Որոնել

Սուրբ Պետրոսի  դատարկ հրապարակը Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը 

«Կը նորոգեմ մօտիկութիւնս բոլոր հիւանդներուն եւ շնորհակալութիւն կամաւորներուն» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Նշենք թէ աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը՝ հակառակ որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ամբողջութեամբ փակ ու դատարկ էր, ուզեց դուրս գալ իր գրասենեակի պատուհանէն, որտեղէն սովոր է արտասանել Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը եւ իր օրհնութիւնը շնորհել աշխարհին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 մարտ 2020ի կէսօրին Առաքելական Պալատի մատենադարանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղելով ըսաւ.«Այս օրերուն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը փակ է, ասոր համար իմ ողջոյնս կ՛ուղղուի ձեզի որ հաղորդակցութեան միջոցներով կապ հաստատած էք»։

Ունկնդրէ լուրը

Համաճարակի այս իրավիճակին մէջ, երբ  ստիպուած ենք ապրիլ քիչ թէ շատ կղզիացած, կանչուած ենք վերագտնելու ու խորացնելու Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները միացնող արժէքները։ Միացած Քրիստոսին՝ մենք միակ չենք, այլ կը կազմենք մէկ Մարմին, որուն Գլուխը Ինքն է։

Միութիւն մըն է՝ որ կը սնանի աղօթքով ու նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան հետ հոգեւոր միութեամբ, որ թելադրուած գործընթաց մըն է, երբ կարելի չէ մօտենալ այդ Խորհուրդին։

Կը նորոգեմ մօտիկութիւնս բոլոր հիւանդներուն ու անոնց խնամք տանողներուն։

Ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն որոնք օգնութեան կը հասնին այն անձերուն որոնք կարող չեն տունէն դուրս ելլել ու բոլոր անոնց որոնք կը հոգան կ աղքատներու ու տնանկներու կարիքներուն։

 «Շնորհակալութիւն։. Աստուած օրհնէ ձեզ եւ Տիրամայրը ձեզ պահապնէ։ Բարեհաճեցէք շարունակել աղօթել ինծի համար։ Բարի կիրակի բարի ախորժակ եւ ցտեսութիւն» ըսաւ Քահանայապետը եզրփակելով Մարեմեան աղօթքը։

Նշենք թէ աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը՝ հակառակ որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ամբողջութեամբ փակ ու դատարկ էր, ուզեց դուրս գալ իր գրասենեակի պատուհանէն, որտեղէն սովոր է արտասանել Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը   եւ իր օրհնութիւնը շնորհել աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2020, 12:13