Անդրադառնալով եկեղեցականներու բռնած դիրքին, Սրբազան Հայրը ըսած է, թէ այսօր, Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք ունի հովիւներու որոնք մօտ են իրեն։

Պետութիւններ եւ քաղաքական մարմիններ այսօր որոշումներ կը կայացնեն ժողովուրդը պաշտպանելու համաճարակի դէմ։ Սրբազան Պապը նկատած է թէ հիմնական մտահոգութիւնը մնացած է տնտեսականը եւ մատնանիշ ըրած է հեշտամահի, վիժումի եւ մսխումի մշակոյթներուն։ Այս առընչութեամբ ան յիշեցուցած է Պօղոս Զ. Քահանայապետի Humanae vitae շրջաբերականը։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, պատասխանելով բնապահպանումի առընչուած հարցին յիշեցուցած է սպանական առածը. «Աստուած միշտ կը ներէ, մենք լոկ երբեմն, իսկ բնութիւնը երբեք»։

Ան անդրադարձած է ընկերային կարգ մը հարցերու, որոնց մասին ստէպ խօսած է եւ որոնց մասին իր Laudato si շրջաբերականին մէջ մանրամասնօրէն գրած է։

Անդրադառնալով ներկայի ճգնաժամին, ան յատուկ կերպով կը մեղադրէ ոմանց կեղծաւորութիւնը, ըսելով. «Այս ճգնաժամը կը հայի բոլորին՝ հարուստներու եւ աղքատներու։ Ուշադրութեան կոչ մըն է՝ կեղծաւորութեան դէմ։ Մտահոգ եմ քաղաքական որոշ անձնաւորութիւններու կեղծաւորութեան համար, որոնք կ՚ըսեն թէ կ՚ուզեն դիմագրաւել տագնապը, որոնք կը խօսին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող սովի մասին, եւ մինչ կը խօսին զէնքեր կ՚արտադրեն։ Ժամն է դարձի գալու այս կեղծաւորութենէն եւ գործելու։ Այս պահը հետեւողականութեան պահն է։ Կամ հետեւողական ենք եւ կամ կը կորսնցնենք ամէն ինչ։»

Խօսելով ներկայ պայմաններուն մէջ Եկեղեցւոյ բռնած դիրքին, Սրբազան Հայրը անդրադարձած է թէ Եկեղեցին պէտք է նոր ձեւեր գտնէ, ուշադրութեամբ հետեւի ժամանակի եւ պայմաններու փոփոխութեան, սակայն Եկեղեցին միշտ կը մնայ հաստատութիւն մը։ Ան նկատած է, թէ «Եկեղեցին ունի Սուրբ Հոգիի ազատութիւնը՝ ճգնաժամի այս պահուն, Եկեղցին ինքն իր մէջ փակուած չէ կառոյցներու մէջ։ Սակայն սա չի նշանակեր թէ Եկեղեցւոյ օրինագիրքը անպէտք կը դառնայ. ան պէտք է եւ կ՚օգնէ մեզի։ Վերջին կանոնը կ՚ըսէ, թէ ամբողջ օրինագիրքի իմաստը հոգիներու փրկութիւնն է. ահա հոս է որ կը բացուի դուռը՝ դուրս գալու եւ բերելու Աստուծոյ մխիթարութիւնը՝ դժուարութեան պահերուն»։

Պատասխանելով վերջին հարցին, Սրբազան Հայրը անդրադարձած է ծերերուն, մանաւանդ անոնց որոնք այս պայմաններուն մէջ մեկուսացած եւ առանձին են։ Ան շեշտած է, թէ ծերերը արմատն են, եւ չէ կարելի արմատը անտեսել։ Կարեւոր է որ մենք մեր ուսերուն առնենք «մեր աւանդութիւններու արմատները եւ բարձրանանք լեռ», ինչպէս Էնէաս, որ կորսնցուցած էր ամէն ինչ, եւ առնելով իր հայրը իր ուսերուն վրայ՝ բարձրացած էր լեռ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2020, 15:22