Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը աղօթելու Սուրիոյ եւ Չինաստանի համար։

Ես պիտի ուզենայի որ այս պահուն բոլորդ աղօթենք սիրելի մարտիրոս Սուրիոյ համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 12 փետրուար 2020-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները՝ աղօթելու Սուրիոյ եւ Չինաստանի համար։

Ունկնդրէ լուրը

Պպիտի ուզէի որ այս պահուն բոլորս աղօթենք սիրելի մարտիրոս Սուրիոյ համար։ Բազմաթիւ ընտանիքները, բազմաթիւ տարեցներ, մանուկներ ստիպուած են փախչիլ պատերազմէն։ Սուրիան տարիներէ ի վեր կ՛արիւնի։ Աղօթենք Սուրիոյ համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց. Աղօթքն մըն ալ նաեւ մեր չինացի եղբայրներուն համար, որոնք կը տառապին այդ դաժան հիւանդութիւնէն։ Թող որ անոնք հնարաւորին չափ արագօրէն գտնեն անոր դարմանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 10:31