Որոնել

Քահանայապետի գրասենեակի փակ պատուհանը Քահանայապետի գրասենեակի փակ պատուհանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 մարտի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը Նորին Սրբութիւնը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն Քահանաներուն որոնք այս տագնապալի օրերուն ընթացքին իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն առաքելական նուիրուածութեամբ ո նախանձախնդրութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 մարտ 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանին մէջ գլխաւորեց vaticannews.va կայքէջի միջոցաւ ուղիղ եթերով սփռուած Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Գլ. 4, 5-42) ուր կը պատմուի Յիսուսին Սամարացի կնոջ հետ հանդիպումի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը Նորին Սրբութիւնը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն Քահանաներուն որոնք այս տագնապալի օրերուն ընթացքին իրենց ստեղծագործութեամբ կը ջանան մօտիկ ըլլալ հաւատացեալներուն, յատկապէս Լոմպարտիա Մարզի քահանաներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն առաքելական նուիրուածութեամբ ո նախանձախնդրութեամբ,  որպէսզի հաւատցեալները իրենզ զիրենք լքուած չի զգան եւ որովհետեւ հասկցան թէ համաճարակի ընթացքին պէտք չէ լքել զանոնք։

Յիսուս կեանքի ակնաղբիւր

Ան ապա մեկնաբանելով  Աւետարանական հատուածը դիտել տուաւ որ «Սամարացիները հերետիկոսներ նկատուած էին հրեաներու կողմէ» ու թէ  Յիսուս՝  այդ սամարացի կնոջ մօտենալով եւ անորմէ ջուր խնդրելով, շրջանցեց խոչնդոտները ու անոր հետ հաստատեց երկխօսութիւն մը, որուն ընթացքին Յիսուս անոր յայտնեց նաեւ իր ինքնութիւնը։

Երկխօսութեան առանցքը կը կազմէ ջուրը։ Ջուրը որ հիմնական տարր մըն է, որ կը յագեցնէ մարմնին պահանջները  եւ միւս կողմէ ջուրը՝ որ կը յատկանշէ աստուածային շնորհքը, որ յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ։

Ան որ փրկութեան ծարաւն ունի կարող է ձրիաբար դիմել Յիսուսին ու Հոգին Սուրբ անոր մէջ պիտի դառնայ լիակատար ու յաւիտենական կեանքի աղբիւր» ըսաւ Քահանայապետը։

Յիսուսին սամարացի կնոջ կատարած կենդանի ջուրին խոտումը իրականութիւն դարձաւ Յիսուսի Զատիկին մէջ. Անոր կողէն արիւն եւ ջուր հոսեցաւ։ Քրիստոս չարչարուած եւ յարուցեալ Գառնը ակնաղբիւրն է, որմէ կը բխի Սուրբ Հոգին, որ կը ներէ մեղքերը ու կը վերակենդանացուած նոր կեանք կը պարգեւէ։

Սամարացի կնոջ նման իւրաքանչիւր անձ որ Յիսուսին կը հանդիպի կը զգայ կարիքը այդ փորձառութիւնը պատմելու ուրիշներուն, որպէսզի բոլորը կարողանան խոստովանիլ՝ թէ «Յիսուս իսկապէս աշխարհի Փրկիչն է»։

Մենք եւս վերակազդուրուած Մկրտութեան միջոցաւ կանչուած ենք վկայելու կեանքն ու յոյսը, որ մեր մէջ կը գտնուին, ու երբ մեր ծարաւը յագեցում գտնէ Քրիստոսի մէջ պիտի կարողանաք յայտնել թէ փրկութիւնը՝ այս աշխարհի իրերուն մէջ չի գտնուիր, այլ Անոր մէջ որ մեզ սիրեց ու մշտապէսս կը սիրէ մեզ. Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Փրկիչը ըսաւ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մշակենք Քրիստոսին իղձը, որ կենդանի ջուրի ակնաղբիւրն է ու միակը որ կարող է յագեցնել կեանքի ու սիրոյ ծարաւը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2020, 12:09