Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 6 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով գաղթականներուն եւ փախստականներու միջազգային 106-րդ օրուան թուականն ու Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին նիւթն ու տիտղոսը:
«Գաղթականներուն եւ փախստականներու միջազգային 106-րդ պիտի նշուի կիրակի 27 սեպտեմբերին 2020-ին: Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին որպէս տիտղոս ընտրած է«Նման Յիսուս Քրիստոսին, փախչելու ստիպուած» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նորին Սրբութեան պատգամին կեդրոնական նիւթն է ներքին տեղահանուած անձերը, որոնք աշխարհի մէջ կը հաշուեն աւելի քան 41 միլիոն:
Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը բաղկացած է եօթը կէտերէ. Ճանչնալ՝ հասկնալու համար, նեցուկ կանգնիլ մերձաւորին ՝ ծառայելու համար, ունկդրել հաշտուելու համար, կիսել աճելու համար, ներգրաւել զարգագնելու համար , գործացկիլ կառուցելու համար: