Որոնել

1584876446264.JPG

«Ժահրի համաճարակին պատասխանենք աղօթքի համընդհանրութեամբ». Քահանայապետը հրաւիրեց հայցել Աստուծոյ օգնութիւնը։

Այս դժուար օրերուն մինչ մարդկութիւնը դող ու սարսափի մէջ է համաճարակի սպառնալիքին դիմաց կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները չորեքշաբթի 25 մարտի ժամը 12-ին աղերս բարձրանցելու առ Ամենազօր Աստուծոյ, միասնաբար աղօթելով Հայր Մեր աղօթքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Մարտ 2020-ին, Քորոնա Ժահրի համաճարակի պատճառաւ- առաքելական պալատի Մատենադարանէն արտասանած  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Վատիկան Նիուզ (vaticannews-va) կայքի միջոցաւ, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով  հաւատացեալներուն ըսաւ. «Այս դժուար օրերուն մինչ մարդկութիւնը դող ու սարսափի մէջ է համաճարակի սպառնալիքին դիմաց, կ՛ուզէի բոլոր քրիստոնեաներուն առաջարկել որ իրենց ձայները միացնեն ու զանոնք բարձրացնեն Երեկինք»։

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցիներուն բոլոր Ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն բոլոր առաջնորդները, քրիստոնեայ տարբեր դաւանանքներու հաւատացեալներուն հետ միասին,  կը հրաւիրեմ՝ աղերսելու Բարձրեալին, Ամենազօր Աստուծոյ, միաժամանակ աղօթելով աղօթքը զոր մեր Տէրը Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Կը հրաւիրեմ ուրեմն բոլորը՝ չորեքշաբթի 25 մարտի ժամը 12-ին աղօթելու Հայր Մեր աղօթքը։

“Այս դժուար օրերուն մինչ մարդկութիւնը դող ու սարսափի մէջ է համաճարակի սպառնալիքին դիմաց կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար աղօթելու Հայր Մեր աղօթքը։”

Այդ օր ուր բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը յիշատակեն Սուրբ Կոյս Մարիամին Հրեշտակին կողմէ տրուած Բանին մարդեղութեան աւետիսը, թող որ Տէրը անսայ իր բոլոր աշակերտներու միասնական աղօթքներուն, որոնք կը պատրաստուին տօնախմբելու Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ յատուկ աղօթք եւ «Urbi et Orbi» օրհնութիւն

Այդ նոյն դիտաւորութեամբ, ուրբաթ 27 մարտ 2020ի երեկոյեան 6-ին,  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի հրապարակին վրայ, պիտի նախագահեմ աղօթքի պահ մը։ Այժմէն իսկ կը հրաւիրեմ բոլորդ՝ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ, հոգեպէս մասնակցելու այդ արարողութեան։

Պիտի ունկնդրենք Աստուծոյ Խօսքը, մեր աղաչանքը պիտի բարձրացնենք ու երկրպագութիւն պիտի ընենք Ամենասուրբ Հաղորդութեան որուն հետ աւարտին պիտի կատարեմ «Ուրպի Էթ Օրպի – Հռոմի ու համայն աշխարհին» օրհնութիւնը, որուն հետ կարելի է նաեւ ընդունիլ լիակատար ներումը։

«Ժահրի համաճարակին պատասխանենք աղօթքի համընդհանրութեամբ, գթութեան ու քնքշութեան համընդհանրութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով մնալ միացած ու մեր մօտիկութիւնը ցուցաբերենք միայնակ ու դժուարութեան մէջ ապրող մարդոց։ 

«Մօտիկութիւն բժիշկներուն, առողջապահական մարզի գործիչներուն, Պետական իշխանութիւններուն, որոնք՝ մեր բարիքին համար կը դիմեն խիստ կարգադրութիւններու ու մօտիկութիւն զինուորներուն որոնք կը պահպանեն կարգ ուկանոնը։ Մօտիկութիւն բոլորին» ըսաւ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն յայտնելով նաեւ Խրուաթիոյ բնակչութեան որ այս առաւօտ թիրախ դարձաւ ահաւոր երկրաշարժի մը։ Տէրը անոնց պարգեւէ ուժ եւ զօրակցութիւն դիմագրաւելու համար այս աղէտը»։

Քահանայապետը հուսկ դարձեալ հրաւէր ուղղեց կարդալու Յովհաննէսի աւետարանը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

«Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Բարի ախորժակ եւ ցտեսութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան որտեղէն՝ համաճարակի տարածումէն առաջ սովոր էր արտասանել Մարեմեան աղօթքը ու Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով շնորհեց իր օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2020, 12:18