Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քորոնա Ժահր. Քահանայապետը հրաւիրեց միասին աղօթել Սուրբ Վարդարանը ու հայցել Սուրբ Յովսէփի պաշտպանութիւնը։

Վարդարանի աղօթքով հաւատացեալները պիտի հայցեն Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը, որպէսզի բժիշկներուն ու առողջապահական մարզի գործիչներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն ուժը ու լուսաւորէ գիտնականներն ու կառավարիչները, ապա կորով պարգեւէ տարեցներուն ու մանուկներուն, անոնցմէ հեռացնելով վախը, հուսկ բոլորին ու յատկապէս հիւանդներուն շնորհէ իր զաւկի՝ն Յիսուս Քրիստոսին մխիթարութիւնը»։
Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդարան աղօթելու հրաւէրը։

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 Մարտին առաքելական պալատէն Վատիկան Նիուզ կայքէջի միջոցաւ ուղիղ եթերով ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ցանցի միջոցաւ ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները, յատուկէն յիշեց որ վաղը` 19 մարտին, կը տօնախմբուի Սուրբ Յովսէփի տօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Յովսէփ արդար եւ իմաստուն մարդ

«Ան` կեանքի, աշխատանքի, ընտանիքի, ուրախութեան ու տխրութեան մէջ, միշտ փնտռեց ու սիրեց Տէրը՝ արժանանալով արդար ու իմաստուն մարդ մեծարանքին։ Անոր դիմեցէք դժուար պահերու ընթացքին ու այդ մեծ Սուրբին վստահեցէք ձեր համայն գոյութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Քահանայապետը կը միանայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու կոչին աղօթելու Սուրբ Վարդարանը։

Ան ապա նշեց թէ կը միանայ Իտալացի եպիսկոպոսներու կոչին՝ որոնք այս առողջապահական արտակարգ տագնապի առթիւ, աղօթքի յատուկ պահ մը խթանած են, երկրի համայն տարածքին վրայ։

«Իւրաքանչիւր ընտանիք, իւրաքանչիւր հաւատացեալ, ամէն մէկ կրօնական հասարակութիւն, վաղը երեկոյեան 9-ին բոլորս հոգեպէս միանանք, աղօթելու համար Լոյսի խորհուրդի Սուրբ Վարդարանը»  յարեց Սրբազան Պապը։

Այս ուղղութեամբ նշենք որ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը կոչ ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն, հինգշաբթի երեկոյեան 9-ին, իրենց տուներուն մէջ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը ու աղօթքին միացնելու  յատուկ նշան մը` պատուհաններուն վրայ զետեղելով յոյսն ու հաւատքը խորհրդանշող՝ սպիտակ  դրօշ եւ վարուած մոմ մը։

Վարդարանի աղօթքով հաւատացեալները պիտի հայցեն Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը, որպէսզի բժիշկներուն ու առողջապահական մարզի գործիչներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն ուժը ու լուսաւորէ գիտնականներն ու կառավարիչները, ապա կորով պարգեւէ տարեցներուն ու մանուկներուն, անոնցմէ հեռացնելով վախը, հուսկ  բոլորին ու յատկապէս հիւանդներուն շնորհէ իր զաւկին՝ Յիսուս Քրիստոսին մխիթարութիւնը»։

Սուրբ Կոյս Մարիամ՝ Առողջութիւն հիւանդաց։

«Յիսուսի այլակերպուած ու լուսաւոր դէմքին ու Անոր Սրտին, մեզ կ՛առաջնորդէ Մարիամը, Աստուծոյ Մայրը, հիւանդայց առողջութիւն, որուն կը դիմենք Սուրբ Վարդարանի աղօթքով, Սուրբ Յովսէփի սիրալիր հայեացքին ներքոյ, որ Սուրբ Ընտանիքին ու մեր ընտանիքներուն Պահապանն է։ Անորմէ խնդրենք յատկապէս որ պահապան կանգնի մեր ընտանիքներուն ու հիւանդներուն ու այն անձերուն որոնք հոգ կը տանին անոնց, բժիշկներ, հիւանդապահներ ու կամաւորներ». ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով հրապարակային ունկնդրութիւնը ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 10:16