Որոնել

1581498145766.JPG

«Երանի սգաւորներուն որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին». 12 Փետրուարի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Աստուած մշտապէս կը ներէ մեզի։ Այս իրականութիւնը չի մոռնանք։ Աստուած միշտ կը ներէ նոյնինքն ամենագէշ մեղքերը։ Հարցը մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ։ Կը փակուինք մեր մէջ ու ներողութիւն չենք խնդրեր։ Այս է իսկական հարցը»

Եւ պիտի թափեմ Դաւիթի տան վրայ, եւ Երուսաղէմում բնակողի վրայ շնորհքի եւ աղօթքի հոգին. Եւ նրանք պիտի մտիկ տան ինձ, որին խոցեցին. Եւ սուգ պիտի անեն նրա վրայ միամօրի սուգի պէս. Եւ պիտի ցաւեն նրա վրայ, ինչպէս որ անդրանիկի վրայ կ’ցաւեն։ (Զաքարիա 12,10)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շարունակելով երկու շաբաթներ առաջ սկսած Երանութիւններու մասին խորհրդածութիւններու շարքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, չորեքշաբթի 12 փետրուար 2020-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին խօսքը կեդրոնացուց երանութիւններէ երկրորդի վրայ. «Երանի սգաւորներուն որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին» (Մատթ. 5,4)։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Աւետարանին մէջ հասկցուած «սգաւոր» բառին իմաստը, դիտել տալով որ Յունարէն բնագիրին մէջ այդ բայը կը հասկցուի որպէս  «անոնք որոնք իրենք իրենց վրայ կ՛ողբան»։

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոնէական հոգեւորականութեան կեդրոնական վերաբերմունքն է այդ, զոր անապատի Հայրերը, կոչեցին “penthos”, այսինքն ներքին ցաւ մը, որ մեզ կը բանայ Տիրոջ ու մերձաւորին հետ իսկական յարաբերութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Գիրգի մէջ պարունակուած «արտասուք» բառին, որ կարող է ունենալ երկու իմաստ.  մէկու մը մահուան կամ անոր տառապանքին համար արտասուք եւ կամ արտասուք՝ մեղքերու համար, երբ սիրտը կ՛արիւնի զԱստուած ու մերձաւորը վիրաւորած ըլլալուն  համար։

«Ես յաճախ խօսեցայ արցունքներու պարգեւի մասին ու թէ որքան այդ պարգեւը թանկարժէք է« ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով որ սուգը կծու ճանապարհ մըն է, սակայն կարող է օգտակար ըլլալ, որպէսզի մեր աչքերը բանանք կեանքին ու ամէն մէկ անհատի անձեռնմխելի սուրբ արժէքին վրայ, ու գիտակից դառնանք թէ ժամանակը շատ կարճ է» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը որ ապա խօսեցաւ մեղքի համար արտասուքի մասին. Աստուած դաւաճանած ըլլալու համար ու Անոր սիրոյն չի համապատասխանած ըլլալուն համար։

Մտաբերենք Սուրբ Պետրոսին լացը՝ որ զինք մղեց նոր եւ աւելի ճշմարիտ սիրոյ, սէր մը որ կը բիւրեղացնէ եւ կր վերանորոգէ։ Պետրոս նայեցաւ  Յիսուսին եւ լացաւ եւ անոր սիրտը նորոգուեցաւ։ Ի տարբերութիւն Յուդային որ չ՛ընդունեցաւ իր սխալը եւ անձնասպան եղաւ։ «Մեղքը հասկնալը ու զայն ընդունիլը Աստուածային պարգեւ մըն է ու Սուրբ Հոգւոյն գործը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Աստուած մշտապէս կը ներէ մեզի։ Այս իրականութիւնը չի մոռնանք։ Աստուած միշտ կը ներէ նոյնինքն ամենագէշ մեղքերը։ Հարցը մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ։ Կը փակուինք մեր մէջ ու ներողութիւն չենք խնդրեր։ Այս է իսկական հարցը» աւելցուց Քահանայապետը հաստատելով որ «Քրիստոնէական կեանքը ողորմածութեան մէջ կը գտնէ իր ամենալաւ արտայայտութիւնը։ Իմաստուն եւ երանի է ան որ կ՛ընկալէ ցաւը որ կապուած է սիրոյն, որովհետեւ Ան պիտի գտնէ   Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը՝ որ Աստուծոյ քնքշութիւնն է, որ կը ներէ եւ կ՛ուղղէ։

Եթէ միշտ ի միտ ունենանք թէ Աստուած մեզի հետ չի վարուիր մեր մեղքերուն համաձայն ու մեզի չի հատուցաներ մեր անօրինութիւններու համեմատ, կ՛ապրինք ողորմութեան ու գթութեան մէջ ու մեր մէջ կը յայտնուի Սէրը։

«Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ սիրել առատութեամբ։ Սիրել ժպիտով, մօտիկութեամբ, ծառայութեամբ ու նաեւ արտասուքով» ըսւա Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 10:11