Որոնել

Հայր Մեր միասնական աղօթք՝ համաճարակին դէմ Հայր Մեր միասնական աղօթք՝ համաճարակին դէմ 

Այսօր ժամը 12-ին միացնենք մեր ձայները ու «Հայր Մերը» աղօթենք համաճարակին դէմ. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Քահանայապետին աղօթքին կարելի է հետեւիլ ուղիղ եթերով՝ Վատիկան Նիուզի (vaticannews.va) կայքի միջոցաւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 մարտ 2020-ի Առաքելական պալատէն ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան  խորհրդածութեան աւարին, Սրբազան Քահանայապետը,  յիշեցուց թէ քիչ ետք՝ կէսօրին,  Քրիստոնեայ հասարակութիւններու տարբեր Հովիւներ, զանազան քրիստոնեայ դաւանանքներու հաւատացեալներուն հետ միասին, պիտի միանան հոգեպէս, Հայցելու  Աստուծոյ օգնութիւնը «Հայր Մեր» աղօթքի միջոցաւ։

«Այս տառապանքի օրերուն միացնենք մեր աղերսի ձայները Տիրոջ, մինչ աշխարհը թիրախ է համաճարակին։ Թող որ Հայրը՝ բարի եւ ողորմած, ընդունի իր զաւակներուն միասնական աղօթքը, որոնք վստահ յոյսով կը դիմեն իր Ամենակարողութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա նորոգեց հրաւէրը բոլոր քրիստոնեաներուն՝ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ  հոգեպէս մասնակցելու, միւս օր՝ ուրբաթ 27 մարտի ժամը 18ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորելիք աղօթքին, որուն աւարտին նախատեսուած է նաեւ Քահանայապետին «Ուրպի էթ Օրպի – Հռոմի ու հայման աշխարի»  օրհնութիւնը,  որուն շնորհիւ կարելի է ընդունիլ լիակատար ներումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 10:25