Որոնել

Խոստովանանք Խոստովանանք 

Քահանայապետը լիակատար ներում կը շնորհէ՝ 27 Մարտի աղօթքի մասնակցողներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացատրած էր՝ թէ «որոշ պարագաներու երբ կարելիութիւնը չի կայ խոստովանանքի խորհուրդին դիմելու, կարելի է ուղղակիօրէն խօսիլ Աստուծոյ հետ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 մարտ 2020-ի կէսօրին Քահանայապետին արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յիշեցուց՝ թէ անոնք որոնք յառաջիկայ ուրբաթ 27 մարտին, հաղորդամիջոցներու միջոցաւ պիտի միանան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին, կարելիութիւնը ունին ընդունելու լիակատար ներումը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին հրաւիրած էր աշխարհի բոլոր կաթողիկէները «մարդկութեան համար սոյն տագնապալից պահուն», հոգեպէս միանալու իր աղօթքին», զոր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ,  յառաջիկայ 27 մարտի երեկոյեան, եւ  որուն կարելի է հետեւիլ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։

Աղօթքը պիտի աւարտի Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութեամբ, որ պիտի կատարուի “Urbi et orbi” այսինքն «Հռոմի ու հայման աշխարհին» կը նշէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը աւելցնելով՝ որ «բոլոր անոնց որոնք հոգեպէս պիտի միանան այդ աղօթքին լիակատար ներում պիտի շնորհուի,  վերջերս՝  Առաքելական Ատեանի կողմէ հրապարակուած հրամանագիրի հիման վրայ»։

Այս առընչութեամբ յայտնենք թէ անցեալ 20 մարտի պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացատրած էր՝ թէ «որոշ պարագաներու երբ կարելիութիւնը չի կայ խոստովանանքի խորհուրդին դիմելու, կարելի է ուղղակիօրէն խօսիլ Աստուծոյ հետ»։

«Ան Քու հայրդ է, Անոր ըսելու ես ճշմարտութիւնը։ Տէր այս ինչ կամ այն ինչ սխալը ըրի…Ներէ ինծի», ու Անորմէ ներողութիւն հայցէ բոլորս սրտովդ, ապաշխարանքի ներգործութեամբ ու խոստանալով որ «հազիւ առիթը ներկայանայ՝ կը խոստովանիմ, այժմ սակայն ներէ ինծի»։

«Այդ պահուն դուն կը վերադառնաս Աստուծոյ շնորհքին» ըսած էր  Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «համաճարակի այս պահուն այս մէկը կարելի է ու պէտք է զղջումի ներգործութիւնը կատարել անկեղծ օրէն, որպէսզի մեր հոգին դարձեալ սպիտակ դառնայ ձիւնի նման»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2020, 10:09