Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը 

Սրբազան Քահանայապետը վերստին մօտիկութիւն արտայայտեց Քորոնա ժահրի հիւանդներուն ու սուրիացի գաղթականներուն։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, որոնք կ՛աղօթեն, «բոլորը միացած, անկախ իրենց կրօնական պատկանելիութենէն»։ «Շնորհակալութիւն ձեր այս յանձնառումին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով նաեւ որ այս համաճարակը մեզ մոռցնել չի տայ խեղճ Սուրիացիները, որոնք կը տառապին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մօտկիկութիւն Քորոնա Ժահրի հիւանդներուն ու բժշկական անձնակազմին։ 

Չորեքշաբթի 11 մարտ 2020-ի առաւօտեան, Առաքելական Պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկ խօսք ուղղել Քորոնա Ժահրէն վարակուած բոլոր հիւանդներուն ու շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց՝ «որոնք այս դժուար պահուն, մօտիկ են տանջանքէ տառապողներուն», բժիշկներ, բուժ օգնութիւն մատուցողներ, կամաւորեր եւայլն։

Մօիտկութիւն Սուրիացի գաղթականներուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, որոնք կ՛աղօթեն, «բոլորը միացած, անկախ իրենց կրօնական պատկանելիութենէն։ Շնորհակալութիւն ձեր այս յանձնառումին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով նաեւ՝ որ այս համաճարակը մեզ մոռցնել չի տայ խեղճ Սուրիացիները, որոնք կը տառապին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ. «Տարիներէ ի վեր տառապող ազգ մը։ Անոնք փախուստ կու տան  պատերազմէն, անօթութենէն եւ հիւանդութիւններէն, չի մոռնանք այդ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ու բազմաթիւ մանուկները, որոնք  կը տառապին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։ 

Քաջալերանք Իտալացի ժողովուրդին

Ան ապա քաջալերեց իտալացի ժողովուրդը՝ քաջութեամբ դիմագրաւելու ամէն տեսակ կացութիւն. «Պատասխանատուութեամբ եւ յոյսով» ըսաւ Ան, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Փատովայի “Due Palazzi” բանտի ժողովրդապետութեան։

Շնորհակալութիւն Փատովայի “Due Palazzi” բանտի ժողովրդապետութեան

«Երէկ ստացայ Խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւններու նախագիծը, զոր դուք պատրաստեցիք յառաջիկայ աւագ ուրբաթ օրուայ համար։  Շնորհակալ եմ որ միասին աշխատեցաք բոլորդ, բանտի բոլոր հասարակութիւնը։ Եւ շնորհակալ եմ այդ ձեր խորիմաստ  խորհրդածութիւններուն համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, մաղթելով՝ որ անոնց այս քառասնորդացի շրջանը կարողանան ապրիլ, իրենց հայեացքը ուղիղ սեւեռելով Յիսուսին վրայ,  «որ տառապեցաւ եւ Յարութիւն առաւ», մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2020, 10:32