Որոնել

1583666856394.jpg

Քորոնա Ժահրի բերումով Ֆրանչիսկոս Պապը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը արտասանեց առաքելական պալատի մատենադարանէն։

Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ինք աղօթքով մօտիկ է բոլոր այն անձերուն որոնք կը տառապին Քորոնա ժահրի բերումով ու բոլոր անոնց որոնք խնամք կը տանին այդ հիւանդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 մարտ 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց Առաքելական պալատի մատենադարանէն եւ ոչ թէ սովորութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն։ Այս կարգադրութիւնը անհրաժեշտ դարձաւ Քորոնա ժահրի վարակումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ առնուած քայլերու ծիրէն ներս։

Նորին Սրբութեան Մարեմեան աղօթքին կարելի եղաւ հետեւիլ Վատիկան Նիուզի եւ Վատիկան Մետիայի (Vatican News - Vatican Media) պատկերասփռումներու միջոցաւ, ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղադրուած  մեծ պաստառներուն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Քորոնա ժահրի տարածումը կանխարգելող որդեգրուած միջոցներու շարքին է նաեւ, հաւաքական վայրերու մէջ մէկու ու միւսին միջեւ  առ նուազն մէկ մեթր տարածքի պահպանումը, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած փոքր թիւով հաւատացեալներուն։

Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան Աղօթքը սկսաւ ողջունելով բոլոր հաւատացեալները ու դիտել տալով թէ Մարեմեան Աղօթքի այդ ձեւը քիչ մը տարօրինակ է, ուր Քահանայապետը  «արգելափակուած է» առաքելական պալատի մատենադարանին մէջ։ «Սակայն ես ձեզ կը տեսնեմ ու ձեզի մօտ եմ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ Մարեմեան աղօթքը կ՛ուզէ սկսիլ շնորհակալութիւն յայտնելով այն խումբին՝ որ ցոյց կ՛ընէ ու կը պայքարի  «Իտլիպի մոռցուածներուն համար»։ «Շնորհակալութիւն ձեր ըրածին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ Մարեմեան Աղօթքը արտասանելու այս ձեւը որդեգրուած է ի յարգանս ժահրի կանխարգիլման ուղիով առնուած կարգադրութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց նաեւ թէ ինք աղօթքով մօտիկ է բոլոր այն անձերուն որոնք կը տառապին Քորոնա ժահրի բերումով ու բոլոր անոնց որոնք խնամք կը տանին այդ հիւանդներուն։  

«Կը միանամ իմ եպիսկոպոս եղբայրներուս,  քաջալերելու համար հաւատացեալները, որպէսզի այս դժուար պահը ապրինք հաւատքի զօրութեամբ, յոյսի վստահութեամբ ու սիրոյ ջերմութեամբ»։

«Քառասնորդացի այս շրջանը մեզ օգնէ աւետարանական իմաստ տալու նաեւ այս դժուար կացութեան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը բարի կիրակի մաղթելով բոլոր հաւատացեալներուն ու հրաւիրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Յայտնենք նեաւ որ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2020, 12:15