Որոնել

San-Giuseppe.jpg

«Ով Սուրբ Յովսէփ Տիրոջմէ խնդրէ որ աշխարհը ազատէ ամէն տեսակ համաճարակէ»։ ֆրանչիսկոս Պապ։

Սուրբ Յովսէփ ընկերացիր ընտանիքներուն, Քու աղօթող լռութեամբ վերակառուցէ ներդաշնակութիւնը ծնողներու ու զաւակներու միջեւ: Պահպանէ տարեցները առանձնութենէն: Մխիթարէ ան որ դիւրաբեկ է, քաջալերէ ան որ կը տարուբերուի, ու բարեխօսէ աղքատներուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես Քովիտ 19 ժահրի համաճարակին, Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հրաւէր ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն, իրենց տուներուն մէջ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը` բոլորը միասին, երեկոյեան ժամը 9-ին, ապա  աղօթքին միացնելու  յատուկ նշան մը` պատուհաններուն վրայ զետեղելով յոյսն ու հաւատքը խորհրդանշող՝ սպիտակ  դրօշ եւ վարուած մոմ մը։

Ունկնդրէ լուրը

18 Մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնած էր թէ ինք եւս կը միանայ եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեան, իր կարգին կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, այս առողջապահական արտակարգ տագնապի առթիւ, դիմելու Վարդարանի աղօթքին։

Սուրբ Վարդարանի միասնական աղօթքի նախաձեռնութեան  առթիւ, հինգշաբթի 19 մարտ 2020 յետմիջօրէին, լոյս տեսաւ  Քահանայապետին մէկ պատգամը, որուն մէջ Ան հրաւէր կ՛ուղղէ  չի կորսնցնելու յոյսը ու ընտանիքի մէջ ապրելու  մերձակայութիւնը, հասկացողութեան, համբերութեան ու ներումի միջոցաւ։ Ան ապա կը հայցէ Սուրբ Յովսէփին բարեխօսութիւնը որպէսի պահապան կանգնի Իտալիոյ։

Աղերս առ Սուրբ Յովսէփ

Պաշտպանէ Սուրբ Պահապան մեր այս երկիրը։

Լուսաւորէ հասարակաց բարիքի պատասխանատուները որպէսզի գիտնան – քեզի նման – հոգ տանիլ իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած անձերուն։

Գիտութեան իմաստութիւնը պարգեւէ անոնց, որոնք պատշաճ միջոցներ կ՛որոնեն եղբայրներու ֆիզիկական բարիքին ու առողջութեան համար։

Աջակից եղիր կարիքի մէջ գտնուողներու ծառայողին, կամաւորները, հիւանդապահներ, բժիշկները, որոնք առաջնագիծի վրայ են խնամելու համար հիւանդները նոյնիսկ սեփական անվտանգութեան գնով:

Սուրբ Յովսէփ Օրհնէ եկեղեցին, սկսեալ անոր առաքեալներէն, զայն դարձուր նշան ու գործիք քու լոյսիդ ու բարութեանդ։

Սուրբ Յովսէփ ընկերացիր ընտանիքներուն, Քու աղօթող լռութեամբ վերակառուցէ ներդաշնակութիւնը ծնողներու ու զաւակներու միջեւ ու մասնաւորապէս ամենափոքրերուն։

Պահպանէ տարեցները առանձնութենէն, այնպէս ըրէ որ ոչ մէկը թողուի յուսահատութեան եւ յուսալքումի մէջ

Մխիթարէ ան որ դիւրաբեկ է, քաջալերէ ան որ կը տարուբերուի, ու բարեխօսէ աղքատներուն համար։

Սուրբ Կոյս Մօր հետ միասին` Տիրոջմէ խնդրէ որ աշխարհը ազատէ ամէն տեսակ համաճարակէ: Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2020, 16:00