Որոնել

Քարիթաս Քարիթաս 

Ֆրանչիսկոս Պապ.« ժամն է աշխարհին նայելու զօրակցութեան պատուաստանիւթով։»

Ֆրանչիսկոս Պապին Սպանական պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը։

Սպանական Vida Nueva պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց կու տայ, համաճարակի աւարտին, վերականգնելու ծրագիր մը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ան նկատել տալով, որ Քորոնա Ժահրը, ցաւի, տառապանքի պատճառ դարձած է նշած է թէ ժամանակն է, նոր հայեացքով աշխարհին նայելու, տարածելով զօրակցութեան պատուաստանիւթ։

Ֆրանչսկոս Պապ կ՝ընդգծէ նաեւ, թէ չէ կարելի կռնակ տալ ուրիշներուն տառապանքներուն դիմաց։

«Եթէ կայ բան մը որ այս դժուար ժամանակներուն սորվեցանք այն է թէ չէ կարելի մինակ փրկուիլ։ Սահմանները կը փլուզուին, պատնէշները կը քանդուին, եւ բոլոր արմատական ելոյթները կը քակտուին՝ գրեթէ անզգալի ներկայութեան մը դիմաց, ներկայութիւն մը որ կը յայտնէ դիւրաբեկութիւնը, որմով շինուած  ենք։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ համաճարակի աւարտին, վերականգնելու ծրագիրին մտայղացումը կ՝ունենայ  աւետարանին խօսքէն  « հոս չէ յարութիւն առաւ»։

Յիսուսի յարութեան լուրը հասաւ ճիշդ այն ժամանակ երբ կիները, մեր այսօրուան կացութեան նման, գերեզման գացին Յիսուսի մարմինը իւղով օծելու ։ Կիներու այդ գթութեան ժեսթը կը փոխուի։ Անոնց օծումը մահուան համար չէր այլեւ կեանքին համար։  Յիսուս յարութիւն առաւ աւետիսը, առիթ եղաւ կործանելու այն շրջանակը, որ արգելք էր գլորուած քարը տեսնելու։ Սա մեր յոյսն է , որ ճեղք մը կը բանայ մեր ներկայ կացութեան մէջ եւ  թոյլ կու տայ խոխալու տառապանքի իրականութեան վրայ , վերանորոգուած հայեացքով։ Աստուած երբեք չի թողուր իր ժողովուրդը, միշտ ժողովուրդին հետն է յատկապէս երբ ցաւը միշտ աւելի կը դառնայ։

Յօդուած աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է »Չենք վախնար սիրոյ քաղաքավարութեան այլընտրանքը ապրելու, որ է յոյսի քաղաքավարութիւն՝ ընդդէմ վախի, անձկութեան։ Սիրոյ քաղաքավարութիւնը կը կառուցուի ամէն օր՝ անդադար։ Սիրոյ քաղաքավարութիւնը  կարիք ունի բոլորին յանձնառութեան, ան  կ՝ենթադրէ եղբայրներու հասարակութեան յանձնառութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 14:11