Որոնել

1584979676153.jpg

«Թող դադրին բոլոր պատերազմները, միասին պայքարինք համաճարակին դէմ». Քահանայապետը միացաւ ՄԱԿ-ի «զինադադարի» կոչին։

Հակամարտութիւնները կարող չեն լուծուիլ պատերազմով։ Անհրաժեշտ է որ հակասութիւններն ու հակադրութիւնները յաղթահարուին երկխօսութեան ու խաղաղութեան կառուցողական փնտռտուքի միջոցաւ:
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 մարտ 2020ի կէսօրին Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի սփռումներով իրեն հետեւողներուն ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  անցեալ օրերու ընթացքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կոչ մը ուղղեց «աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ համընդհանուր եւ անմիջական զինադադարի», վերակոչելով Քովիտ19 ժահրի ներկայ տագնապը, որ սահման չի ճանչնար։

Ունկնդրէ լուրը

Կը միանամ բոլոր անոնց որ ընկալեցին այդ կոչը եւ հրաւէր կ՛ուղղեմ բոլորին ի գործ դնելու զայն, դադրեցնելով ամէն տեսակի պատերազմական թշնամութիւն, թոյլ տալով ստեղծել մարդկասիրական օգնութիւններու նրբանցքներ, բացուելով դիւանագիտութեան ու ուշադրութիւն դարձնելով անոնց՝ որոնք կը գտնուին աւելի խոցելի եւ դիւրաբեկ իրավիճակներուն մէջ։

“կարիքը ունինք զօրացնելու եղբայրական կապերը”

Թող որ համաճարակին դէմ միասնական յանձնառումը բոլորս մղէ գիտակցելու՝ թէ կարիքը ունինք զօրացնելու եղբայրական կապերը, որպէս անդամներ  մարդկային մէկ ու միակ ընտանիքին։

“Հակամարտութիւնները կարելի չէ լուծել պատերազմով՝ այլ երկխօսութեամբ ու խաղաղութեան փնտռտուքով”

Թող այս մէկը յատկապէս պետութիւններու պատասխանատուներուն ու հարցերու մէջ ներգրաւուած միւս կողմերուն մէջ խթանէ  նորոգուած  յանձնառում՝ յաղթահարելու համար զիրար գերազանցելու պայքարը։ Հակամարտութիւնները կարելի չէ լուծել պատերազմով։ Անհրաժեշտ է որ հակասութիւններն ու հակադրութիւնները յաղթահարուին  երկխօսութեան  ու խաղաղութեան կառուցողական փնտռտուքի միջոցաւ։

«Այս պահուս մտածումս յատուկ կերպով կ՛ուղղուի բոլոր այն անձերուն, որոնք կը տառապին խմբային ստիպողական կեանք ապրելու դիւրաբեկութիւնէն. ծերանոցներ,  զօրանոցներ…յատուկ կերպով կ՛ուզեմ յիշել բանտարկեալները։

Մարդու Իրաւունքներու  յանձնախումբին մէկ պաշտօնական գրութիւնը կարդացի, որ կը խօսի բանտերու գերբնակչութեան հարցի մասին, որ կարող է ողբերգութիւն դառնալ»  ըսաւ  Քահանայապետը կոչ ուղղելով իշխանութիւններուն՝ որ «զգայուն ըլլան այս ծանր հարցին նկատմամբ ու դիմեն պէտք եղած միջոցներու, խուսափելու համար ապագայի ողբերգութիւններէն»։

«Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար, եսկ՛աղօթեմ ձեզի համար», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով Մարեմեան  Աղօթքը, ապա ինչպէս նախորդ կիրակիները, ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան՝ որտեղէն սովոր է արտասանել Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2020, 12:12