Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութիւն «Ամէն մէկ մարդկային կեանք՝ անգին է եզակի եւ անկրկնելի է»

«Յարգէ, պաշտպանէ, սիրէ եւ ծառայէ կեանքին. Իւրաքանչիւր կեանքի, ամէն մէկ մարդկային կեանք։ Միայն այդ ճանապարհով է որ արդարութիւն, զրուցում, ազատութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պիտի գտնես (Evangelium vitae, 5)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 մարտ 2020-ին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քորոնա Ժահրի պատճառաւ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին ի տես, շարունակեց Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն գլխաւորել չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մարդկային կեանքին արժէքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«25 տարիներ առաջ,  այս նոյն թուականին՝ 25 Մարտին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը հրապարակեց՝ Մարդկային կեանքի անձեռնմխելիութեան արժէքին հայող՝ «Evangelium vitae – Կեանքի Աւետարան»,  առաքելական շրջաբերականը» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով  Աւետման Աւետարանի  պատմուածքին նշեց որ «Աւետումին եւ Կեանքի Աւետարանին միջեւ կապը խոր ու զօրեղ է, ինչպէս ընդգծեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ վերոնշեալ  շրջաբերականին մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով՝ որ«Այսօր՝ մարդկային կեանքին ու համաշխարհային տնտեսութեան սպառնացող  համաճարակի այս կացութեան մէջ,  Կեանքի Աւետարանի շրջաբերականին բառերը աւելի յանձնառումով կը հնչեն. «Կեանքի Աւետարանը կը կազմէ Յիսուսին պատգամին կորիզը։ Ան ամէն օր սիրով կ՛ընկալուի եկեղեցիէն ու հաւատարիմ քաջութեամբ կը հռչակուի որպէս Աւետիս՝ բոլոր դարաշրջաններու եւ մշակոյթներու մարդոց»։

«Ինչպէս որեւէ աւետարանական հռչակում այս մէկն ալ պէտք է նախ եւ առաջ վկայուի եւ ասոր համար երախտագիտութեամբ է որ կը մտաբերեմ բազմաթիւ անձերու լռելեան վկայութիւնը՝ որոնք տարբեր ձեւերով կը նուիրուին հիւանդներու ծառայութեան, տարեցներուն ու կարիքաւորներուն։ Անոնք Կեանքի Աւետարանը ի գործ կը դնեն Մարիամի նման, որ ընկալելով Հրեշտակին Աւետիսը՝ փութաց Եղիսաբեթին մօտ անոր օգնելու համար» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ  «Կեանքը զոր հրաւիրուած ենք պաշտպանել եւ խթանել վերացական գաղափար մը չէ՝ ան կը յայտնուի անծին մանուկին մէջ, խեղճ մեկուսացուածին մէջ, միայնակ կամ մահամերձ հիւանդին մէջ, գործէ զրկուած անձին մէջ, վտարուած գաղթականին մէջ….» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով՝ որ Իւրաքանչիւր մարդ արարած Աստուծմէ կանչուած է լիութեամբ վայլելու կեանքը եւ Ան յանձնուած ըլլալով Եկեղեցւոյ մայրական հոգատարութեան, անոր դէմ մղուած որեւէ սպառնալիք չի կրնար ազդեցութիւն չունենալ եկեղեցւոյ սրտին վրայ։

«Մարդուն արժանապատուութեան ու կեանքին դէմ սպառնալիքները դժբախտաբար կը շարունակուին նաեւ  մարդկային տիեզերական իրաւունքներու այս դարաշրջանին մէջ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով , որ կը գտնուիք  նոր սպառնալիքներու ալ դիմաց եւ ասոր համար է որ Կեանքի Աւետարանի պատգամը միշտ աւելով այժմէական կը դառնայ».

Ասոր համար անկախ տագնապի իրավիճակներէն, նման անոր որուն մէջ կ՛ապրինք այսօր, պէտք է ներդրում կատարել մշակոյթին ու կրթութեան ոլորտներէն ներս, որպէսզի ապագայի սերունդներուն փոխանցենք կեանքին արժէքները։ Որովհետեւ ամէն մէկ մարդկային կեանք՝ անգին է եզակի եւ անկրկնելի է եւ այս մէկը պէտք է մշտապէս հռչակուի եւ իր գործ դրուի։ Ասոր համար է որ կը կրկնեմ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին 25 տարիներ առաջ ուղղած կոչը. «Յարգէ, պաշտպանէ, սիրէ եւ ծառայէ կեանքին. Իւրաքանչիւր կեանքի, ամէն մէկ մարդկային կեանք։ Միայն այդ ճանապարհով է որ արդարութիւն, զարգացում, ազատութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պիտի գտնես (Enc. Evangelium vitae, 5)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 10:06