Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Դիրքի, պատիւներու եւ իշխանութեան հասնելու վազքի մէջ ստէպ անտեսուած ու մերժուած են տկարներն ու փոքրիկները»:

ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Pro Petri Sede ընկերակցութեան անդամներուն:

Երկուշաբթի, 24 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց ուխտագնացութեամբ Հռոմ գտնուող Pro Petri Sede ընկերակցութեան անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ընկերակցութեան անդամներուն Սուրբ Պետրոսին հանդէպ ունեցած մեծ սէրին նշելով, որ անոնք սուրբ Պետրոսին շիրիմին մօտ հաւաքուելով կը կատարեն իրենց հաւատքի պարտականութիւնը ՝հոգեպէս վերանորոգուելու համար:

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ յիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն Հռոմ կատարած ուխտագնացութիւնը առիթ է նաեւ հոգեւոր եւ նիւթական նպաստ բերելու ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութիւններուն, որոնք առնչութիւն ունին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդի հովուական ծառայութեան առաքելութեան եւ Սուրբ Աթոռի գործունէութիւններուն հետ:

Ան ապա ակնարկեց մարդկային համապարփակ զարգացման անհրաժեշտութեան նշելով, որ ընկերակցութեան անդամները հետեւելով իրենց նախնիներուն շուքին կը մասնակցին եկեղեցւոյ առաքելութեան, որ կը պայքարի իւրաքանչիւր մարդ անհատի մարդկային համապարփակ զարգացման համար:
Նորին Սրբութիւն հուսկ՝ ընդգծեց, « դիրքի մը հասնելու, պատիւներու եւ իշխանութեան հասնելու եւ դրամ ունենալու վազքին մէջ ստէպ տկարներն ու փոքրիկները մերժուած ու անտեսուած են: Յաճախ աւելորդ ու անարժէք նկատուած են տարեցները, նորածինները եւ հաշմանդամներն ու աղքատները  եւ այս իսկ պատճառաւ եկեղեցին թիկունք կը կանգնի աղքատներուն նախընտրութեան ու անոնց պաշտպանութեան, վստահութիւնը դնելով բարիք կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն վրայ, որոնք կարիքաւոր իւրաքանչիւր անձին կը փոխանցեն Յարուցեալին խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  ապա բարձր արժեւեորելով ընկերակցութեան բարեսիրական գործունէութիւնները նշեց «Եկեղեցւոյ ի սպաս ձեր բարեսիրական բոլոր նպաստներով դուք աղ ու լոյս կը դառնաք՝ բազմաթիւ անձերուն՝ փոխանցելով անոնց կեանքին համը: Իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ընկերակցութեան անդամներուն, սուրբ Պետրոսի յաջորդին թիկունք կանգնելու համար: Այսօր առկայ են բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք կը հային մարդկային ընտանիքին ու անոր հասարակաց տան:» ըսաւ Սրբազան Հայրի ապա շեշտեց հասարակաց տան խնամքին կարեւորութիւնը վերանորոգելով իր կոչը բնապահպանողական դարձին համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա հրաւիրեց ընկերակցութեան անդամները ամուր մնալու իրենց հաւատքին մէջ, դառնալու համար ճրագ, որ յոյս կը ներշնչէ այր մարդոց սիրտերուն: «Սուրբ Պետրոսին նման քաջութիւնը ունեցէք ափին միւս կողմը անցնելու եւ կիսեցէք Քրիստոսի մեզի յայտնած մեծ սէրը: Ըսաւ Ան:

Նորին Սրբութիւն խօսքը աւարտեց բոլորը  յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութեան ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսին ու իրենց երկիրներուն պաշտպան սուրբերուն,  իր առաքելական օրհնութիւն տուաւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2020, 10:11